Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Քոլերայով Երեք Նոր Վարակումներ Լիբանանի Մէջ

Մինչ Լիբանանի անպատասխանատու քաղաքական ղեկավարութիւնը ժողովուրդը շաբաթներով զբաղեցուց նախագահական ընտրութիւններու բեմադրութիւններով, դարանակալ քոլերան իր աւերը շարունակեց գործել մանաւանդ երկրին հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որ բնակուած է սուրիացի գաղթականներով:

Արդարեւ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան 3 նոր վարակակիրներու մասին յայտարարեց, ընդհանուր վարակիրներու թիւը հասցնելով 416-ի մինչ մահացածներուն թիւը մինչեւ օրս հասած է 18ի:

Երեւոյթը մտահոգիչ է եւ կը կարօտի լուրջ միջոցառումներու մինչ երկիրը կը տառապի դեղորայքի անհասանելիութենէ, ու հիւանդանոցներն անգամ մեծ դժուարութեամբ կը գործեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին