Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ստիպողական Հարցեր՝ ՀՀ Գործող Իշխանութիւններուն

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքահայութիւնը տագնապալի օրեր կ’ապրին, պահը ճակատագրական է ամէն տեսակէտէ։

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Համադրուած մամուլի օրկանները ստեղծուած օրհասական կացութեան դիմաց, մեկնելով «Կը յիշենք, Կը յիշեցնենք եւ Կը պահանջենք» սկզբունքէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ անուանական Ընդդիմութեան կ’ուղղէ հետեւեալ հրատապ հարցերը.

ա) Այսօր, 29 Յունիս 2023, ճիշդ 200-րդ օրն է Արցախի շրջափակման։ 120 հազար արցախահայեր ենթակայ են ցեղասպանութեան՝ սովամահութեամբ, զինու ուժով, կամ այլապէս։ ՀՀ իշխանութիւնները ամենօրեայ ռեժիմով կը պահանջե՞ն միջամտութիւնը ՄԱԿ Ապահովութեան խորհուրդին, միւս մարմիններուն, Միջազգային դատարանին, մեծ տէրութիւններուն։ Եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ, եթէ այո՝ ի՞նչպէս։

բ) Ո՞վ է պատասխանատուն Արցախի միջազգային կարգավիճակի ձեւաւորման՝ ինքնորոշման իրաւունքի եւ ապահովութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած։ Բնականաբար՝ ՀՀ իշխանութիւնները։ Բայց ի՞նչպէս, ի՞նչ խորութեամբ եւ դիւանագիտական ի՞նչ ուժերով։ Ինչո՞ւ չեն ներգրաւուիր ՀՀ նախկին՝ փորձառու դիւանագէտները, նաեւ՝ Սփիւռքէն մասնագէտներ։

գ) Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերն ու քաղաքները, մասնաւորապէս Մեղրին եւ Սիւնիքի այլ բնակավայրերը ինչո՞ւ մատնուած են անուշադրութեան, ոչ՝ հոգատար վիճակի։ Արդեօք Սփիւռքէ՞ն է որ իշխանութիւնները «օգնութիւն» կ’ակնկալեն։

դ) Իշխանութիւնները ո՞րքանով լծուած են հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութիւնը կազմակերպելու, սեփական ուժերով եւ արդիական զէնքերով ազգային մեր բանակը հզօրացնելու ամենօրեայ աշխատանքներուն։ Ներկայ պայմաններէն ելլելով՝ ծանր յանցագործութիւն է որեւէ թերացում գոյութենական իմաստ ունեցող այդ պարտականութեան մէջ։

ե) Հայաստանի ներքին անողնաշար ներկայ վիճակին պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ ինքզինք «ընդդիմութիւն» կոչուող հատուածը, որ խղճալիօրէն ձախողած է ժողովրդավարական հակակշիռ դառնալու իր ստանձնած պարտականութեան մէջ։ Այդ ընդդիմութենէն կը պահանջենք իշխանական երեսփոխաններուն հետ միասին Ազգային Ժողովը նողկալի թատերաբեմի վերածելու ընթացքէն հրաժարիլ եւ փոխարէնը տեղ տալ իսկապէս ընդդիմադիր, բայց կառուցողական մղումով առաջնորդուող ուժերու։

զ) Անընդունելի կը գտնենք գործող իշխանութեանց շարունակական անփառունակ կեցուածքը Մայր Աթոռին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Այդ կեցուածքը կը հակասէ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան կարեւորագոյն սկզբունքներուն։ Կը պահանջենք այդ վատառողջ դիրքորոշումին անյապաղ սրբագրումը։

է) Մարդուժի եւ նիւթական հսկայական միջոցներով օժտուած, դժբախտաբար նաեւ անկազմակերպ ու վերջին շրջանին անտարբեր դարձած Սփիւռքը Մայր հայրենիքի օգտին հաւաքական աշխատանքի լծելու գլխաւոր պատասխանատուն, սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու կողքին, ՀՀ գործող իշխանութիւնն է։ Խօսքը կը վերաբերի լուռ, հոգատար մօտեցումին եւ ո՛չ թէ զբօսաշրջիկային show հաւաքներու։

Կը պահանջենք անյապաղ սրբագրել անպատասխանատու բոլոր կեցուածքները, բոլոր բացթողումները։

ՌԱԿ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ

29 Յունիս 2023

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին