Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Լուրեր

Եգիպտոս

Հանդիպում ՀՀ Դեսպան Հրաչեայ Փօլատեանի Հետ

Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին, ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային, Կոկանեան Սրահի եւ «Արեւ»ի

Վարչութիւններէն պատուիրակութիւն մը,  Գահիրէի Թեմական Ժողովի ու Կոկանեան Սրահի երկարամեայ նախկին ատենապետ՝ տիար Նուպար Սիմոնեանի ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցան Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ տիար Հրաչեայ Փօլատեանի հետ։

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Հրայր Ճղալեան եւ Կոկանեան Սրահի Վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան շնորհաւորեցին մեծարգոյ դեսպանը Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առթիւ, յաջող ու արդիւնաւետ գործունէութեան շրջան մը մաղթելով անոր։

Հանդիպման ընթացքին, մեծարգոյ դեսպանն ու պատուիրակութեան անդամները փոխադարձաբար յայտնեցին ու լայնօրէն քննարկեցին դեսպանատան ու գաղութի կառոյցներուն համագործակցութիւնը հայցող տարբեր ծրագիրներ ու զանոնք իրագործելու գործնական միջոցներ։

Օգտաշատ այս երկխօսութիւնը աւարտեցաւ հետագայ հանդիպումներու երկկողմ խանդավառութեամբ։

                                     «Արեւ»
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին