Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միաբանական Հաւաք Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ միաբանական հաւաք տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորին Սրբութիւնը Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13-րդ գլխուն 5-7 համարները ու Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով՝ շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու հրամայականը: «Այս երկու տարածքները մարդու կեանքին սերտօրէն ընդելուզուած են, այլ խօսքով՝ հաւատքը հաւատարմութեամբ ինքզինք կ՚արտայայտէ ու հաւատարմութիւնը նուիրումով ու ծառայութեամբ կը թարգմանուի», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Անդրադառնալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ ահաւոր դժուարութիւններուն, ան շեշտեց համայնքին գործնապէս նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս, ան ողջունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն մէջ տեղի ունեցող հանգանակութիւնը եւ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ներկայութիւնը, հակառակ համաճարակի ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն: Հայրապետը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է իր ժողովուրդին կողքին, նոյնիսկ ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ, որովհետեւ «ժողովուրդին ծառայելով է որ եկեղեցին կը դառնայ ճշմարտօրէն եկեղեցի»:

Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանները Վեհափառ Հայրապետին հետ երէկ ունեցած իրենց հանդիպումէն ետք, այսօր հանդիպումներ ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային Վարչութեան հետ՝ մօտէն հաղորդ դառնալու լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն:

Միաբանական հաւաքէն ետք, ներկայութեամբ Նորին Սրբութեան, միաբանական ընթրիք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին