Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

340 Աշակերտներ Նուէր Ստացան «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը.

Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան Երկիրներու Ներկայացուցիչ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

10 Նոյեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Աստուածաշունչի Ընկերութեան Միջին Արեւելեան երկիրներու ներկայացուցիչ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ այս առիթով Մեսրոպեանի 7-12 տարիքի 340 աշակերտներուն նուիրեց Ընկերութեան կողմէ վերջերս հրատարակուած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը՝ հայերէն:

Դոկտ. Ճէպէճեան ընդունուեցաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ հոգեւոր տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի կողմէ, որոնց հետ կայացած հանդիպումին քննարկուեցան հայ մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այդ շրջանակին մէջ Աստուածաշունչի տարածման վերաբերող հարցեր:

Յարգարժան հիւրը շրջայց մը կատարեց Մեսրոպեանի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, մեծապէս գնահատելով տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին յաջողութիւնը՝ Մեսրոպեանը որպէս բարձրամակարդակ հաստատութիւն մը պահպանելուն ուղղութեամբ:  Ան աշակերտներուն անձամբ ներկայացուց «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը, վեր բերելով անոր շարք մը առանձնայատկութիւնները՝ Աստուծոյ խօսքը առաւել պարզութեամբ եւ յստակութեամբ հասկնալու վերաբերեալ:

Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան վաստակաշատ գրող է ու հրապարակագիր եւ միջազգային ու համահայկական մակարդակի վրայ տասնամեակներէ ի վեր աշխոյժ եւ պատասխանատու գործունէութիւն կը ծաւալէ ի խնդիր Աստուածաշունչի տարածման: Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը ինքը միջազգային մեծ կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին