Մանրապատումներ Հայրենիքէն – 1 –
Տեսանկիւն
Վերջերս Ֆէյսպուքի վրայ լայնածաւալ գովազդ մը կը տարածուի, որ կը ներկայացնէ հայկական նոր ժամացոյց մը: Ըստ մեծ աղմուկով յայտարարուածին ու ժամացոյցին մէջ նշուածին, ժամացոյցը կ՛ընդգրկէ Տիգրան Մեծի նկարը (տեսնել նկար 1).
Առաջին հայեացքով ինծի համար պարզ էր,որ ժամացոյցին մէջի պատկերուածը Մեծն Տիգրանի մետաղադրամի նկարը չէ, ուր Տիգրանը, ոչ մէկ կերպով կը նմանի ժամացոյցի մէջի թագաւորի նկարին (տեսնել նկար 2).

Մտածեցի, որ պայման չէ ժամացոյցին մէջ անպայմանօրէն Մեծն Տիգրանի մետաղադրամին նկարը օգտագործուած ըլլայ: Ես ինծի ըսի, որ կրնայ ըլլալ արուեստագէտի մը պատկերացումն է այդ, այնպէս ինչպէս ինք Տիգրանը կ՛երեւակայէ (արուեստի պատմութեան մէջ կայ այս երեւոյթը):
Սակայն աւելի խորը զննելով անդրադարձայ, որ Մեծն Տիգրանին վերագրուած ժամացոյցին մէջի դէմքը իր կզակին տակ մօրուք ունի…:
Շուտով յիշեցի, որ կարելի չէ Տիգրանը նկարել մօրուքով, որովհետեւ ըստ պատմագիտութեան, Տիգրան Մեծը դրամներու վրայ յաճախ պատկերուած է կիսանդրիի չափով, դասական արուեստի իրապաշտ ոճով, երիտասարդ դիմագիծերով, Արեւելքի հելլենիստական միապետերու նման ածիլուած երեսով…:
Ուրեմն որուն է, որպէս Տիգրան Մեծի նկարը պարունակող գովազդուած ժամացոյցին մէջի թագաւորին նկարը:
Քիչ մը պրպտելէ ետք ինծի համար պարզ դարձաւ, որ ժամացոյցին մէջի պատկերուածը աւելի մօտ է Արտաշիսեան հարստութեան Տիգրան Մեծ Արքայից Արքայ թագաւորի որդիին՝ Արտաւազդ Բ.ին մետաղադրամին (տեսնել նկար 3).

Հետեւաբար ժամացոյցը պատրաստողներուն մէջ շփոթ մը կար, որ յանգած է այս անհաճոյ արդիւնքին:
Մանրապատումս եզրափակելով վերջապէս գրեմ, թէ ըսածս ի՞նչ է.
Մատնանշածս մեր մօտ արմատաւորուած փնթիութեան մէկ նոր չափանիշն է, որ ըստ ինծի պատճառներէն մէկն է մեր ժողովուրդին գլխին եկած ամենայն չարիքի:
Ինծի համար անհասկնալի երեւոյթ է, որ ինչպէ՞ս այս ժամացոյցներու արտադրութեան պատուէրը դնող կողմը չստուգեր, թէ պատկերուած նկարի գծագիրը ճի՞շդ է եւ կը համընկնի՞ պատմագիտական տուեալներու հետ: Թէ մեր փնթիութիւնը պիտի հասնի հոն, որ աղաւաղէ նաեւ մեր մշակութային պատմութիւնը եւ անոր խորհրդանիշերուն մասին ունեցած մեր տարիներու պատկերացումը…:
Արտադրութիւնը կը շարունակէ պահանջ ունենալ, որպէս Տիգրան Մեծի նկարը պարունակող ժամացոյց: Որքան առեւտրական լաւ թեքնիք (օգտագործելու պատմական մեր խորհրդանիշերէն մին) սակայն այնքան անհոգ եւ անպատասխանատու մօտեցում, զայն արտադրելու պատուէրը դնողներուն ու անխնայ ծախողներուն կողմէ: