Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Պասքեթպոլ

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ Տղոց Խումբը Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց կազմը  փայլուն  եղանակ մը եւս բոլորեց, Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական փուլի մրցումներուն, արձանագրելով  յաջորդական երրորդ յաղթանակը եւ  բարձրացաւ Ա. դասակարգ:

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս  2021-ի երեկոյեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 70-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճուփիթըրը եւ ապահովեց   յառաջիկայ  տարեշրջանին  Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելու իր ուղեգիրը:  Մրցումը  տեղի ունեցաւ  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ:

Կիսաւարտական փուլի վերջին   հանդիպումին, ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի մրցակիցը պիտի  ըլլայ  Տինամօն: Յաղթական խումբը  պիտի շահի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը:

Ջերմօրէն  կը շնորհաւորենք   ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի   մարզիկները, գլխաւոր մարզիչ Ժորժ Աքիքին, օգնական մարզիչ՝ Ալֆրետ Միքայէլը, խումբի պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանը, բժիշկ՝ Ճիուսեփէ Հատտատը եւ համայն   համակիրները այս  յաջողութեան առիթով:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք  ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին