Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութեամբ Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Կը Շարունակէ Իր Աջակցութիւնը Լիբանանի Հայութեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:

Գոհունակութեամբ կ’ուզենք արձանագրել, որ աշխատանքի առաջին հանգրուանը՝ 1 յուլիս-1 հոկտեմբեր 2021, աւարտած է եւ ֆոնտը հոգացած է 529 պարագայի առողջապահութեան վերաբերող ծախսերը թէ՛ ախտաճանաչման,թէ՛ բժշկական տարբեր տեսակի քննութիւններու եւ թէ հիւանդանոցային բուժման։

Աշխատանքի երկրորդ հանգրուանին համար նկատի առնուած է 15 Նոյեմբեր- 31 Մարտ 2022։

Ֆոնտը պիտի հոգայ միայն ծանր հիւանդութիւններ ունեցողներու բուժման հիւանդանոցային ծախսերը։ Դիմումները պիտի կատարուին ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի «Արին» շէնք, 3-րդ յարկ, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ մինչեւ 13:00:

Անցնող տարիներուն ընթացքին տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս բարձրօրէն կը գնահատէ եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարերարներէն ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը, յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին