Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորընտիր վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեց իր յառաջիկայ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց վարչութեան, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած աննպաստ պայմաններուն Միութիւնը անցնող ամիսներուն շարունակած էր իր գործունէութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Կաթողիկոսարանին հովանաւորութիւնը վայելող համալսարանական երիտասարդներու այս միութիւնը կը շարունակէ օգտակար դառնալ նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անձնական միջոցներով իրենց ապահոված փոքր գումարներու միջոցաւ։ Հայրապետը թելադրեց շարունակել մարդասիրական աշխատանքները եւ իր կարգին 20 կարիքաւոր ընտանիքներու համար գումար մը փոխանցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին