Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Լրագրողներու Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը Քննարկեց Համահայկական Խորհրդաժողովի Կազմակերպման Հնարաւորութիւնը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը 21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր նիստին ընթացքին ամփոփեց առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած տարածաշրջանային խորհրդաժողովներու արդիւնքները ինչպէս նաեւ  ուսումնասիրեց համահայկական խորհրդաժողովի կազմակերպման հնարաւորութիւնը 2022-ի Գարնան:

Համակարգող խորհուրդը քննարկեց համահայկական յառաջիկայ համաժողովի հնարաւոր թեման եւ օրակարգը, կայացման վայրի եւ թուականի վերաբերեալ առաջարկութիւները, ինչպէս նաեւ որոշեց համաժողովին մէջ ընդգրկուելիք հարցերու վերաբերեալ ստանալ ու ամփոփել հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն լրացուցիչ առաջարկները, եթէ անոնք չեն հնչած առցանց համաժողովներու ընթացքին:

Արձանագրուեցաւ, որ առցանց խորհրդաժողովները ձեւաւորած են ժամանակակից միտումներու հետ համահունչ օրակարգ, որուն նպատակն է զարգացնել հայկական լրատուամիջոցները եւ ապահովել համագործակցութեան շարունակականութիւնը:

Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը կայացնել մինչեւ տարեվերջ:

Լրագրողներու համահայկական համաժողովի օրակարգին լրացուցիչ թեմաներու վերաբերեալ  նիւթերու համար, լրատուամիջոցները համակարգող խորհուրդին հետ կարելի է կապ հաստատել panarmenian.media@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով:

Համակարգող խորհուրդի կազմին անդամներն են. Արամ Անանեանը՝ «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն, Սաթիկ Սեյրանեանը՝ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Տիգրան Յարութիւնեանը՝ «Նոյյան Տապան» լրատուական գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաճեանը՝ լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Շահան Գանտահարեանը՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, եւ Սեւակ Յակոբեանը՝ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին