Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Հրաժարիլը Մերժուելէ Ետք Քննարկումներ Պաշտօնանկ Ընելու Մասին

Տեղեկատուութեան նախարար Ճորճ Քորտահիի ստեղծած փոթորիկը հանդարտեցնելու թղթածրարով այնպէս կ՛երեւի, որ Վարչապետ Միքաթի հաստատակամ է եւ ունի յանձնառութիւն մը, որ պէտք է ի գործ դնէ փրկելու համար իր կառավարութիւնը:

Ամէն բան ցոյց կու տայ, որ դէպի արտերկիր իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին հասկցած է, որ կամ ինքն է, որ պէտք է հրաժարի եւ կամ պաշտօնանկ պէտք է հռչակէ խնդրայարոյց նախարարը:

Լիբանանի սահմանադրութիւնը բարդ գործողութիւն նախատեսած է նախարարի մը պաշտօնազրկման մասին: Ըստ 69րդ յօդուածին, Նախարարաց խորհուրդի երկու երրորդի համամտութենէն ետք նախագահն ու վարչապետը պէտք է ստորագրեն պաշտօնանկութեան հրամանագիրը:

Այսօրուայ տուեալներով սակայն, այնքան ալ դժուար չէ կառավարութեան երկու երրորդի համաձայնութիւնը ձեռք բերելը նամանաւանդ, որ նախագահ Աունի կողմը կ՛ուզէ կառավարութիւնը պահել, փոխարէնը զոհելով Քորտահին:

Ակնկալուածը սցենարը այն է, որ Քորտահիին թիկունք կանգնող Ամալ Շարժումի եւ Հըզպալլայի նախարարները պարզապէս կրնան պոյքոթել նման օրակարգով ժողով մը, որ սակայն օրինական կերպով կրնայ գումարուիլ ու պաշտօնազրկել Քորտահին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին