Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Լիբանանահայութեան Յատկացուած Օժանդակութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին Միջոցով Փոխանցուեցաւ Շատ Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը միշտ ալ ջերմ տեղ գտած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի աղօթքներուն, հոգատարութեան, խորհրդածութեան եւ մտածումներուն մէջ:

Լիբանանահայութեան օժանդակելու նպատակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 22, Սեպտեմբեր 2021-ին, տասն հինգ հազար ամերիկեան տոլար ղրկած է Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան, բաժնելու՝ Համախմբումի վարչութեան մօտ արձանագրուած կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նպաստ գումարը փոխանցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարերարի մը կողմէ։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութիւնը, ինչպէս միշտ հաւատարիմ մնալով Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելու իր առաքելութեան, մեծապէս գնահատելով Լիբանանի ընկերային, քաղաքական, տնտեսական շատ ծանր պայմաններուն մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կատարած իշխանական այս օժանդակութիւնը, անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, պատրաստելով իր մօտ արձանագրուած կարիքաւոր ընտանիքներուն նոր ցանկ մը, բաղկացած Պէյրութի զանազան շրջաններէ, անոնց միջեւ հաւասարապէս բաժնելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օժանդակութիւնը, իւրաքանչիւր ընտանիքի փոխանցելով պահարան որ կը պարունակէ հարիւր ամերիկեան տոլարի գումար մը:

Ուրբաթ, 01, Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամերէն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Էհրամճեան կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ Լիբանան, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի՝ Անահիտ Տանձիկեանի կազմակերպութեամբ և տնօրինութեամբ, օժանդակութեամբ հինգ կամաւոր ծառայող անդամներու, 150 ընտանիքներ պահարանի մէջ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օժանդակութիւնը:

Նպաստ ստացող անհատները, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Էհրամճեան կեդրոնի մուտքին, Համախմբումի վարչական Ալիս Եաղճեան եւ օժանդակ կամաւոր անդամ Սիլվա Յակոբեան, ըստ անձնագիրի կը հաստատէին իրենց անունները պատրաստուած ցանկին վրայ եւ ապա իրենց կը յանձնէին թղթիկի վրայ արձանագրուած թիւ: Ապա անոնք կը ներկայանային կամաւոր անդամ Արեւ Թանաշեանին, անոր ներկայացնելով իրենց անձնագիրը, Արեւը կը լրացներ «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Օժանդակութեան Դիմումնագիրի» տեղեկութիւնները եւ յանձնէր տուեալ թղթիկի համապատասխան Գոհունակութեան Ստացագիրը, ուր նպաստ ստացող անհատները կը լրացնէին զանոնք: Ապա կը ներկայանային կամաւոր անդամ Ռուպինա Ճիկերեանին, եւ յանձնելով լրացուցած Գոհունակութեան Ստացագիրը կը ստանային իրենց յանձնուելիք օժանդակութիւնը, պահարանի մը մէջ ինչպէս նաեւ կրօնագիտական գրքոյկներ, խտասալիկեր, DVD, աղօթագիրքեր եւ Սուրբերու նկարներ, նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի պատմական գիրքեր։

Այս բոլորը անշուշտ տեղի ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի անմիջական յարատեւ հսկողութեան տակ, ամենայն սահունութեամբ:

Բոլոր անդամները ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, սոյն ազգանուէր օժանդակութեան առիթով, մաղթելով արեւշատութիւն, քաջառողջութիւն եւ տարիներու գահակալութիւն Վեհափառ Հայրապետին ։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին