Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Լիցքաւորուած Եւ Հարուստ Կեանքի Մը Հետքերով Լութֆի Թապագեան (1941 –  2022)

Յուշագրութիւն

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ուսանողական տարիներու ապրումները, երազանքները, յուսալից ակնկալութիւններու  վերիվայրումները եւ ստեղծուած ընկերային կապերը անթեղուած կը մնան մեր յիշողութեան մէջ ու մեզի կ՛ընկերանան մեր բովանդակ կեանքի ընթացքին։ Կեանքի հոլովոյթին հետ թէեւ անոնք երբեմն կը խամրին, կամ իրենց բաղադրիչ հիմքերուն ուժգնութիւնը կը կորսնցնեն, բայց մշտապէս ներկայ են մեր մտքին մէջ՝ տաքուկ հացի մը բուրմունքին նման ։

Այդպիսի յուշերն են որ այսօր տխրահունչ կերպով մարմին կ՛առնեն էութեանս մէջ  իմ վաղեմի, սիրելի եւ էապէս տաղանդաշատ ընկերոջս Լութֆիի մահուան ի լուր։

Ուսանողական տարիները ի մասնաւորի կը շեշտեմ որովհետեւ անոնք  Լութֆիի պարագային ապագայ մարդու, արուեստագէտի եւ հասարակական գործիչի խորքն ու աշխարհայեացքը կանխագուշակեցին ու անոնց կազմաւորման ենթահողը պատրաստեցին։

Հանդիպումներ կան որ չեն մոռցուիր ու Լութֆիի հետ իմ առաջին հանդիպումը խորապէս տպաւորուած է մտքիս մէջ։ Այդ կազմեց մեր 60 ամեայ բարեկամութեան հիմքը։

Արդարեւ , Հազմիէի Մխիթարեան Վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտներէն էի 1960 թուականներուն ու մեր դասարանը կը փորձէր թատերախաղ մը պատրաստել ամավերջի հանդէսին համար։ Դժբախտաբար մեր փորձերը գոհացուցիչ արդիւնք չէին տար ։ Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մեր դասախօսը Պրն. Մարտիրոս Գուշակճեան, որ պատահաբար օր մը ներկայ եղաւ փորձերուն, մեր անձկութիւնը տեսնելով ըսաւ։ « Ես մէկը կը ճանչնամ որ կրնայ ձեզի օգտակար ըլլալ։ Եթէ կ՛ուզէք կրնայ վաղը փորձին գալ»։

Ու եկաւ մեզմէ մէկ կամ երկու տարիով երէց Լութֆին։ Ծայրէ ծայր ուշադրութեամբ դիտեց մեր թատերախաղը։ Ապա բեմ ելաւ ու մի քանի ցուցմունքներ տուաւ դերակատարներէն ոմանց եւ ո՜վ հրաշք։ Մեր թատերախաղը կերպարանափոխուեցաւ ու մեր դասարանին պատիւը փրկուեցաւ …. ամավերջի հանդէսին։

Այս հանդիպումին յաջորդող ամիսներուն մեզմէ ոմանք յաճախ հանդիպեցան Լութֆիին երբ պարբերաբար այցելութեան կ՛երթայինք մեր ուսուցիչ Մարտիրոս Գուշակճեանի բնակարանը, որ կը գտնուէր Պէյրութի Մար Մխայէլ թաղի վերջաւորութեան հանրակառքի գիծին վրայ՝ Արմէն Ղարիպի անուան դպրոցին դիմացը։ Մարտիրոս Գուշակճեան գրական, հասարակական եւ ընկերային լայն հետաքրքրութիւններով եւ պաշարով օժտուած մտաւորական ուսուցիչ մըն էր, հրապարակագիր ու բանաստեղծ։ Հարիւրաւոր գիրքերով շարուած իր առաձնասենեակի մտերմութեան մէջ այդ հանդիպումներու ընթացքին մեր երիտասարդ հոգիներուն եւ մտքերուն առջեւ նոր աշխարհ մը կը բացուէր։ Լութֆին, որ այդ օրերուն իբրեւ գծագրիչ իր օրապահիկը կ՛ապահովէր ճարտարագիտական ընկերութեան մը մէջ, յաճախ կը մասնակցէր այդ հանդիպումներուն ու ակներեւ կը դառնար մեզի որ ան տարբեր փորձառութեամբ, մտորումներով եւ խոհական խմորումներով անհատ մըն էր, որ կեանքի պայքարի պարտադրած  պայմաններուն չէր համակերպած ու իր հեռաւոր երազները կը սնուցանէր։

Այդ երազներու հետապնդումի ճամբուն վրայ ան անօրինակ եւ քաջ որոշումով լքեց աշխատանքային ասպարէզի մը ընծայած նիւթական ապահովութիւնը եւ վերադարձաւ ուսանողական կեանքին 1962 թուականին՝ Հազմիէի Մխիթարեան Վարժարանի բարձրագոյն կարգերուն մէջ շարունակելու համար իր կիսատ մնացած ուսումը՝ ապագայ համալսարանական կրթութեան մը ի խնդիր։

Լութֆիի ուսանողական կեանք վերադարձը զուգադիպեցաւ Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան Երկրորդական վարժարանի թափ առնող վերելքին հետ։Արդարեւ, երիտասարդ Մխիթարեան միաբան Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան, որ դպրոցի տնօրէն նշանակուած էր կարճ ժամանակ առաջ , խանդավառութեամբ գործի լծուած էր վարժարանէն ներս  ուսումի կողքին թատերական, գրական եւ գեղարուեստի զանազան բնագաւառներէն ներս աշակերտութեան առջեւ նոր հորիզոններ բանալու եւ անոնց ոգեկան աշխարհի արտացոլածումը ապահովող միջավայր մը ստեղծելու համար։ Այդ շրջանին եւ անոր յաջորդող տարիներուն հոն ուսանող աշակերտներ փայլուն դէմքեր դարձան գիտական, հասարակական, քաղաքական, գրական , երաժշտական եւ նոյնիսկ զինուորական մարզերու մէջ գրաւելով նշանակելի  դիրքեր ե՛ւ Լիբանանէն ներս ե՛ւ արտասահմանի զանազան երկիրներուն մէջ։ Սակայն անոնք յար եւ նման իրենց քանքարաշատ ու գիտնական ուսուցիչ վարդապետներու ցուցաբերած համեստ վարմունքին իրենց հասարակական եւ ընկերային կեանքերը  յառաջ տարին  լռիկ մնջիկ՝ հեռու  մնալով աղմկայարոյց ցուցադրային արարքներէ։

Ուրիշներուն նման Լութֆին եռանդով փարեցաւ փոխակերպումի այդ աշխատանքին ու իր լիաբռւռն մասնակցութիւնը բերաւ դպրոցին մէջ ծաւալող թատերական մթնոլորտին առաջնորդ հանդիսանալով ե՛ւ հասակակից ե՛ւ կրտսեր դասընկերներու։ Միաժամանակ մասնակցեցաւ դպրոցի «Վերելք» ուսանողական պարբերագիրքի հիմնադրութեան եւ խմբագրական աշխատանքներուն , ի յայտ բերելով իր գրական շնորհները։

Սիլվա Կապուտիկեանի այցելութիւնը Մխիթարեան վարժարան՝ ուսուչական կազմի եւ ուսանողական խորհուրդը ներկայացնող աշակերտներուն հետ Յունուար 10, 1963-ին։

Դպրոցական այս օրերէն ի մասնաւորի կը յիշեմ հայրենի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի Լիբանան այցելութիւնը Յունուար 1963 թուականին։ Այդ շրջապտոյտի ընթացքին բանաստեղծուհին այցելեց նաեւ Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան մեր Վարժարանը։ Յիշատակելու համար այդ այցելութիւնը կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը պատրաստած էինք աշակերտներս։ Լութֆին այդ աիթով բեմէն արտասանեց մեզի ամէնուն ծանօթ բանաստեղծուհիին « Խօսք իմ Որդւոյն»ը։  Երբ Լութֆին իր արտասանութիւնը աւարտեց Սիլվա Կապուտիկեան խորապէս ազդուած ոտքի ելաւ եւ խօսքը ուղղելով իրեն ըսաւ։ «Երիտասա՛րդ ես շատ մը առիթներով լսած եմ իմ բանաստեղծութեան արտասանութիւնը։ Բայց երբեք չեմ ազդուած այնքան որքան այսօրուայ քու ելոյթէն։ Տարբեր ոգի մը կար այդ ասմունքին մէջ ։ Ապրի՛ս» ։

Լութֆին իր մասին կրկին խօսեցնել տուաւ նաեւ մի քանի ամիսներ ետք երբ իրեն դասարանակից ընկերներուն հետ ելոյթ ունեցաւ  իմ երիտասարդական խանդի արդիւնք եղող «Ազատութեան Ջահակիրներ» թատերախաղին մէջ։ Թատերախաղը նուիրուած էր Վարդանանց հերոսամարտին ու Լութֆի ստանձնեց Վասակի դերը։ Հակառակ թատերախաղի ակնյայտ թերութիւններուն, դասընկերներս հաւաքական ջանքով իրենց կարելի ըրին բեմին վրայ ապրեցնելու Վարդանանց ոգին։ Լութֆին շշմեցուցիչ խաղարկութեամբ աւարտեց  թատերախաղի վերջին տեսարանը ուր Վասակ խղճահար իր կատարած անարգ դաւաճանական արարքի  հոգեկան տագնապէն կը խելագարէր։ Լութֆին հանդիսատեսներու առջեւ խելագարութեան այդ տեսարանը իր դերասանական յղացումներով ապրեցա՛ւ։

Լութֆին յաջողեցաւ ի վերջոյ տարիներով իր փայփայած երազը իրականացնել երբ  Հազմիէի Մխիթարեան Երկրորդական վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալով մեկնեցաւ հայրենիք հետեւելու համար Երեւանի Գեղարուեստի Թատերական Ինստիտուտի  դասընթացքներուն իր դերասանական եւ բեմական արուեստը զարգացնելու եւ յղկելու համար։ Այդ նոյն տարիներուն թատերական նոյն ինստիտուտի մէջ հասակ առին եւ զարգացան Լիբանանահայ այլ երիտասարդներ վկայուելով իբրեւ դերասան եւ կամ բեմադրիչ ինչպիսին էին, օրինակի համար, Օննիկ Գանթարճեան, Յարութ Երէցեան, Երջան Մարգարեան, Ժիրայր Աւետիսեան եւ այլ շատեր։ Այդ խոստումնալից ոյժերը հայրենիքէն իրենց վերադարձին եկան առաւել եւս աշխուժացնելու Լիբանանահայ թատերական կեանքը 60-ական եւ 70-ական թուականներու՝ վաստակաւոր նախորդներու կողքին։

Լիբանանի մէջ իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ Լութֆիի երախայրիքը հանդիսացաւ թատերագրային վաստակով եւ բեմական գործունէութեամբ ծանօթ Մանուէլ Մարութեանի՝ Կոմիտասի կեանքին ու գործին նուիրուած  թատերախաղի բեմականացումը 30 Մարտ 1969ին Պէյրութի Գալուստ Կիւլպէնկեան հանդիսասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Օգնութեան Միութեան (ՀԵԿԴՕՄ) «Շիրվանզատէ» թատերախումբին։ Ամիսներու տքնաջան աշխատանք պահանջեց այդ բեմադրութեան պատրաստութիւնը։ «ԱՐԱՐԱՏ» օրաթերթի  8 Ապրիլ 1969 թուականին Յ. Մարտիրոսեան անդրադառնալով այդ բեմադրութեան  կ՛ըսէր ։ «Կիւլպէնկեանի բեմը երկար ատենէ ի վեր այսքան շինիչ եւ առինքնող հայկական բեմադրութիւն մը՝ հայկական կեանքէ չէր տեսած»։ Ու կ՛աւելցնէր ։ « Զուսպ, սրտի եւ մտքի բազմերանգ լարերով օժտուած արուեստագէտ դերասան մըն է Թապագեան։ Մասնաւորապէս ցնցող եւ խռովիչ էր անոր անձնաւորած Կոմիտասը»։

 «Հայկական Հարսանիք» թատերախաղէն տեսարան մը։
 

Այդ թատերախաղին անմիջապէս յաջորդեցին ուրիշներ։ Լութֆի Թապագեան Սփիւռքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով բեմ հանեց Դերենիկ Դէմիրճեանի «Քաջ Նազար»ը, հոն ստանձնելով գլխաւոր դերը իբրեւ Նազար։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ Յարութիւն Երէցեանի բեմադրութեամբ եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «ԱՐՏԱՒԱԶԴ» թատերախումբի մասնակցութեամբ ան 1972 թուականին բեմ բարձրացաւ անգլիացի ժամանակակից թատերագիր Արնոլտ Ուէսքըրի ( Arnold Wesker, 1932-2016) «Խոհանոց»ը թատրերգութեամբ։ Իր  դասընկերներ Օննիկ Գանթարճեանի եւ Յարութ Երէցեանի հետ ան նոյն տարիներուն հիմնեց իրենց երախտաշատ ուսուցիչ «Վարդան Աճէմեանի անուան ժողովրդական թատերախումբ»ը անոր անուան շուրջ հաւաքուած ուժերով շարունակելու իր թատերական գործունէութիւնը։ Վարդան Աճէմեանի անուան թատերախումբի առաջին բեմական գործը եղաւ հայրենի գրող Արամաշոտ Պապայեանի «Այո՛ Աշխարհն շուռ է եկել» թատերախաղի Լիբանանահայ կեանքին պատշաճեցումը իբրեւ «Հայկական Հարսանիք» Օննիկ Գանթարճեանի բեմադրութեամբ։ Հոյակապ ժողովրդական յաջողութիւն մը գտաւ ան ու կրկնուեցաւ շաբաթներ՝ բերնէ բերան լեցուն սրահներու մէջ։ Սարգիս Նաճարեան այդ բեմադրութեան առիթով «ԱՐԱՐԱՏ» օրաթերթի 29 Մարտ 1973 թիւին մէջ կը գրէր։ «Հայկական Հարսանիքը եկաւ պարզապէս հաստատելու  մեր այն համոզումը որ անհատապէս իրենց շնորհները , ձիրքերն ու թատերական կրթութիւնը քանիցս ցոյց տուած եւ մանաւանդ միեւնոյն դպրոցէն դուրս եկած տարրեր, կրնային միանալով , համադրելով իրենց ճիգերը, ի մի բերելով իրենց կարողութիւնները իրապէս լաւ գործ կատարել, նորութիւն մը բերել Լիբանանահայ թատերական կեանքէն ներս»։

«ՊԷՊՕ»յի բեմադրութենէն տեսարան մը։ 

Հակառակ որ կարճ կեանք մը ու փորձառութիւն մը ունեցած էր «Վարդան Աճէմեան թատերախումբը» ան 1973 թուականի վերջաւորութեան Յարութ Երէցեանի բեմադրութեամբ բեմ հանեց հայ թատրոնի ամէնէն դժուար նկատուած թատերախաղերէն Գաբրիէլ Սունդուկեանի «ՊԷՊՕ»ն ։ Լութֆին այդ թատերախաղին մէջ մարմնաւորեց Գիգորի կերպարը, միաժամանակ խորհրդատու եւ մենթոր հանդիսանալով առաջին անգամ բեմ բարձրացող երիտասարդ-երիտասարդուհիներու  որոնք խումբին կորիզը կը կազմէին այդ օրերուն։

Այս թատերական եռուն գործունէութեան կողքին Լութֆին ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ նաեւ հայ մամուլի աշխատանքին։ Ան 1968 թուականի կէսերուն հանդիսացաւ հիմնադիրներէն մին Լիբանանահայ լրագրական ասպարէզէն ներս եզակի ներկայութիւն հանդիսացող «Երիտասարդ Հայ.» երկշաբաթաթերթին։ Պարբերականը նախապէս կը խմբագրէր հանրածանօթ գրող տիկին Սիրան Սեզա ու լոյս կը տեսնէր իբրեւ «Երիտասարդ Հայուհի» ։ Երբ Տիկին Սիրան Սեզա պարբերաթերթը փակեց, երկար շաբաթներ տեւող յաջող բանակցութիւններէ ետք թերթի արտօնագիրը  յանձնեց Յովսէփ Մելքոնեանին ու Լութֆի Թապագեանին։ «Երիտասարդ Հայ»ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 27 Դեկտեմբեր 1969 ին խմբագրական կազմով մը որուն անդամներն էին Հ. Անդրանիկ վրդ. Կռանեան , Լութֆի Թապագեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Պետրոս Թերզեան, Օշին Գրգեաշարեան եւ Յովսէփ Մելքոնեան։ Ժամանակի ընթացքին պատրաստուած նոր ուժեր եկան ամբողջացնելու «Երիտասարդ Հայ.»ի կազմը։ Այդ խումբին կը պատկանէին գեղանկարիչ Ալեքսան Պէրէճիքլեան, Վարդան Նուտարիկեան, Վարուժան Սահակեան  եւ շատ ուրիշներ որոնք առանց սակարկութեան իրենց ժամանակն ու աշխատանքը նուիրեցին թերթին։  Պարբերաբար թերթի աշխատանքներուն կը սատարէին Մկրտիչ Պուլտուքեան, Լեւոն Թորոսեան,Գէորգ Քէպապճեան, Պարգեւ Դաւիթեան, Կարապետ Չատրեան , Յակոբ Վարդիվառեան եւ ուրիշներ։  Իրենց  գրութիւններով շաբաթաթերթի էջերուն մէջ յաճախ կ՛երեւէին նաեւ Լիբանանահայ գաղութիւն մէջ ճանաչում գտած անուններ ինչպիսին էին Վահէ Օշական, Հայր Վարդան վրդ. Աշգարեան , Գէորգ Աճէմեան եւ այլք։ «Երիտասարդ Հայ.»ը իր համա-Լիբանանեան կոչումը արտայայտող դերին մէջ ունեցաւ նաեւ արաբախօս Լիբանանցի երիտասարդ աշխատակիցներ յանձինն Թոնի Մանսուրի, Շառլոթ Հատտատի եւ այլոց։  

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ. երկշաբաթաթերթի խմբագրական կազմը 27 Դեկտեմբեր 1969 ին ։ Նկարին մէջ աջէն ձախ կ՛երեւին Լութֆի Թապագեան , Օշին Գրգեաշարեան եւ կինը,  Հ. Անդրանիկ վրդ. Կռանեան , Ժիրայր Դանիէլեան եւ կինը, Յովսէփ Մելքոնեան  եւ   Պետրոս Թերզեան։

«Երիտասարդ Հայ»ի հրատարակութիւնը եզակի երեւոյթ մը հանդիսացաւ Լիբանանահայ մամուլի կեանքին մէջ։ Լիբանանեան  արաբատառ «Ալ Սայատ« շաբաթաթերթը ողջունեց անոր ծնունդը մասնաւոր բաժին մը յատկացնելով իր 22 Յունուար 1970 թիւին մէջ աւետելու հայ երիտասարդութեան մուտքը Լիբանանեան եւ արաբական հարցերու աշխարհէն ներս։ Ֆրանսական հեղինակաւոր Le Monde Diplomatique քաղաքական ամսաթերթը Մայիս 1972 թիւին մէջ  «Մոռցուած  Սփիւռք մը- Հայերը » խորագրին տակ եւ Միշէլ Վարանտի ստորագրութեամբ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր հայ նոր սերունդի զարգացող կողմնորոշումի ծալքերուն վրայ։ «Յեղափոխական երիտասարդութիւն մը  կը մերժէ սփիւռքի կեանքը ինչպէս որ է ներկայիս եւ կ՛ուզէ վերջ տալ կէս դարեայ մոռացումին» կը գրէր ան։ Ֆրանսացի պատմաբան Իվ Դէրնոն ( Yves Ternon) իր  1983 թուականին հրատարակուած «La Cause Arménienne» գիրքի 228-253 էջերը նուիրած է սփիւռքի երիտասարդութեան զարթօնքին եւ այդ խմորուող շարժումին մէջ կարեւոր դեր խաղացած «Երիտասարդ հայ.» երեւոյթին։  «Փոփոխութեան այս անհրաժեշտութիւնը կ՛արտացոլացուի Պէյրութ հրատարակուող Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթով» կը գրէր ան։ Աւելի ուշ անդրադառնալով Լիբանանահայ լրագրութեան պատմութեան Դոկտ Մինաս Գոճայեան «Նոր Օր» շաբաթաթերթի  20 Յուլիս- 3 Օգոստոս 2002 թիւերուն մէջ    կ՛անդրադառնար «Երիտասարդ հայի ոդիսականին» բացատրելով անոր ծնունդ տուող պատճառները եւ ձգած ազդեցութիւնը ։ Այս պայմաններուն մէջ «հասակ առած էր ու իր ձայնը կամաց կամաց լսելի դարձնել սկսած էր երիտասարդութիւն մը , որ իր արդար տեղը կը պահանջէր սփիւռքահայ կառոյցներուն մէջ, եւ կամ մերժելով եղածը կը պահանջէր վերատեսութիւն եւ վերակառուցում» կը գրէր Դոկտոր Գոճայեան։ Այս նոյն երեւոյթին ակնարկելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան 2013 թուականին հրատարակուած  իր «Անկախութեան Ճանապարհով» գիրքի էջ 66-ի մէջ հետեւեալ հաստատումը կ՛ընէր «Երիտասարդ հայ.»ի մասին։ «Հանդէսը կարճատեւ  գոյութիւն ունեցաւ Լիբանանում, սակայն մի ամբողջ սերնդի սովորեցրեց խորհել սփիւռքի աւանդական հաստատութիւնների շրջանակներից դուրս, խրախուսեց քննադատական միտքը , թապուների (taboo) վիճարկումը եւ լայնախոհ երեւակայութիւնը»։

Լիբանանի 1975էն մինչեւ 1990 տեւող քաղաքացիական պատերազմը ծանր հարուած հասցուց  եռուն Լիբանանահայ կեանքին ու աշխարհի չորս դին ցրուեց  բոլոր անոնք որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունէին այն կեանքէն ներս։ Ուրիշներու նման Լութֆին եւ ընտանիքը եկան հաստատուելու Լոս Անճելըս  1979 թուականին։

Ասպարէզային պահանջքները զիս տարին նաեւ տարբեր ուղղութիւններով ու Լութֆիի հետ անմիջական իմ կապերը տարիներով դադրեցան, օրուան պայմաններու բերումով եւ դասաւորումով։ Միայն երբ տարիներ ետք 1982 թուականին Ուաշինկթըն հասայ Համաշխարհային Դ՚րամատան մէջ պաշտօնս ստանձնելու  համար մեր երկուքի հասարակաց կապերէն իմացայ որ Լութֆին Ամերիկա հաստատուած էր ու կը գտնուէր Լոս Անճելըս։ Թէեւ պարբերաբար կապի մէջ էինք սակայն յարատեւ եւ երկար ասպարէզային գործառնութիւններու պատճառով ըրած ճամբորդութիւններս արգելք հանդիսացան ոեւէ կանոնաւոր կապի։   

23 Սեպտեմբեր 2022 թուականին պատահած մահուան առիթով հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած  մահագրութիւնները կ՛արձանագրեն Լութֆիի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ յառաջ տարած թատերական եւ  հասարակական գործունէութեան պատկերը։ Թէեւ ան պահ մը շարունակեց իր թատերական գործունէութիւնը բայց էապէս կենդրոնացաւ լրագրական ասպարէզին մէջ տարած իր աշխատանքին նախ «Լրաբեր» եւ ապա «ՆՈՐ ՕՐ» շաբաթաթերթերուն մէջ խմբագրական եւ վարչական տարբեր պատասխանատուութիւններով ։ Էապէս ամբողջ կեանք մը նուիրեց Հայ թատրոնին եւ հայ մամուլին։

Լութֆին բացառիկ համեստութեամբ օժտուած անձ մըն էր։ Միաժամանակ հաշտութեան եզրեր փնտռող  եւ հետապնդող անձ մըն էր առաւելագոյն արդիւնագործութեան մը հասցնելու համար ոեւէ աշխատանք կամ ծրագիր ։ Ես անոր փաստը տեսայ ուսանողական տարիներուն եւ մանաւանդ «Երիտասարդ Հայ.»ի հրատարակութեան ընթացքին եղած քննարկումներու , վիճաբանութիւններու եւ առնուած որոշումներու ընթացքին։ Ես պարզապէս կը հիանայի  իր համբերատար ոգիին  եւ բերած շինիչ մասնակցութեան համար։ Ամէն եզրի եւ գաղափարի պատկանող անձերու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէր ու գաղափարի փոխանակում կ՛ունենար առանց զիջելու իր սկզբունքներէն ։ Միշտ պատրաստ էր դիմացինին գաղափարները մտիկ ընելու խորապէս գիտակից իր ընկերային եւ հասարակական պարտաւորութեանց ։   

Այդպէ՛ս էր երբ ճանչցայ Լութֆին  60 տարիներ առաջ ու այդպէ՛ս ալ մնաց Լութֆին իր ամբողջ կեանքին ընթացքին – խորապէս զգայուն, բազմակողմանիօրէն տաղանդաշատ, համեստ ու ամէնուն կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն մը։ 

Ու հիմա երբ վերջին արարի վարագոյրը իջած է  ու լռութիւն կը տիրէ  սրահէն ներս, կը սգամ իմ ընկերոջս մահը ու իմ սրտագին հոգեկցական ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ իր կողակիցին՝ Մատլէնին, երկու զաւակներուն եւ անոնց ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ կ՛ըսեմ

Վարձք կատա՛ր, Լութֆի ջան։

                                         Հիւսթըն,  3 Նոյեմբեր  2022

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին