Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Անհեթեթութեան Տարածման Մեքանիզմը

Տեսանկիւն

Մէկը անհեթեթ գրառում մը կ՛ընէ ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, նշելով, որ իբր թէ 23 տարեկան հայ աղջիկ մը ծեծէր է երեք ազերի երիտասարդ …:

Այս գրառումը կը բաժնեկցուի ֆէյսպուքահայ զանգուածի մը կողմէ: Քանի մը ժամ վերջ այս գրառումը ֆէյսպուքահայ օգտատէրերուն յղում կատարելով աւելի լայն կերպով կը սկսի տարածել անհեթեթութեան մարմնացում զանգուածի մը բաւական ծանօթ ռուսալեզու կայք մը:

Շուտով մէյտան կ՛իջնեն ամէն օր սունկի պէս բուսնող անպատասխանատու հայկական կայքեր անոր տարածումը հասցնելու հազարաւոր այսպէս կոչուած ընթերցողներու…:

Աւելի եւս անհեթեթ ու աճպարարութեամբ զբաղող կայքատէրերու հացին իւղ կը քսուի ու անոնք աղ ու պղպեղ կ՛աւելցնեն այս անհեթեթ ու անաղբիւր լուրին վրայ այդ աղջկան անուն ալ դնելով: Ուրիշ կայքեր ու ամէն դասակարգի պատկանող  անհեթեթ ֆէյսպուքահայեր աղջկան մարտարուեստի վկայականներ ունենալն ալ կը վկայեն (ներառեալ ZartonkMedia կոչուող յերիւրածոյ կայք մը, որ ակներեւօրէն գողցած է 85-ամեայ կենսափորձ ու վաստակ ունեցող մեր թերթին տասնամեակներու վարկ ունեցող անունը ու լկտիաբար կ՛օգտագործէ զայն)…: Ոմանք ալ լուրին հետ բոլորովին անկապ տեսանիւթեր կը կցեն ու անցնելով լրագրական բարոյականութեան ամէն սահման, դէպքին պահուն իրենց աշխատակիցին պատահարին ականատես ըլլալն ալ կը պնդեն…:

Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ բոլորը գոհ ու երջանիկ են այս յօրինուած լուրով մինչ ազգային սնապարծութիւնը կ՛ապրի ատրինալինի խոյանքի մրցանշային աստիճաններով լի  պահեր :

Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէկուզ ինքզինքին, որ եղբայր այդ աղջիկը ո՞վ է, ո՞ւր եւ ե՞րբ պատահած է դէպքը: Ինչո՞ւ ծեծւուտուքի պահը «յաւերժացնող» նմոյշի մը համար նկար չկայ…: Լուրին իսկական աղբիւրը ի՞նչ է եւ որքա՞ն վստահելի: Ծեծուողները ինչո՞ւ լուռ են: Հապա հերո՞սուհին….: Մարտարուեստի 9 միջազգային մրցանքներու այպէս կոչուած դափնեկիրի անունը գէթ մէկ տեղ նշուած չըլլար մարզաշխարհի հետ առնչուած լրատուութիւններու մէջ: Մէկը լսած կամ կարդացած էր դափնեկիր Տիանա Մարտիրոսեանի մը մասին…: Ատեն մը առաջ ալ նոյնանման «աղբիւրներ» «աւետած» էին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լավրովի վրայ շիշ շպրտած հայ աղջիկի մը մասին՛ որ անշուշտ այնպէս ալ չհաստատուեցաւ: Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել ժողովուրդի մը մասին որ կը հրճուի նմանօրինակ սուտ կամ թէկուզ իրաւ լուրերով…:

Յետոյ ալ կը զարմանանք, որ այս ազգին մէկ մասը  ինչպէ՞ս իրենցմէ աւելի անհեթեթը իր վրայ ղեկավար կ՛ընտրէ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Հայաստան, կամ կլանուած է հնդկական ֆիլմերու օդին մէջ թռչելու գերմարդկային կարողութիւններ ունեցող  հերոսներով եւ կը յուզուի թրքական սերիալներ դիտելով…:

Այս բանը սակայն մեզի նաեւ կը մղէ աւելի եւս մտահոգիչ փաստի մը մասին մտածելու: Ինձ իսկապէս մտահոգողը այսօր այն չէ, թէ դէպքը իրապէս պատահած է կամ յօրինուած, այլ՝ այն, որ մենք արդէն կ՛ապրինք պետութիւն չունեցող՝ խումբ մը մարդոց վերածուած հաւաքականութեան մը հոգեվիճակով, որ փողոցի կռիւի յաղթանակ մը կը դասէ ազգային յաջողութեան գրաւական:

Այսպէս ալ ամբոխավարի ինքնագոհութեամբ մը մենք մեզի քարշ կու տանք: Ամօթ մեզի:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին