Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին Նուէրը Վահան Թէքէեան Վարժարանի Աշակերտներուն

Աշխարհի  մէջ ծայր առած  Քորոնա անողոք ժահրի պատճառած համաճարակն ու տնտեսական ծանր ճգնաժամը անդամահատեց արժանավայել ու մարդավայել կեանքի բոլոր հանգրուանները: Առաւել եւս Լիբանանի համար Պէյրութի աղէտաբեր պայթումը ահագնային երեւոյթ ստեղծեց ուր վնասի երթարկուեցան բազմատեսակ հասարակական ու կրթական կառոյցներ, որոնց անմասն չմնաց Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանը: Անոր առողջ ու եռանդոտ ուսումնական կեանքը անցաւ առցանց դասաւանդման դրութեան, որպէսզի վարժարանը հանգրուան առ հանգրուան վերանորոգուի ու շարունակէ իր կրթական բեղուն գործունէութիւնը:

Երկու տարուան հարկադրաբար բացակայութենէ ետք, Վահան Թէքէեան վարժարանը կը բանայ իր լայն դռները ուսումնատենչ աշակերտութեան առջեւ, որոնք խուռներամ փութացին իրենց տեղերը գտնել վերանորոգուած դասարաններու գրասեղաններուն ետեւ ստանալու համար ուսում եւ կրթութիւն: Արտադասարանային ձեռնարկներն ալ իրենց հերթին, երկար բացակայութենէ ետք վերսկսան վարժարանիս Յ. Պարսամեան հանդիսասրահէն ներս:

Հետեւաբար, վարժարանս այցելութիւն տուող բարեկամներու եւ հիւրերու բարեբաստիկ առիթներով, Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2021-ին վարժարանս այցելեց սփիւռքահայ մտաւորական, հրապարակագիր,  հայ մամուլի  բարեկամ,  նախագահ՝ Դոկտ.  Հրայր  Ճէպէճէան: Անոր այցելութեան նպատակն էր սրտաբուխ նուէրով մը ուրախացնել հայ մանուկները: Անոր կարծիքով, լաւագոյն նուէրը պէտք է ըլլայ  Աստուածաշունչը: Իր նախաձեռնութեամբ ու Արաբական Ծոցի  Աստուածաշունչի Ընկերութեան հովանաւորութեամբ վերջերս լոյս ընծայուած է  «Մանուկին Բացատրական Աստուածաշունչը» հատորը, որ մանուկներու եւ պատանիներու համար մատչելի ոճով, պատկերազարդ հրատարակութիւն մըն է հայ պատանին աւելի  դիւրահաղորդ դարձնելու համար Աստուածաշունչին:

Յարգելի հիւրը մանրամասն բացատրութիւն տալէ ետք գիրքին մասին, ունեցաւ նաեւ փոխադարձ հարցերով ու պատասխաններով սրտամօտիկ եւ աշխոյժ զրոյց վարժարանիս նախ. Բ-էն Միջն. Ա. դասարանի աշակերտներուն հետ:

Կը յայտնենք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները սոյն այցելութեան ու թանկարժէք նուէրին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին