Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ» Օժանդակութիւն Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

Պատիւն ունեցանք հանդիպելու «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի ժրաջան ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանին հետ:

Մեր սիրելի բարեկամը մեզի տեղեկացուց, թէ իր գլխաւորած մարմինը հակառակ դժուար կացութեան, կը շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը, որուն վերջինը հանդիսացած է դարձեալ հասնիլ Լիբանանահայ վարժարաններու օգնութեան:

Արդարեւ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը (Fonds Arménien de France) անգամ մը եւս Հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով հասած է Լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան, բարձր գնահատելով այս սաստիկ տագնապալի պայմաններուն մէջ անոնց թափած ճիգն ու կատարած հսկայական աշխատանքն ու նուիրական գործը:

Պրն. Թէրզեան մեզի յանձնեց  այս առիթով հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, զորս կը հրապարակենք ստորեւ.

Խմբ.

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական թէ առողջապահական այս սուր տագնապներու օրերուն։

Այսպէս, Դեկտեմբեր 2019-ին, Յուլիս եւ Օգոստոս 2020-ին եւ Ապրիլ 2021-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը (Fonds Arménien de France) անգամ մը եւս Հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով կը հասնի Լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան, բարձր գնահատելով այս սաստիկ տագնապալի պայմաններուն մէջ անոնց թափած ճիգն ու կատարած հսկայական աշխատանքն ու նուիրական գործը եւ հարիւր հազար եւրօ եւս կը նուիրէ անոնց իբր նիւթական օժանդակութիւն աշխատակազմի աշխատավարձքի մասնակի փոխհատուցում:

Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինի ճիգերով, այս գումարը արդէն իսկ կանխիկ ստացուած է եւ փոխանցումները կատարուած են լիբանանահայ 16 կրթական հաստատութիւններու։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի եւ անոր Ֆրանսայի մարմինին այս հերթական օժանդակութեան համար: Վստահ ենք, որ հաւաքական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, յուսալով, որ Լիբանան շուտով դուրս կու գայ այս տագնապալի իրավիճակէն:

Կը մաղթենք յաջողութիւն եւ կորով՝ Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն եւ անձնակազմերու անդամներուն:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի

Լիբանանի Գործադիր Մարմին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին