Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ. Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Տոլար` Լիբանանահայութեան Հրատապ Կարիքներուն

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայքէն իմացանք, որ Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին ջանքերով Սեպտեմբեր 2021-ի ընթացքին 1.000.000 ամերիկեան տոլար հաւաքագրուած լիբանանահայութեան օգնութեան համար եւ փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: 
 Լուրը շատերուն համար նորութիւն չէ անշուշտ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին կոչին ընդառաջելը շնորհակալ նախաձեռնութիւն է բնականաբար:  Փոխանցումը ստացած կառոյցն ալ աւելի քան վստահելի է անշուշտ:  Սակայն այստեղ կը ծագի կառուցակարգի վերաբերող հարց մը: «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ-ի տեղական մարմինն ու Լիբանանի նոյնանուն տեղական մարմինը (որուն կ՛անդամակցին լիբանանահայութիւնը ներկայացնող բոլոր կառոյցները անխտիր) նոյն մայր կառոյցին քոյր ենթամարմինները չե՞ն: Երկուքն ալ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի մայր կառոյցին ու նոյն հոգաբարձութեան կամ  տնօրէնութեան իրաւասութեան եւ իշխանութեան տակ գործող  ենթակառոցները չե՞ն: Գիտակցելով, որ այդպէս է, ինչո՞ւ Հիմնադրամի Լիբանանի տեղական մարմինին միջոցաւ չէ, որ կը կատարուի փոխանցումը, գէթ յարգելու համար կառոյցին համահաւասար ենթամարմիններու գոյութիւնը եւ աւելի եւս վստահութիւն խթանելու համար մայր հիմնադրամին աշխատելաձեւին եւ վերահսկողութեան կարողութեան հանդէպ: Ինչո՞ւ այս շրջանցումը կամ երկուութիւնը:
 Վերջապէս, մենք կը հաւատանք, որ  կառուցակարգի մը ամուր եւ համադրուած աշխատանքը տուեալ կառոյցի մը առողջ գոյավիճակը վկայող ազդակ է, որ այս պարագային մեր ժողովուրդին համար աւելի քան կարեւոր է:
 Ստորեւ կը հրատարակենք հաղորդագրութիւնը.
                                                                         «Խմբ.» 

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին ջանքերով Սեպտեմբեր 2021-ի ընթացքին 1.000.000 ամերիկեան տոլար հաւաքագրուած եւ փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններու կարիքները հոգալու նպատակով: Սոյն դրամահաւաքը արձագանգն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի համայն հայութեան ուղղուած կոչին:

Հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու եւ լիբանանահայութեան կողքին: Այս օժանդակութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ սկիզբ առած է տակաւին դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Լիբանանի մէջ խորացաւ տնտեսական ճգնաժամը: Յաջորդ աջակցութիւնը օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն անմիջապէս ետք հիմնադրամին նախաձեռնած դրամահաւաքն էր: Այնուհետեւ սոյն թուականի ապրիլ ամսուն եւս որոշակի դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ տեղւոյն հայ կրթական հաստատութիւններուն` ընդհանուր առմամբ շուրջ 600.000 ամերիկեան տոլար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր երախտիքը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, հիմնադրամի ցանցին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տեղական մարմինին` Armenia Fund Inc. կազմակերպութեան` լիբանանահայութեան գոյապահպանման խնդիրներուն արագ արձագանգելու եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաք կազմակերպելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի անքակտելի մաս հանդիսացող հայ համայնքին` յոյս յայտնելով, որ կայունութիւնն ու բարեկեցութիւնը մօտ ապագային կը վերահաստատուին Լիբանանի մէջ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է` հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին