Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Սամուէլ Գասպարով

Սամուէլ Վլատիմիրի Գասպարով (7 Յունիս 1938, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն – 26 Մայիս 2020, Մոսկուա, Ռուսիա), խորհրդային բեամդրիչ, սենարիստ եւ դերասան։

Սամուէլ Գասպարով, ծնած է 1938 թուականին Թիֆլիսի հայ ընտանիքի մը մէջ։ Մինչ կինոկարիերան աշխատած է որպէս բեռնատարի վարորդ։

1970 թուականին աւարտած է ՎԳԻԿ-ի բեմադրիչի բաժինը (Միքայէլ Ռոմի արուեստանոցը)։ Առաջին բեմադրիչի աշխատանքը եղած է 1977 թուականին։ Հիմնականին կը նկարահանէր քաղաքացիական պատերազմի մասին արկածային ֆիլմեր, դետեկտիւներ եւ մարտաֆիլմեր, որոնք կը քննադատուէին հոգեբանութեան բացակայութեան եւ արիւնոտ տեսարաններու առկայութեան պատճառով։

1990 թուականէն ետք Գասպարովը հեռացաւ կինոյէն եւ սկսաւ զբաղվիլ այլ գործունէութեամբ, որոնցմէ՝ 1993 թուականին կազմակերպուեցաւ Մայքլ Ջէքսնի հիւրախաղերը Մոսկուայի մէժ՝ Լուժնիկի մարզադաշտին վրայ։

2008 թուականին վերադարձաւ կինո՝ «Ծուղակ մարդասպանի համար» ֆիլմով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին