Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Յունիս 20-էն Ետք

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Տեսակէտ

2020 տարին եղաւ հասութաբեր տարի ձախողութիւններով, դաւադրութիւններով, պարտութիւններով, հիւանդութիւններով, արգելափակումներով եւ հազար ու մէկ դժուարութիւններով լի, որոնց հետեւանքները տակաւին կը քաշքշենք մինչեւ այսօր, 2021 թուականը, որն ինքնին կարծէք շարունակութիւնը կը թուի ըլլալ 2020-ին: Չենք գիտեր ո՞ր կողմը այպանել, պատճա՞ռը թէ պատճառ դարձողը: Այս բոլորին վրայ յաւելեալ, վրայ եկաւ հայրենական «ազատազրկման» եւ պապենական հողերու կորուստի պատերազմը, որն, ըստ վերջին  տեղեկութիւններուն, կը ծրագրուէին եւ կը պատրաստուէին գոնէ երկոտասնեակ մը տարիներ առաջ, շնորհիւ մեր նախկին «խորամանկ» կամ՝ «խելացի» ղեկավարներուն, ներկայ ղեկավարին գլխուն փաթթելու համար անոնց գործադրութիւնը:

Իսկ թէ որ մենք, սփիւռքահայերս եթէ տեղեակ էինք այդ բոլոր իրադարձութիւններէն, մասնաւորապէս հայրենիքի անկախացումէն ետք, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու բազում այցելութիւններէն ետք, բաւականին իմացական պաշար հաւաքուած պէտք էր ըլլար հասկնալու համար անոնց նպատակները: Կարծենք:

Ամէն տարի, որոշ թուականներով, այս կամ այն ղեկավարը մէկէ աւելի այցելութիւններ կու տար Միացեալ Նահանգներ, շատ յաճախ «հայրենիքի օգնութեան» հանգանակութեանց (որոնց արդիւնքը ընդհանրապէս չէինք տեղեկացուէր) կամ՝ պարզապէս դիւանագիտական եւ քաղաքական այցելութեանց համար, որոնք կրկին առիթ կը ստեղծէին նորանոր նման հաւաքներու, գաղութներու համայնքներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ:

Տարիներ առաջ, պարագայ մը կը յիշենք յստակօրէն,  ուր հայրենի պետական ղեկավարը, Լոս Անճելըսի նշանաւոր հայկական սրահի մը մէջ, պատասխանելով սփիւռքահայու մը հարցումին ըսաւ « դուք փողը տուէ՜ք, մենք գիտենք ինչ կ՝անենք»: Ապագային իմացանք թէ ինչ ըրաւ այդ ղեկավարը իրեն վստահուած փողերը:

Մէկ այլ պարագայ արժանի է յիշատակման, որ կրկին պատահած էր մեր ներկայութեան:

Տարեկան նոյնանման հանդիպումներէն էր, Արցախի ղեկավարներէն մէկուն հետ: Անձնապէս հարց տրուեցաւ այդ ղեկավարին թէ այն Արցախեան շրջակայքի «ազատագրուած 7 տարածքները» պիտի կարողանա՞նք պահել եւ Արցախը ճանաչուի որպէս անկախ պետութիւն:

Պատասխանը այնքան վստահեցուցիչ եւ հաստատ էր որ տարակուսանքի տեղի չէր տար հակառակ անոր որ բոլորս քաջ գիտէինք թէ՝ աշխարհն ամբողջ, Ռուսիան ներառեալ, որ մեր պաշտպանը կը նկատուէր, թէ՝ այդ հողերը առաւել եւս Արցախը կը նկատուէին՝ (ըստ միջազգային օրինական արձանագրութեանց), Ատրպէյճանական տարածք 1920-ական թուականներէն ի վեր, շնորհիւ սովետ միութեան քաջարի «հերոս» Սթալինի զազրելի արարքին, որուն դիմաց այն ժամանակի հայ ղեկավարները ոչինչ կարողացան ընել: Իսկ անոնցմէ շատերը մինչեւ այսօր զարմանալիօրէն կը փառաբանուին:

Միջազգային դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքականութիւնը արդեօ՞ք հիմնուած են միա՜յն ստախօսութեան եւ խաբեբայութեան վրայ եւ հայ իշխանաւորները վարակուած անոնցմէ,  սնանելով ու պարարտանալով, հեռակայ անցեալէն սկսեալ մինչեւ այսօր, անտեսելով հայ ազգին կենսական պահանջքը եւ ազգային պահպանման առաջնահերթութիւնը:

Այսօր, այդ բոլոր ղեկավարները, որոնք «մէկ փապուճնին ամերիկա մոռցած էին» կամ մէկ այլ երկիր, կը վայելեն ճոխ ու զեխ կեանք գերազանցելով «հազար ու մէկ գիշերներու»  վայելքը եւ առանց որեւէ ամօթխածութեան, տակաւին կը համարձակին կրկին մտնել քաղաքական դաշտ, «պակասը լրացնելու կիրքով»: Հայ ժողովուրդը այնքա՞ն ալ անտարբեր պիտի ըլլայ զիրենք կրկին բերելու քաղաքական ղեկավարութեան դաշտ:

Հայրենի ժողովուրդը արդեօք կա՞մքը չունի դիմադրելու թէ՝ կարողութիւնը:

Մօտ երկուք ու կէս  տարի առաջ, հայրենիքին մէջ կատարուած թաւշեայ յեղափոխութեան պարծանքով ու հպարտութեամբ փքուած ուռած սկսանք հովուերգել ու փառաբանել գլուխ գործոցները: Երգեր հիւսեցինք ու «դէմոկրասիա» «Democracy» գովեցինք :

Վայ եկեր է գլխիդ հայ ժողովուրդ: Դուք չիմացաք թէ ի՞նչ է  հայկական եւ արեւմտեան «դէմոկրասիա»-ներուն տարբերութիւնը, ուր արեւմտեան «դէմոկրասին» ընտրեալ գաղափարներով թելադրիչ կամ պարտադրիչ է, մինչդեռ մենք՝ հայերս, կը հաւատանք թէ ան պէտք է ըլլայ ազատ ժողովրդավարական: Այդպէս չէր ու չէ մեզի հրամցուած արեւմուտքին այդ  շպարուած  դէմոկրասիան: Մենք ուրախ զուարթ, պարելով ու երգելով կուրօրէն հետեւեցանք  արեւմուտքին նուիրած այդ պիղծ քաղաքակրթութեան, երգ ու պարին, առաջարկած «չնաշխարհիկ» հագուստ-կապուստին, մօտ քսան տարիներէ ի վեր հայրենիքի մէջ գաղտնօրէն կամ բացայայտօրէն սողոսկած NGO-ներու թելադրանքներուն, աղանդներու, միասեռականներու, այլախոհներու, թմրանիւթի ցանքերու վաճառականներու եւ զանազան ու  զարմանազան կազմակերպութիւններու ներթափանցումներուն եւ հետեւելով անոնց «եղբայրական» ու «մարդկային իրաւունքներու» կեղծ լոզունգներուն որոնք կը կիրարկուին միայն մեզ նման փոքր ու տկար ազգերու գլխին:

Հաւատացինք այդ «մեծ տէրութիւններու» խոստումներուն ու թելադրանքներուն: Մեծագոյն հաւաքներ կազմակերպուեցան հայրենիքի կամ արտասահմանի մէջ գովաբանելով այդ ազգերու ղեկավարները որոնք Հայաստանի ո՞ւր ըլլալը նոյնիսկ չէին գիտեր: Եկան, տեսան Հայաստանը եւ գովեցին ու «չափազանց» գնահատեցին հայրենի իշխանութիւնները իրենց առած քայլին համար: Բայց այսօր, երբ իրենց օգնութեան կարիքը ունեցանք, ո՞ւր էին անոնք: Որեւէ գործնական օգնութիւնը ստացա՞ւ հայ ազգը այդ երկիրներէն իր պատերազմի ամենադժուարին պահուն, բացի՝ ցաւակցական անիմաստ խօսքերէ, խրատներէ, յորդորներէ եւ վէրքի փաթթոցներէ: Հայկական առածը կ՝ըսէ «եթէ եղունգ ունիս գլուխդ քերէ»: Ատկէ աւելին՝ այդ նոյն երկիրներէն որեւէ մէկը չ՝այպանեց կամ դէմ չկեցաւ Ատրպէյճանի յարձակումին, որովհետեւ՝ անոնք իմացած էին թէ այդ տարածքները Ատրպէյճանի կը պատկանէին: Իսկ այսօր, անոնք կրկին ոտքի ելած են որպէս Հայաստանի պաշտպան:

Յոյսերնիս դրած էինք մեր «պաշտպանին» վրայ: Այդ եւս ի դերեւ ելաւ: Իսկ աւելին՝ ունեցածնիս եւս կորսնցուցինք: Եթէ մեր մօտակայ պաշտպան բարեկամ հարեւանը չ՝օգնեց մեզ, ուրեմն ի՞նչ կրնայինք ակնկալել մեր հեռակայ բարեկամներէն, որոնք այսօր կը ջանան ոտք դնել մեր հայրենի հողերուն վրայ, «խաղաղապահներու» անուան տակ:

Կարծէք այդ բոլորը չէին բաւեր, այսօր կը խօսինք Սիւնիքի եւ Մեղրիի մասին:

Հայրենական հողերը թիզ առ թիզ կը պոկուին հայ ժողովուրդէն հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով կամ պատրուակներով որոնք անտանելի եւ անհանդուրժելի կը դառնան այլեւս: Դարաւոր հայկական հողեր կ՝իւրացուին թաթարական քոչւոր ազգերու կողմէ եւ այդպէս կոչեցեալ «մեծ տէրութիւնները» յանուն իրենց քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերուն կը զոհեն ազգ մը առանց  գիտակցութեան թէ՝ օր մը օրանց այդ թուրքը, թաթարը կամ մոնկոլը պատուհաս պիտի դառնան իրենց իսկ գլխին:

Արդեօք մեզի ի՞նչ կը խոստանայ ապագան: Ազգովին տակաւին չենք կարողացած իւրայատուկ միացեալ քաղաքականութեան տէր դառնալ, հայրենիքը քաշքշելով իւրաքանչիւր ղեկավարի թեքման կողմ: Պարզապէս խաղալիք դարձած ենք մեծ տէրութիւններու քմահաճոյքին եւ անոնց քաղաքական շահարկումներուն: Մոլորած հոտի նման մէյ մը այս կողմ մէյ մը միւս, կը թոթովենք այդ «մեծ» տէրութիւններու թելադրանքներն ու հրահանգները, շնորհիւ մեր հայրենիքի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններու ղեկավարութեանց անմիաբանութեան: 

Կ՝աղօթենք ու սրտանց կը մաղթենք որ մեր հայրենիքը ունենայ անաղարտ, հարազատ եւ ազգին նուիրեալ մաքուր եւ միահամուռ ղեկավարութիւն, մեր ազգի պահպանման ի սիրոյն:

Պատմութիւնէն դասեր քաղել է անհրաժեշտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին