Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
- Անթառամեան Ռիչըրտ, «Հաւատքի միջնորդներ, կայսրութեան միջնորդներ. Հայերը եւ Օսմանեան կայսրութեան բարենորոգութեանց քաղաքականութիւնը», Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Գալիֆորնիա – ԱՄՆ, 2021, 224 էջ (անգլերէն):
- Բաղդասարեան Էդիկ, «Հայ մասոնութեան պատմութիւն», Ա., Բ. եւ Գ. հատորներ, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների կենտրոն, Թորոնթօ, 2021, համապատասխանաբար՝ 422, 444 եւ 458 էջ: Հրատարակութիւնները լոյս տեսած են հեղինակին «Գաղտնիութեան շարք» մատենաշարով իբրեւ շարքի Ը., Թ. եւ Ժ. հատորները:
- Լալայեան Վահրամ, «Գրիգոր Նարեկացու «Մատեան ողբերգութեան» երկի խորհրդաբանական ընկալումները ԺԳ.-ԺԸ. դդ.-ում», խմբագիր՝ Ամալիա Գրիգորեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (յառաջաբան, երկու գլուխ, վերջաբան, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ): Հատորը Արցախեան վերջին պատերազմի նահատակ հեղինակի թեկնածուական ատենախօսութիւնն է: Հրատարակուած է Հայկական ուսումնասիրութեանց ընկերակցութեան (SAS, ԱՄՆ) հովանաւորութեամբ:
- Խեմչեան Էսթեր, «Տաւուշի բանահիւսական ժառանգութիւնը», ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 232 էջ (ներածութիւն, երեք գլուխներ, հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկեր, յաւելուած՝ աղիւսակներով ու այլ նիւթերով):
- Կիւրեղեան Ժան-Վարուժան, «Հայկական պատմական հայրենիքը Թուրքիոյ մէջ», «Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, դեկտեմբեր 2020, 238 էջ (13,5 x 21,5 սմ.) (հայոց հայրենիքի գրաւեալ տարածքներու պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները՝ 300 սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներով) (ֆրանսերէն):
- «Համահաւաք ատենագրութիւններ Թուրքիոյ հայոց Ազգային երսփոխանական ժողովի համագումար Ազգային ժողովի եւ Համազգային խորհուրդի (1919-1922)», Ա. եւ Բ. հատորներ, խմբագրեց, ծանօթագրեց եւ ընդարձակ ներածականը հեղինակեց Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմաութ – Ա. Մ. Ն., 2021, միասնական համարակալումով lxv + 1432 էջ (կոթողային աշխատանք մը. բազմահարիւր ծանօթագրութիւններ, Բ. հատորը բաղկացած է 223 յաւելուած-փաստաթուղթէ եւ օտար բառերու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Ազգային ժողովի եւ Համազգային խորհուրդի, Ազգային երեսփ. ժողովի օրակարգերու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերէ եւ օգտագործուած աղբիւրներու մասնակի ցանկէ): Հատորները առայժմ տպագիր չեն, այլ կազմուած են էլեկտրոնային տարբերակով:
- Յակոբեան Թադեւոս, «Պատմական Հայաստանի քաղաքները», գլխաւոր խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, խմբագիրներ՝ Յարութ Պէրպէրեան եւ Նորա Բարսեղեան, հրատարակիչ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթ, տպագրութիւն TLC Global-ի, Մոնրէալ, 2021, 269 էջ (Հայաստանի արեւմտեան հատուածի ու Պարսկահայքի 72 քաղաքներու եւ աւաններու տեղագրութիւնը, անոնց առնչուած պատմական իրադարձութիւնները, քաղաքի կենսապայմանները եւ այլն, Հայկական Բարձրաւանդակի քարտէսը): 1987-ին Երեւանի մէջ արեւելահայերէն, աբեղեանական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած գիրքի արեմտահայերէնի, դասական ուղղագրութեան վերածուած տարբերակն է: Հրատարակութեան մեկենասն է Մոնրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը:
- Յարութիւնեան Սարգիս, Համբարձումեան Հայկ եւ ուրիշներ (կազմողներ), «Ռոստամ Զալ – Հայ-իրանական դիւցազնավէպը», խմբագիրներ՝ Հայկ Համբարձումեան եւ Հայկանուշ Մեսրոպեան, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 (1880-1974 ժամանակաշրջանին Հայկական Լեռնաշխարհի տարբեր վայրերէ գրի առնուած եւ տպագրուած ու անտիպ պատումներու տարբերակներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
- Ստեփանեան Խաչատուր, «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930-ական թթ.)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 16, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2021:
- Քլիցպերովա Լենքա, Քութիլովա Մարքեթա, «Վերջինը կը հրկիզէ գիւղը. Պատերազմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», «Ունիվերսում» հրատարակչութիւն, Փրակա, 2021 (2020-ի աշնանային հայ-թրքական պատերազմին մասին) (չեխերէն):
- Փանոսեան Թամար (աշխատասիրեց), «Հայերէն-պարսկերէն-անգլերէն առածներ եւ ասացուածքներ», խմբագիր՝ Էդիկ Բաղդասարեան, հրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների կենտրոն, Թորոնթօ, 2021, 194 էջ: Թամար Փանոսեանի աշխատասիրութեամբ եւ Էդիկ Բաղդասարեանի խմբագրութեամբ Թորոնթոյի մէջ 2021-ին անջատաբար լոյս տեսած են նաեւ «Հայերէն-պարսկերէն առածներ եւ ասացուածքներ» եւ «Հայերէն-անգլերէն առածներ եւ ասացուածքներ» գիրքերը՝ համապատասխանաբար 142 եւ 118 էջ ծաւալով:
***
Յետգրութիւն. Նոր հրատարակութեանց նախորդ ցանկին մէջ իր գիրքին մասին լոյս տեսած հրապարակման առթիւ հետեւեալ գրութիւնն ստացած եմ տիկ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանէն՝ CORRECTION վերնագիրին տակ.
Եթէ գիրք մը անգլերէնով է, պէտք էր դնել խորագիրը անգլերէնով, ապա` թարգմանութիւնը, պայմանաւ որ թարգմանողը բաւարար անգլերէն և հայերէն գիտնայ …
Գիրքիս խորագիրն է.- Islam in Armenian Literary Culture, Texts, Contexts, Dynamics –Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ. Բնագիրներ, հիմնավայրեր, ուժընթաց
ՈՉ ԹԷ անճանաչելի.- Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ. բնագիրներ, համաշարադրանքներ, յարաշարժութիւն