Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2021-ին, ՀԲԸՄ-ի Համայնքային կեդրոնի Նազարեան շէնքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումին նոր տարեշրջանի բացումը: Բացման հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան 60-ամեակին:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան արժանապատիւ տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, Էքլերէոզ տիւ Լիպանի ընդհանուր քոմիսէր Փերուզ Թիւթիւնճեան, քոմիսէր Քալին Առաքելեան, Սքութ Տիւ Լիպանի ներկայացուցիչ՝ Քրիսթինա Քարամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անդամներ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան եւ անդամներ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ծնողաց եւ մայրերու վարչութեանց անդամներ, ՀԵԸ-ի զանազան վարչութիւններու անդամ-անդամուհիներ, միութենականներ եւ ծնողներ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշներով, տողանցելով մուտք գործեց ՀԲԸՄ- ի Համայնքային կեդրոնի Նազարեան շէնքի շրջափակը: Սկաուտական իւրաքանչիւր խմբակ գրաւեց իր դիրքը:

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Քոյր Սերլի Քէօշկերեան՝ (հայերէն), եղբայր Աւետիս Յակոբեան (արաբերէն) բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի խօսքը արտասանեց տոքթ. Վարուժան Մարկոսեանը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան փոխանցեց Միութեան խօսքը: Ան յաջորդաբար թուեց անցնող ամսիներուն ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ փոնկի եւ այլ մարզերու մէջ վերջին շրջանի ՀԵԸ-ի արձանագրած նուաճումները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանին, սկաուտական նոր տարեշրջանի սեմին, ինչպէս նաեւ Նազարեանի շէնքի գերարդիական պայմաններով վերանորոգուած երկու յարկերուն մէջ իրենց գործունէութիւնը շարունակելու առիթով: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Նազարեանին ընտանիքին՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի վերելքին իրենց անսակարկ նուիրումին համար:

AEL-ի քոմիսէր Քալին Առաքելեան փոխանցեց eclaireuses du Liban-ին խօսքը: Քոմիսէր Քրիսթինա Քարամ՝ SDL- Scout du Liban-ի խօսքը:
Խօսքերուն յաջորդեց բանակումի տիպարներուն եւ տարուան տիպար սկաուտներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան գնահատանքով յիշատակեց սկաուտական կեանքէն ակամայ հեռացած «շեֆթէն» Զենա Քարամի, «շէֆ» Սերժ Գարաճեանի եւ «շեֆթէն»Նարին Սերայտարեանի անունները, յաջողութիւն մաղթելով անոնց ապագայ աշխատանքներուն:
Հասած էր խմբապետական փոխանցումներուն պահը: Քոյր Լէա Քոզեան՝ գայլիկական խմբապետուհի, քոյր Սերլի Քէօշկերեան գայլիկական փոխխմբապետուհի: Արենուշներու փոխխմբապետուհիներ՝ քոյր Դալար Թօսունեան, քոյր Սերլի Գարաճեան: Սկաուտներու խմբապետ՝ եղբայր Կարօ Թաշճեան, փոխխմբապետ՝ եղբայր Սերուժ Մարկոսեան: Քառավելներու խմբապետուհի՝ քոյր Փասքալ Գասպարեան, փոխխմբապետուհի քոյր Քլէոփաթրա Սերլի Գալայճեան: Երէցական խմբապետ եղբայր Կարօ Քոթահլեան, փոխմբապետ եղբայր Փիթըր Հելվաճեան:
Յաջորդաբար տեղի ունեցան խմբակային փոխանցումները. երեք թիթեռներ փոխանցուեցան արծուիկներուն, երկու թիթեռներ՝ գայլիկներուն: Հինգ արծուիկներ՝ արենուշներուն: Երեք արենուշներ՝ քառավելներուն: Վեց գայլիկներ՝ սկաուտներուն: Երեք սկաուտներ՝ երէցներուն:
Խմբապետական փոխանցումներուն աւարտին ցուցադրուեցաւ անցնող երկու տարիներու ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի գործունէութիւնը նկարագրող տեսաերիզ մը: Ապա տեղի ունեցան խումբերու փոխանցումները, ուր իւրաքանչիւրը ստացաւ իր «պեճ»ը»
Բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ արժանապատիւ տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանի պահպանիչով, որմէ ետք ներկաները վայելեցին Ծնողաց վարչութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը: