spot_img

Գուցէ Անգիտակցաբա՞ր Է որ Ք.Պ.-ական Իշխանութիւնը Կը Ծրագրէ Հայ Ժողովուրդը եւ Հայրենիքը Առաջնորդել Ազգային Նկարագրի Ամբողջական Ոչնչացման

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Այս վերնագրով խոր գիտակցութեամբ եւ նոյնպէս ալ մտահոգութեամբ է որ կը կատարենք վերոյիշեալ ճակատագրական հարցադրումը:

Յունիս 7-ի Հ.Հ.եան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններէն ի վեր անցած են մօտաւորապէս 3 ամիսներ։ Հակառակ անոր որ ընտրութիւններէն առաջ, սկիզբը երկիրը տարբեր ձեւերով վերածուեցաւ կատարեալ թատերաբեմի մը, յետոյ ընտրութեան օրը եւս թոյլատրուեցան ակնյայտ խախտումներ, եւ ի վերջոյ, հակառակ այդ անկանոնութեանց մասին երկարօրէն փաստարկուած՝ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած բողոքներուն, վերջինս տուաւ իր լակոնական մէկ նախադասութեամբ պատասխանը՝ թէ «ամէն բան կարգին է»…, մենք նախընտրեցինք այդ օրերուն ընտրութիւններու կապակցութեամբ անպտուղ հակաճառութեանց շարքի մը չձեռնարկել ։ Նախընտրեցինք փոխարէնը թոյլ տալ, որ նորընտիր Ազգային ժողովը ձեւաւորուի եւ, թէեւ տկարացած է Ք.Պ.-ական մեծամասնութիւնը, սկսի ան ընթացք տալ իր հակակշռին ենթակայ յառաջիկայ հնգամեայ կառավարման՝ գուցէ բարեփոխուած ծրագիրներու ձեւաւորման։

Մեկնելով հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու նկատմամբ մեր ունեցած յայտնի մտահոգութիւններէն, տակաւին փոքր յոյս մը ունէինք, թէ Ք.Պ.-ական մեծամասնութիւնը եւ զանոնք գլխաւորող նոյն՝ արդէն իսկ երկիրը անգամ մը պատերազմի մէջ պարտութեան առաջնորդած վարչապետ՝ պրն. Փաշինեանը այս անգամ լրջութեամբ նկատի պիտի առնեն այն բոլոր հիմնական ազգային խոր մտահոգութիւնները, որոնք բազմիցս արտայայտուած էին նախընտրական շրջանին։ Ի վերջոյ այդ է, որ կ’ակնկալուի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունեցող եւ ազգային ղեկավարութեան հաւակնութիւն ունեցող որեւէ արժանաւոր քաղաքական հաւաքականութենէ։

Ահա ուրեմն այս բոլորը նկատի ունենալով եւ ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք նորընտիր Ազգային ժողովի նիստերուն տրուած ուղղութեան, եւ գործնապէս գրեթէ անփոփոխ մնացած կառավարութեան եւ վարչապետին նախաձեռնած քայլերուն, կատարած յայտարարութիւններուն եւ հրատարակած ծրագիրներուն՝ այժմ անհրաժեշտութիւնը կը զգանք վերոյիշեալ խիստ մտահոգիչ վերնագրով հնչեցնելու ազգային ահազանգ մը։

Արդարեւ, երեք ամիսներէ ետք, այսօրուան իշխանութիւնը եւ զայն գլխաւորող վարչապետ Փաշինեանը ակնյայտօրէն եւ աւելի որոշակի ձեւով քան երբեւէ, իրենց յառաջիկայ գործունէութեանց ուղղութեան մասին կատարած վտանգաւոր արտայայտութիւններով, եւ շարունակելով մասնաւորապէս «երկրին խաղաղութիւն ապահովելու ստեպղինը ժողովուրդին առջեւ տատանել», իսկութեան մէջ հայ ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը կը ծրագրեն առաջնորդել դէպի իրենց ազգային նկարագիրը ամբողջովին փոշիացնելու եւ ոչնչացնելու անթոյլատրելի տխուր վիճակին։

Այժմ հակիրճ կերպով թուենք այս ծանրակշիռ ամբաստանութիւնը արդարացնող առարկայական տուեալները:

Սկսինք անհաւատելիէն… Այլեւս բացայայտօրէն կը լսենք անհաւատալին… «Հայ սփիւռքը պէտք է տկարանայ, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանը»։

Դժուար է հաւատալ մեր ականջներուն, երբ կը լսենք Ք.Պ.-ական պատգամաւոր Արման Եղոյեանի այս տխուր արտայայտութիւնը, կամ հաւատանք մեր աչքերուն երբ կարդանք, թէ ան այս միտքը արտայայտած է վերջերս Ազգային ժողովին մէջ։ Աւելի եւս լուրջ է, որ իր կուսակիցներէն որեւէ մէկը եւ կամ նոյնիսկ անձամբ վարչապետը որեւէ ձեւով չեն անմիջապէս հերքած ապազգային այսքան հիմնական եւ վտանգաւոր արտայայտութիւն մը։

Դժբախտաբար, բոլորովին անսպասելի չէ ներկայ իշխանութեան կողմէ եղած այս յայտարարութիւնը։

Արդարեւ, սկսելով իր իշխանութեան ստանձնումի առաջին իսկ օրերէն, վարչապետ Փաշինեանի առաջին քայլերէն մէկը եղաւ ջնջել նախորդ իշխանութեանց օրով ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Իսկ վերջին տարիներուն, առանց տակաւին համարձակելու այսքան բացայայտօրէն արտայայտուելու , բոլորս զգացած ենք Հայաստանի՝ Սփիւռքին հետ կապերուն աստիճանական շեշտակիօրէն տկարացումը՝ բացի ժամանակ առ ժամանակ այսպէս կոչուած Սփիւռքի յատուկ գործակատար Զարեհ Սինանեանի մակերեսային եւ որեւէ գործնական հետեւանք չունեցող յայտարարութիւններէն, որոնցմէ վերջինը անոր վերջերս ծանուցած այսպէս կոչուած «Հայաստան 2026» համաշխարհային գագաթնաժողովն է, որ անգամ մը եւս պարզապէս պիտի առիթ տայ Սփիւռքէն հարիւրաւոր բարեմիտ եւ հայրենասէր անհատներու՝ մեծ մասամբ անհետեւանք ելոյթներուն եւ զբօսաշրջային հաճելի ժամանցին ։

Այստեղ մասնաւոր կերպով կը մատնանշենք Արման Եղոյեանի արտայայտած ազգավնաս միտքին եւ Զարեհ Սինանեանի նախաձեռնութեան մասին մեր մամուլի աշխոյժ պաշտօնակից՝ «Սարտարապատ» թերթին մէջ հրատարակուած՝ Արժանթինահայ Կազմակերպութեանց պարունակալից, յարգալից սակայն խիստ դատապարտող գրութիւնը։ Վերնագիրը կ’ամփոփէ ամբողջ միտքը՝ «Հզօր Հայաստանին անհրաժեշտ է հզօր Սփիւռք»։

Այս գրութիւնը, որ լայնօրէն արտատպուած է մեր մամուլին մէջ, արժանի է անգամ մը եւս ընդգծուելու։ Արդարեւ, այդ գրութեան մէջ կ՛ընդգծուի թէ «Հայաստան եւ Սփիւռք մրցակիցներ չեն, այլ նոյն տարածքին անբաժանելի հատուածներ են»։ Նոյնպէս՝ «Աշխարհատարած Սփիւռքը իր հաստատութիւններով, մասնագէտներով, գործարարներով, գիտնականներով, ղեկավարներով եւ գիտակից քաղաքացիական լայն ցանցով, հայ ազգին համար հսկայական արժէք ունեցող մարդկային, մշակութային եւ կամաւոր ներկայացուցչական հսկայական դրամագլուխ մըն է»։

Նկատի առնելով վերոյիշեալ անվիճելի իրականութիւնները՝ բացի Հայաստանի թուրք ոխերիմ դրացիներէն, չկայ ոչ մէկը, որ ջատագովէ Սփիւռքի տկարացումը։

Ք.Պ.-ականները պարտին ներողութիւն խնդրել, բացայայտօրէն թրքամէտ իրենց ներկայ այլ արտայայտութիւններու շարքին՝ այս ապազգային քանդիչ անհաւատալի մտքին համար եւս։

Անցնինք յաջորդին: Անկասկած, Հայոց ուժեղ ազգային նկարագիրը տկարացնելու նպատակադրուած ներկայ իշխանութեան քաղաքականութեան մէկ այլ բաղկացուցիչը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականներուն, յատկապէս Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ շղթայազերծուած յարձակման քաղաքականութիւնն է։

Հայաստանի վարչապետը ժամանակ առ ժամանակ սաղմոսներ արտասանելով եւ երբեմն ալ Ս. Պատարագներուն ներկայ գտնուելով չի կրնար գիտակից հայուն ուշադրութիւնը հեռացնել Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն դէմ իր շղթայազերծած ամօթալի եւ կործանիչ պայքարէն։

Չենք արդարացներ երբեք, սակայն աւելորդ է որոշ եկեղեցականներու անձնական կեանքի տկարութիւնները օգտագործել այս կործանիչ պայքարին իբր արդարացում։

Արդարեւ, ոչ մէկ նորութիւն կը յայտնաբերէ պրն. Վարչապետը, այդ տկարութիւնները կեղծ փութկոտութեամբ հրապարակ նետելով, քանի որ ամէն գիտակից մարդ քաջ տեղեակ է, թէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիներու պարագային, եկեղեցականը չի դադրիր մարդկային տկարութիւններ ունեցող արարած մը ըլլալէ։

Այս պարագան կ’արժէ յիշեցնել նաեւ նոյն ինքը պրն. Վարչապետին, որուն անձնական կեանքը հրապարակային ուշադրութեան նիւթ դարձաւ, երբ յայտնուեցաւ, թէ մինչեւ ամիսներ առաջ ան ազատ զգացած է ունենալու կենակից մը եւ բազմաթիւ զաւակներ՝ առանց քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ ակնկալուած եւ յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ պահանջուած օրինաւոր ամուսնութեան պարտաւորութիւնները ստանձնած ըլլալու։ Լաւագոյնը պիտի ըլլար, որ ան այս մասին պարզապէս լռէր։

Միւս կողմէ, յատկապէս հայ ժողովուրդին կողմէ գիտցուած իրականութիւն է, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, մանաւանդ ի բացակայութիւն պետականութեան, բազմադարեան վաստակ ունի հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը պահպանելու առաքելութեան մէջ։

Ան կը շարունակէ կատարել իր այս բազմադարեան անգնահատելի եւ անժխտելի դերը, ոչ միայն նոյնիսկ Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, այլ մանաւանդ աշխարհատարած ամբողջ հայութեան համար։

Ի դէպ, տեղին է յիշեցնել, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին և Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը սեփականւթիւնները չեն Հայաստանին, այլ անոնք կը պատկանին ամբողջ հայ ժողովուրդին։

Այս բոլորով յատուկ կերպով կը ստորագծենք վերջին ամիսներուն իշխանութեան կողմէ արծարծուած երկու հիմնական խստօրէն դատապարտելի պարագաներ։

Առաջինը՝ անօրինական եւ հակասահմանադրական այսպէս կոչուած դատական գործողութիւններն են, ուր յատկապէս Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, քաղաքացիական դատարաններու առջեւ կը կանչուին զուտ ներեկեղեցական վարչական հարցերու կապակցութեամբ, որոնց մէջ թէ վարչապետը եւ թէ դատարանը միջամտելու որեւէ իրաւասութիւն չունին։

Խստօրէն դատապարտելի է իշխանութիւնը եւ նոյն ինքը վարչապետը՝ իրենց այս աննախադէպ, ամօթալի եւ պժգալի արարքին համար։

Երկրորդը կը վերաբերի վերջին օրերուն իշխանութեան կողմէ մէջտեղ դրուած այսպէս կոչուած յառաջիկայ “հինգ տարիներու կառավարական ծրագրին”, որուն մէջ ներկայացուած բազմաթիւ մտահոգիչ ապազգային դրոյթներէն յատկապէս կը մատնանշենք առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններու այն բաժինը, ուր իշխանութիւնը ինքզինքին կ’ուզէ իրաւունք վերապահել միջամուխ ըլլալու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին վարչական որոշումներուն։

Այս հիմնական խնդրին մէջ,  կ’ուզենք յստակ ձեւով անգամ մը եւս ազդարարել Հայաստանի իշխանութեան եւ յատկապէս վարչապետին, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը պատկանի աշխարհասփիւռ ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ հաշուետու է միայն անոր,՝ համաձայն իր ազգային կանոնադրութեան։

Իշանութեան կողմէ որեւէ ոտնձգութիւն անոր ներքին վարչական եւ հոգեւոր գործերուն մէջ պիտի ենթարկուի աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի խստագոյն դատապարտութեան։

Իշանութեան՝ մեր եկեղեցին իրենց հպատակեցնելու այս ապազգային նկրտումները, թուրքերուն եւ ազերիներուն հաճոյանալու ակնյայտ ապարդիւն ջանքեր են պարզապէս։

Ք.Պ.-ական իշխանութեան՝ Հայոց ազգային նկարագիրը խաթարող թրքամէտ քաղաքականութեան, գուցէ նուազ հրապարակայնացած սակայն աւելի վտանգաւոր այլ բաղկացուցիչները հետեւեալներն են։

Տակաւին կարճ ժամանակ առաջ աներեւակայելի պիտի թուէր Հայաստանի իշխանութեան կողմէ համարձակութիւն ունենալը  առանց ամչնալու արտայայտուելու, թէ համաշխարհային ճանաչում ստացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է մոռացութեան մատնել՝ չանհանգստացնելու համար մեր ոխերիմ դրացիները…։

Նոյնպէս, անոնք համարձակութիւնը ունին առանց ամչնալու արտայայտուելու, թէ Աստուածաշունչով իսկ հաստատուած եւ սերունդներ ներշնչած հայ ժողովուրդի անջնջելի նշանաբերէն մէկը հանդիսացող Արարատ լեռը ի վերջոյ պէտք է ջնջել մեր քաղաքական, կրթական եւ գրական յղումներու մէջէն, որովհետեւ ան եւս կ’անհանգստացնէ մեր ոխերիմ դրացիները։

Վերջապէս չ’մոռնանք թշնամիին առջեւ քծնելու Ք.Պ.-ական այլ զիջում մը եւս՝ բացայայտ արտայայտուելով թէ հայ աշխարհի անբաժանելի մէկ պատառը հանդիսացող հայոց դարաւոր Արցախը այլեւս Հայաստան չէ, այլ Ատրպէյճան է։

Այս բոլորը կը հանդիսանան Ք.Պ. եական մինչեւ այսօր կատարուած միակողմանի զիջումները որոնց դիմաց ան կուզէ համոզել Հայ ժողովուրդին թէ ինք կարողացած է «խաղաղութեան համաձայնագիր» կոչուած թուղթի մը վրայ գրուած արձանագրութիւն մը ունենալու ԽՈՍՏՈՒՄԸ միայն ապահովել : Մենք ուադրութեամբ կը նկատենք թէ իշխանութիւնները  նոյն ժամանակ չ’իմանալ եւ չտեսնալ կը ձեւացնեն նոյն Ատրպէյճանին նոյնիսկ Սեւանը եւ Երեւանը Ազերի անուններով կոչելու եւ ամբողջ Հայաստանը Արեւմտեան Ատրպէյճան կոչելու անբարտաւան վերաբերմունքը:

Վերջապէս իշխանութեան բազմաթիւ այլ թրքամէտ ժեստերով ինքզինք եւ Հայ ժողովուրդը խոր քունի մէջ մտցնելու ջանքերու պսակումը կը կայանայ բազմահազարամեայ հայոց պատմութիւնը թաղելով, պրն. Փաշինենին կողմէ յանկարծ յայտնաբերուած՝ «Իրական Հայաստան» կոչելը 29754 քարակուսի քիլոմեթր խեղճացած տարածքը որ այս օրերուն ինք ևս ենթակայ է երկուքի բաժնուելու շնորհիւ հայոց նորաստեղծ ոխերիմ բարեկամներուն անհամբերութեամբ սպասած՝ «Զանգեզուրի Միջանցքին» իրականացուման…:

Այս բոլոր երեւոյթներուն առջեւ սակայն, անհրաժեշտ է անդադառալ թէ կայ նաեւ Հայ ժողովուրդի բարեմիտ, եւ թող ներուի կոչել, անպատասխանատու, Հայաստանաբնակ կամ սփիւռքաբնակ հատուած մը որ երջանիկ է տեսնելով թէ ի վերջոյ Հայաստանի մէջ այսօր ստեղծուած են աշխատանքի եւ ժամանցի հրաշալի եւ հաճելի պատեհութիւններ: Գիշերային կեանքը կը մրցի եւրոպական ծանօթ կեդրոններուն հետ շլացուցիչ իր այլազանութիւններով: Նոյնպէս ալ յաճախ կը լսուին միջազգային կարեւոր ձեռնարկութիւններու(business) կողմէ Հայաստանի մէջ ստեղծուող ֆիլիալներու լուրերը որոնք այլապէս, աւելի մեծ երկիրներու նախանձը կրնան գրգռել:

Այսպիսիները հարց կու տան թէ այսօրուան իշխանութիւններուն մասին դժգոհութիւն յայտնողները աւելի ինչ կ’ակնկալեն:

Նախ որոշապէս յայտրարենք թէ առանց բացառութեան, ամէն հայու համար, անկասկած արդարօրէն հաճելի է վայելել Հայաստանի հաճոյքի, ժամանցի և քէֆի բոլոր առիթները: Սակայն ամէն գիտակից հայ ստիպողաբար պարտի թափանցել և անցնիլ այդ մակերեսը:

Այս անգամ այսքանով ահազանգ հնչեցնող այս գրութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է մատնանշել թէ մեր ոխերիմ դրացիներուն բացայայտ նպատակն է նախ Հայ ժողովուրդին մէջ մարեցնել ազգային սկզբունքներու եւ աւանդութիւններու նկատմամբ ամէն գիտակցութիւն՝ ջնջելով անոր մէջ իր բազմադարեան երկարակեցութիւնը սնուցանող բոլոր ազդակները: Ակնյայտ է թէ այդպիսով, նպատակը նորաստեղծ «Իրական Հայաստան»ի մէջ հասնող նոր սերունդներուն համար պարզապէս բնական դարձնել է հայ նկարագրէ զուրկ ապրելու վիճակը եւ 29754ք.ք մ.  տարածքին ազգային նկարագիրը անճանաչելի դարձնել որպէսզի ան դիւրութեամբ  եւ «վեհանձնօրէն» դառնայ մէկ մասնիկը իրենց բուն նպատակը հանդիսացող փանթուրանական՝ այնուհետեւ Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա առանց ընդմիջումի երկարող իրենց երազած մեծ տարածքին: Վստահաբար աշխարհագրական քարտէսներուն վրայ նաեւ «վեհանձնօրէն» այդ տարածքին վրայ թրքերէնով գրեն «սայի Էրմէնիստան» (Իրական Հայաստան)…:

Եզրակացնենք ակնարկելով կրկին այս յօդուածին վերնագրին թէ այսօրուայ գիտակից Հայ ժողովուրդին գերագոյն պարտականութիւնն է թոյլ չիտալ որ Ք.Պ.իական իշխանութիւնը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, Հայ ժողովուրդը եւ Հայոց Հայրենիքը առաջնորդեն դէպի իրենց ազգային նկարագրի ոչնչացման:    

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին