Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Ապրելու Կամքը…

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Կիրակի Սեպտեմբեր 18,  Կիպրահայ գաղութին հետ մասնակցեցայ ժողովրդային հաւաքին, ի զօրակցութիւն հայոց բանակին։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիպրոս-Հայաստան բարեկամութեան այգիին մէջ, Նիկոսիա։

Շատ քաջալերական էր տեսնել եթէ մէկ կողմէ երիտասարդներ եւ չափահասներ, բայց նոյնքան նաեւ պատանիներ։

Շատ դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն օրերու մէջ ենք որպէս հայկական իրականութիւն։ Եթէ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կայ մտահոգութիւն, անորոշութիւն, բայց նոյնքան նաեւ տրտմութիւն։ Տրտմութիւնը մեր քաջարի երիտասարդ տղոց նահատակութիւնն է։ Իսկ անորոշութիւնը՞…։ «Լինելու եւ չի լինելու» պատերազմին մէջ ենք…։

Եթէ մէկ կողմէ կը հետեւէի Սրբազան Հօր եւ պետական ներկայացուցիչի պատգամներուն, բայց նոյնքան նաեւ կը նայէի չորս կողմս։ Կը դիտէի մանաւանդ մեր պատանիները։ Անոնք մէկ կողմէ հպարտօրէն կը ծածանէին հայկական դրօշակը եւ միւս կողմէ պաստառներ։ Եւ այս բոլորին մէջէն տեսայ մէկ իրականութիւնը։ ԿԱՄՔԸ…

Հայուն պատմութիւնը միշտ ալ լեցուն եղած է տագնապներով։ Կարծէք տագնապները «կարաւանի» մը նման, մէկ-մէկ, մեր ետեւէն եկած են մեր կեանքերուն ընթացքին։ Բայց այդ բոլոր տագնապներուն մէջէն մենք ցոյց տուած եւ դրսեւորած ենք մէկ իրականութիւն։ Ապրելու Կամքը։

Մենք ազգ մըն ենք որ ունեցած է եւ տակաւին քաղաքակրթութիւն մը որ հազարամեակներու վրայ երկարած սատարած է միջազգային եւ համամարդկային կեանքերու յառաջխաղացքին։ Մեր պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջէն դրսեւորած ենք կամք եւ վերածած զայն ապրող իրականութեան։ Ապրած ենք ոչ թէ աննպատակ, այլ նպատակասլաց։ Իսկ նպատակը։ Կեանքը կերտել եւ զայն ապրիլն է։ Եթէ ապրած ենք ու տակաւին որպէս հայ ժողովուրդ՝ բայց նաեւ բաժնեկցած զայն համամարդկային իրականութեանը մէջ։

Այսօր, այս հաւաքի ընթացքին, ես նորէն տեսայ այս կամքը։ Կամքը հայ պատանիին, երիտասարդին եւ չափահասին։ Իմ եւ մեր բոլորին կամքը։ Եթէ մեր հայ քաջարի բանակին տղաքը կը կռուին եւ կը նահատակուին, քանի կուզեն ամուր պահել հայուն ապրելու կամքը։

Եւ այս ապրելու կամքով մենք պիտի դուրս գանք այս անգամ ալ այս ճգնաժամէն՝ որքան որ այս ճգնաժամը «մահուան շուքի ձորի» մէջէն քալելու իրականութիւնն է։ Այս կամքը մեզ զօրաւոր պահած է (ու տակաւին այսօր պիտի ընէ նոյնը)՝ որ «չարէն չի վախնանք»։

Բայց այսօրը ունի նաեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն։

Այս ճգնաժամէն դուրս պիտի գանք «բոլորս» եւ «միասին»։ Իսկ բոլորս՞ եւ միասին՞։ Ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ։ Բոլորս եւ միասին։

Մեր հայ բանակին եւ անոր նահատակ տղոց արեան կանչն է այս։

Հայուն ապրելու կամքը։

Յարգանք մեր հայ բանակին եւ անոր իւրաքանչիւր կռուող թէ նահատակ քաջամարտիկներուն։

Ապրինք եւ (վեր)ստեղծենք հայուն ապրելու այս կամքը։

Ապրելու կամքը…։ Բոլորս եւ  Միասին։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին