Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Եգիպտականք (8)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Եգիպտական այբուբեն  

 Այս խորագիրը իր դրուածքով խաբուսիկ է, քանի որ օրին, այսինքն՝ հինգ հազար տարի առաջ, եգիպտացիները չունեցան  իրենց Մեսրոպ Մաշտոցը, որ այբուբեն մը  հնարէր եգիպտերէնին համար: Ստորեւ տրուած ցանկը եգիպտագէտներու սարքածն է, ուր  ի մի բերուած է մեhենագրերու  իւրայատուկ մէկ  ենթատեսակը միայն:

Ուրեմն այստեղ մէկտեղուած են եգիպտերէնի շուրջ 750 մեհենագրերէն անոնք, որոնք միահնչիւն են, այսինքն՝ միայն մէկական հնչիւն կը նշեն. այսպիսիները «տառ» ալ կը կոչուին, ինչպէս կը կոչենք մեսրոպեան այբուբենի գրանշանները, որոնք մէկական հնչիւն կը նշեն: Մինչ մնացեալները  երկհնչիւն, եռահնչիւն, իսկ երբեմն ալ քառահնչիւն մեհենագրեր են:                                                                                      

Ծանօթ.−  Իւրաքանչիւր տառի կից յիշուած է անոր ծագումնաբանութիւնը.   օրինակ՝    a – անգղ, ij – եղեգ, y – կրկնակի   եղեգ,  â – նախաբազուկ եւ  այլն: j  տառը   համարժէք է մեր յ – ին՝ երկու ձայնաւորներու  միջեւ. օրինակ՝  նայիլ,  կայի: Ասոնք կը     համապատասխանեն  մօտաւորապէս Շամպոլիոնի  վերծանած մեհենագրերուն: Նկատել, որ երեք  քառակուսիներ՝ y, r l,  կը բովանդակեն երկուքական  գրանշաններ:

Օտար արքաներու անունները, ինչպէս տեսանք, այս տառերով գրուած են իրենց համապատասխան փամփուշտներուն մէջ: Այս պատճառով ալ առաջին նուագ այնպէս ենթադրուած է, թէ ասոնք հնարուած են յարաբերաբար շատ ուշ, ըսենք՝ մօտաւորապէս 4-րդ դարուն Քա. յունական ու հռոմէական անուններու արձանագրութեան համար, սակայն  այնուհետեւ երեւան եկած են  երկրորդ, մինչեւ իսկ երրորդ  հազարամեակի արձանագրութիւններ, որոնց մէջ  կը  գտնուին  այս նոյն միահնչիւն մեհենագրերը. օրինակ՝ Խու Ֆու  փարաւոնին անունը՝ 2600-ին Քա.:

Քանի ասոնք  տրամադրելի էին, հապա  ինչո՞ւ եգիպտացիք, ուրիշ ժողովուրդներու  պէս,  չեն գոհացած այս երեսնեակ մը միահնչիւն գրանշաններով, որոնք լայնօրէն բաւարար էին գրելու եգիպտերէնի բոլոր բառերը անխտիր, եւ յումպէտս  բարդացուցած են իրենց ուղղագրութիւնը:  Այս հարցումը, դժբախտաբար, մինչեւ հիմա որեւէ տրամաբանական ու   գոհացուցիչ պատասխան  չէ գտած, այսուհանդերձ եգիպտերէնով տարուած ամէն մահկանացու  կը փորձէ իր լուծումը տալ անոր: Եւ մենք պիտի ընենք նոյնը՝ պիտի տանք մերը:  

Երբ ուրիշ ժողովուրդներ, ինչպէս  փիւնիկեցիները, յոյները, հրեաները   հնարեցին իրենց հնչիւնագիր այբուբենը, անոնք գրական ժառանգ չունէին  կամ թէ ունեցածնին շատ աննշան էր, եւ ամէն բան նոր պիտի սկսէին, մինչդեռ եգիպտացիք իրենց ետին կուտակած ունէին հսկայ գրականութիւն մը, որուն պարտադրած աւանդոյթէն հրաժարիլ  շատ դժուար էր, մանաւանդ որ մեհենագրերուն կողքին ու անոր զուգահեռ արդէն կը կիրարկէին երիցագիրը (hieratika), որ զգալիօրէն աւելի պարզ էր քան մեհենագրերը, եւ դժուարութիւն ունեցողը  անոր կը դիմէր,  իսկ  ժամանակ մը անց՝ երիցագիրն ալ ունեցաւ աւելի պարզունակ ռամկագիրը (demotika), որ  մեհենագրերուն    անպատեհութիւններէն շատ աւելի զերծ էր,− այսպէսով մեհենագրերու  կիրարկութեան աւանդական խրթին ոճը ամբողջութեամբ կը մնար քուրմերու եւ  տաճարներու  սեփականութիւնը, որուն  խորապէս կառչած էին անոնք:

Իսկ դամբարաններու մէջ, մոմիայի կողքին դրուող գրու թիւնները, որոնք աւանդաբար մեհենագրով կը գրուէին,    ապա անոնք    եւս   սկսան իրենց տեղը հետզհետէ զիջիլ երիցագի րին, իսկ աւելի ուշ՝ ռամկագիրին: Այս  փոխարինումը իր կարգին  պատճառ կը դառնար, որ աւանդոյթը փոխելու  ճնշումը նուազէր, մանաւանդ որ ռամիկին համար աւելի մատչելի էր  նոր գրելակերպը: Այս բոլորէն վեր տակաւին կարելի է մտածել, որ գեղագիտական զգացումը այնքան խոր էր մեհնագրերու  մտերմութեան մէջ ապրողներուն, որ անոնք բարոյական  անկարելիութեան առջեւ էին հրաժարելու աւանդակէն համակարգէն:


Առաջին դարու վերջերուն Քե. Եգիպտոսի մէջ հետզհետէ ձեւաւորուեցաւ ղպտական այբուբենը, որ նոյնինքն յունական այբուբենն էր, որուն վրայ կ’աւելնային  եօթը մեհենագրեր,− նկարին  աջակողմեան սիւնակը,− որոնց համարժէքը չունի յունարէնը: Ղպտիները, որոնք ուղիղ ժառանգորդներն էին բնիկ եգիպտացիներուն, գրեթէ ամբողջութեամբ իւրացուցին այս այբուբենը, որով  թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը եւ յօրինուեցաւ  ղպտի հոգեւոր գրականութիւնն ալ: Ղպտերէնի մահով 17-րդ դարուն՝ այբուբենն ալ այժմէականութիւնը կորսնցուց.  ան ներկայիս կը պահուի  հոգեւոր գրականութեան մէջ եւ միայն ապագայ ժառանգաւորներ կը սերտեն զայն:

Ձախին՝ ղպտերէն աւետարան մը. նկարը՝ Յիսուսի մկրտութիւնը:
Աջին՝ Եգիպտոսի ղպտական հնագոյն մէկ տաճարը:

Հաթոր աստուածուհիի տաճարին առաստաղը
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին