Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Յակոբ Կարապենց

Յակոբ Կարապենց (9 Օգոստոս 1925, Թաւրիզ – 20 Հոկտեմբեր 1994, Պոսթըն), հայ արձակագիր։

Ծնած է Թաւրիզ։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Թեհրանի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Միացեալ Նահանգներ (Քոլումսլիա համալսարան, լրագրութիւն եւ հոգեբանութիւն)։ Գործած է լրագրական ճիւղի մէջ (ձայնասփիւռ)։ Կարապենցի կրթութիւնը եղած է խառն. ըստ անոր կենսագիրին նաև յաճախած է՝ ռուսական մանկապարտէզ, տարրական կրթութիւնը եղած է ֆրանսական ու հայկական՝ Սէն Վենսան Տը Բոլ, ապա հայկական Հայկազեան–Թամարեան, միջնակարգը՝ պարսկական ու ֆրանսական /Սէն Լուի ճեմարան/, իսկ բարձրագոյն եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը՝ Քանսաս Սիթիի (Միզուրի) եւ «Գոլոմպիա» համալսարաններուն մէջ (Նիւ Եորք)։

Պատանի տարիքէն սկսած է գրական փորձերը. տոգորված էր իր ծննդավայրի ազգային եւ գաղափարական կենարար շունչով՝ կը գրէր հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Ալիքի» մէջ։

Ամերիկեան թերթերու մէջ գրել սկսած է կանուխէն. աշխատակցած է հայ մամուլին իր քերթուածներով, պատմուածքներով եւ փորձագրական յօդուածներով։

Առաջին հատորը՝ 1970-ին, հրատարակած է «Անծանօթ Հոգիներ» պատմուածքներու շարքը, 1972-ին՝ «Կարթագէնի Դուստրը» (վէպ), 1975-ին՝ «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները»։ 1981-ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու իր վերջին հատորը՝ «Միջնարար»։ Հրատարակելի գործերն են «Ադամ Նուրհան» (ժամանակակից վէպ), «Եւ Ղօղանջ Յաւերժական՝ Պարոյր Սեւակ» եւ փորձագրութիւններ՝ «Կիրակնօրեայ Հաղորդագրութիւններ» անունին տակ։

Աւելի ուշ տրուած իր պատմուածքը՝ «Որեւէ Տեղից Մինչեւ Այստեղ», իր առաջին քանի մը տողերով կու տայ գիրք ծննդոցն ու նկարագիրը գրական իր ամբողջական վաստակին։

Մահացած է 1994, Միացաեալ Նահանգներ։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին