
Մտաւորական, լրագրող, հասարակական գործիչ եւ ՌԱԿ բազմաթիւ թերթերու շուրջ կէսդարեայ խմբագիր Դոկտոր Նուպար Պէրպէրեանի 2023 թուականի մրցանակաբաշխութեան դիմելու մեկնարկը տրուած է:
Նուպար Պէրպէրեանի մրցանակը կը տրուի հայկական ծագում ունեցող ուսանողներուն, որոնք կը մասնագիտանան միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան մէջ:
Մրցանակաբաշխութիւնը սահմանուած է մտաւորականի կտակին համաձայն, իսկ Պէրպէրեան կեանքէն հեռացած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 23ին, 94 տարեկան հասակին:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու պահանջներն են՝
- կրնան մասնակցիլ ուսումնական հաստատութիւններու՝ հայկական
ծագում ունեցող ուսանողները, որոնք գլխաւորապէս մասնագիտացած են կամ միջազգային իրաւունքի, կամ քաղաքագիտութեան մէջ:
- դիմորդը պէտք է ամբողջական դրոյքով ներգրաւուած ըլլայ աշխարհի
հաւատարմագրուած քոլէճներու կամ համալսարաններու պաքալորէայի կամ ասպիրանթուրայի ծրագիրներով:
- դիմորդը պէտք է ներկայացնէ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, որ
սահմանուած է դիմումի ձեւով:
- դիմորդը պէտք է ներկայացնէ քոլէճի գրագրի պատճէնը:
- դիմորդը պէտք է ներկայացնէ դիմանկար:
- դիմումը հնարաւոր է ստանալ Tcadirector@aol.com ելեկտրոնային փոստին
գրուած նամակի միջոցով:
- դիմորդները պէտք է դիմումները ներկայացնեն ելեկտրոնային
տարբերակով՝ ուղարկելով Tcadirector@aol.com հասցէով:
- յայտերի ընդունման վերջնաժամկէտը 2023 Սեպտեմբեր 30-ն է:
- հիմնադրամի կառավարիչները 2023 թ. Հոկտեմբերին կը քուէարկեն
որակաւորուած յաղթողներու օգտին՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւր դիմումատուին ներկայացուցած դիմումը:
- յաղթողը կամ յաղթողները կը ստանան իրենց մրցանակները 2023
Նոյեմբերին:
- յաղթողները իրաւասու չեն կրկին դիմել մրցանակի համար:
Ուոթըրթառւն, ԱՄՆ