Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Սլաք. Զզուեցուցի՛ք

ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Եթէ որոշած ես ՀՀ-ի քաղաքացիութեան համար դիմել ՀՀ-ի ոստիկանութեան Անձնագրային եւ վիզաների վարչութիւն կոչուած կեդրոնը Երեւանի մէջ (Դաւիթաշէն թաղամաս, ծանօթ է ՕՎԻՐ ռուսերէն յապաւումով), սկիզբէն պատրաստ եղիր երկու ժամի չափ ոտքի կենալ համապատասխան գրասենեակի դուռին առջեւ, վիճիլ ու կռուիլ քեզի նման հոն սպասողներուն հետ, յօժարիլ երեք պաշտօնեաներէն առնուազն մէկուն մշտական բացակայութեան հետ եւ նման ստորացումներու արժանանալ: Յաճախ կը բացակայի նաեւ բացատրող տեղեկատու պաշտօնեան: Ո՛չ հերթի թիւ տուող մեքենայ կայ, ո՛չ հերթագրման որեւէ ձեւ, ով կ՛ուզէ կը մտնէ այդ գրասենեակ ու կ՛ելլէ անկէ, մէկ խօսքով ոչ թէ 21-րդ դարու 21-րդ տարուան համապատասխան մօտեցում կայ, այլ ընդհակառակը՝ հաւանաբար Քրիստոսէ առաջ 21-րդ դարուն իսկ այսպիսի իրավիճակ չէ եղած:

Աւելցնեմ, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժինն ալ շաբթուան 168 ժամերէն կ՛աշխատի ՄԻԱՅՆ ՈՒԹ ԺԱՄ (սխալ չէք կարդար, այո՛, ՄԻԱՅՆ ՈՒԹ ԺԱՄ), այն ալ՝ եթէ շաբթուան մէջ տօներ չպատահին: Այդ բաժինը փաստաթուղթեր վաւերացնելու համար բաց է միայն Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, ժամը 10-էն 12-ը ՄԻԱՅՆ: Այս նախարարութեան երկոտանի պատասխանատուները չե՞ն գիտեր, թէ մանաւանդ աշնան այս ամիսներուն երբ ՀՀ-էն մեկնողներուն եւ ՀՀ ժամանողներուն թիւը մեծ աճ կ՛արձանագրէ, այդ բաժին դիմողներուն քանակն ալ մեծապէս կ՛աւելնայ, եւ փոխանակ բնականոն երկրի մը նման շաբաթը ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԺԱՄ աշխատին, աւելցնեն այդ ժամաքանակները, ինչո՞ւ չէ, աշխատին նոյնիսկ Կիրակի օրերը: Եւ դեռ կ՛ուզէք որ ՀՀ պետական այս ու այլ մարմիններու այսպիսի ծուլութեամբ, անկազմակերպութեամբ, անփութութեամբ ու անկարգապահութեամբ խելքը գլուխը մարդիկ ՀՀ-ի մէջ ներդրումնե՞ր ընեն: Ի՞նչ է, այդ մարդիկը ապո՞ւշ կը կարծէք:

Այս բոլորին համա՞ր ալ մեղադրենք թուրքն ու ատրպէյճանցին, ռուսն ու պարսիկը, եւրոպացին ու ամերիկացին: Եթէ պետութիւն կառավարել չէք գիտեր, վայրկեան առաջ աշոծծեան եղէք իշխանութենէն: Զզուեցուցի՛ք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին