Երեքշաբթի, 30. 04. 2024

spot_img

Երախտաշատ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնե՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։

Յովհաննէս Թումանեան

Անցած է արդէն մէկ տարի ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿի ղեկավար, ՌԱԿի Համադրուած Մամուլի հիմնասիւներէն, համբաւաւոր մտաւորական, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր՝ ընկ. Երուանդ Ազատեանի կորուստի թուականէն:

Երուանդ Ազատեան նուիրեալ մըն էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որուն աւանդը մեծ է մեր կազմակերպութեան արդի պատմութեան մէջ:

Հայկական դատի անվեհեր մարտիկ՝ ընկ. Ազատեանի կուռ գրիչին պատկանող, խորքային կերպով վերլուծուած  ազգային եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակին նուիրուած յօդուածներու բացակայութեան մասին կարօտով կ՛անդրադառնան այսօր ՌԱԿ-ի մամուլի  ընթերցողներու մեծ ընտանիքը :

Ընկ. Ազատեանին մահուան Ա. տարելիցին առիթով շուտով լոյս պիտի տեսնէ  պատշաճ հրատարակութիւն մը:

«Զ.»

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին