Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան Այցելեց Լիբանան
Վերջերս ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հրաւէրով Լիբանան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Յատուկ Յանձնարարութիւններու Գծով Ներկայացուցիչ Սփիւռքի Հարցերով Ազատուհի Սիմոնեանը:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ, առաջին հերթին հանդիպում մը կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառի հետ: Տիկ. Սիմոնեան Վեհափառ հայրապետին ներկայացուց Արցախի առջեւ ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Վեհափառը մեծապէս հետաքրքրուած ու մտահոգ էր Արցախի մէջ այսօր առկայ ընկերատնտեսական իրավիճակով, այնտեղ ապրող արցախահայութեան տրամադրութեան եւ ներքաղաքական տրամադրուածութիւններուն մասին: Վեհափառը յստակօրէն նշեց, որ յետպատերազմին Արցախի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է ապահովութիւնը եւ Արցախահայութեան տուն վերադարձը:
Այնուհետ հանդիպում կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիների միութեան նախագահ՝ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին հետ: Վերապատուելին իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին ու անոր ժողովուրդին: Կարեւորեց համահայկական աջակցութիւնը Արցախին ու անոր պետականութեան:
Հանդիպում կայացաւ նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանին հետ, որ ներկայացուց համայնքին մէջ առկայ խնդիրները, տնտեսական տագնապը, համայնքէն տեղի ունեցող արտագաղթը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:
Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանի Պէյրութ կեցութեան օրերուն, հանդիպում կայացաւ Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին հետ:
Քննարկուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի եւ Արցախի Պետական Համալսարանին յուշագրի մանրամասնութիւնները, որուն գործադրութիւնը առժամանակ դանդաղած էր Covid 19 ժահրի եւ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին պատճառով:
Հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն՝ Անի Եփրեմեանի եւ խմբագրակազմի, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան վարչութեան հետ:
Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի եւ «ՀԵԸ»-ի ղեկավարութեան հետ տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովն ու ՀԵԸ Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէին Պրն. Վիգէն Չէրչեանը (ՀԵԸ Լիբանանի Կեդր. Վրչ. ատենապետ), ՀԲԸՄ Լիբանանի գործադիր տնօրէն՝ Օրդ. Արին Ղազարեանը եւ Պրն. Գէորգ Սանթուրեանը:
Տիկ. Սիմոնեան այցելեց նաեւ Լիբանանի ՀԲԸՄ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրատուն:
Ձախէն՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան եւ Ազատուհի Սիմոնեան Ձախէն՝ Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Ազատուհի Սիմոնեան
Տիկ Ազատուհի Սիմոնեան Լիբանան իր այցելութեան միջոցին զեկոյցներ ունեցաւ եւ ապագայի աւելի եւս ջերմ գործակցութեան ծրագիրներ մշակեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեանին եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանին հետ:
Այցելութիւն մը տրուեցաւ «Հաուորտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն ուր հանդիպում մը կայացաւ հաստատութեան տնօրէն՝ Պրն. Սերոբ Օհանեանին հետ: Պրն. Օհանեան տեղեկացուց, որ հաստատութիւնը գործունէութիւն կը ծաւալէ Լիբանանի, Սիրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Ձախէն՝ Տիկ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Պրն. Սերոբ Օհանեան Ձախէն՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան եւ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան
Հաշուի առնելով, որ Տիկ. Սիմոնեանի եւ ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ ապագային պիտի մշակուի Արցախի եւ Սփիւռքի «քոյր դպրոցներ» ծրագիրը Տիկ. Սիմոնեան Պէյրութ իր կարճ այցին միջոցին այցելեց երեք դպրոց՝ Հայ Աւետարանական քոլէճ, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյան բարձրագոյն վարժարան եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանները: Տնօրէններուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան հնարաւոր հետագայ համագործակցութեանց նախագիծեր: Լիբանանահայ վարժարաններու հետ կապը յետագային պիտի շարունակուի:
Ձախէն՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան եւ Պրն. Արամ Գարատաղլեան Ձախէն՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան եւ Զօր. Նարեկ Աբրահամեան
Հանդիպում մը կայացաւ նաեւ Լիբանանի բանակի նախկին զօրավար՝ Նարեկ Աբրահամեանի հետ, որուն վաստակը մեծ է Արցախեան պատերազմներուն ընթացքին իր հայրենանուէր գործունէութեամբ:
Անթիլիասի մայրավանքի այցելութեան միջոցին հանդիպում կայացաւ Կիլիկիա թանգարանի եւ մատենադարանի տնօրէն՝ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին հետ: Քննարկուեցան Մատենադարանի հետ Արցախի համագործակցութիւնը:
Կարեւոր էր այցելել Ժիպէյլի «Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Տիկ Սիմոնեան այնտեղ հանդիպեցաւ թանգարանի տնօրէն Գրիգոր Ալոզեանին հետ, այնուհետեւ շրջայց կատարեց ի «Թռչնոց բոյն»ի մէջ: Քննարկում տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»- ի տնօրէն՝ Տէր Տաճատ Վարդապետ Աշըգեանին հետ:
Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն, ուր հանդիպում մը կայացաւ դեսպան պարոն Վահագն Աթաբեկեանին հետ, որ ներկայացուց ընդհանուր մտահոգութիւններու որոշակի շրջանակ:
Հաշուի առնելով, որ 2021-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Արցախի Տարի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կազմակերպութեամբ եւ ԹՄՄ-ի գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ էր Արցախին նուիրուած հրապարակային ձեռնարկ:
Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած կենցաղային եւ վառելանիւթի պակասի դժուար պայմաններուն, եւ Քորոնաժահրի պատճառած արգելափակումներուն, Ռապուէի Ալ Լիքաա խորհրդաժողովներու սրահ փութացած էին մեծ թիւով հայորդիներ ոգեշնչուելու Արցախով:
Ներկաներուն առջեւ իր խօսքով հանդէս եկաւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան (խօսքին տեսերիզը հետեւեալ կապով)
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուայ գլխաւոր բանախօս՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան (խօսքին տեսերիզը հետեւեալ կապով)
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկաւ ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը (տեսերիզը հետեւեալ)
Աւարտին ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդէս եկաւ եզրափակիչ խօսքով. (տեսերիզը հետեւեալ կապով)
Տեղին է նշել, որ ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը իր նուագացանկին մէջ առաջին անգամ այս ձեռնարկին հնչեցուց Արցախի օրհներգը (տեսերիզը հետեւեալ կապով)
Միջոցառումին աւարտին հանդիպում կայացաւ այնտեղ ներկայ՝ Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանին հետ, որուն հետ քննարկուեցաւ յառաջիկային Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութեամբ այցելել Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախի Հանրապետութիւն:
Այսպիսով, հինգօրեայ կարճ եւ սեղմ այցելութեան մը ընթացքին Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան Լիբանանի մէջ այցելեց շուրջ 21 կառոյցներու ղեկավարներուն եւ ղեկավար մարմիններուն հետ: Անմիջական եւ մտերմիկ զրոյցներով ան յաջողեցաւ լիբանանահայ համայնքին ներկայացնել այս պահուն Արցախի եւ արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ԱՀ կառավարութեան կողմէ իրագործուող ծրագիրերը:
Գաղտնիք մը չէ, որ լիբանանահայ համայնքին մօտ մեծ է համընդհանուր յուսալքութիւնը, սակայն նմանօրինակ հանդիպումներով եւ քննարկումներով պարզ է, որ կը փոխուին տրամադրուածութիւնը եւ Արցախի նկատմամբ դարձեալ կը յառաջանայ յոյսն ու անոր ապագային հանդէպ հաւատքը: