Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անցաւ Լիբանանի Ֆութպոլի Դ Դասակարգի Ախոյեանութեան Երկրոդ Փուլին

Կիրակի,  6  Յունիս  2021-ին  յետմիջօրէին,  Լիբանանի   ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով,  ՀԵԸ  Անդրանիկ՝ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը (կիսախաղ՝  3-0):   Մրցումը տեղի ունեցաւ  Անսարի մարզադաշտին մէջ: Անդրանիկի կազմէն  Վաչէ Պուլտուքեան եւ  Սերուժ Մոսկոֆեան  փայլեցան իրենց   նշանակած կոլերով:

 Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, ՀԵԸ Անդրանիկ, Աթլեթիքոյին  հետ անցաւ Լիբանանի  Դ. դասակարգի ախոյեանութեան  երկրորդ  փուլի մրցումներուն:

 Երկրորդ  փուլի մրցումներուն պիտի մասնակցին տասը խումբեր՝  Լիբանանի հինգ նահանգներուն մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութիւններուն  գլխաւոր երկու  դիրքերը  գրաւող խումբերը:

 ՀԵԸ Անդրանիկի յաջորդ մրցակիցը պիտի  ըլլայ Աթլեթիքօն:  Յաղթող խումբը պիտի շահի Պէյրութ  նահանգի ախոյեանութեան տիտղոսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին