Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Եգիպտականք (2)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեհենագրերու վերծանումը պիտի սկսէր 19-րդ դարու առաջին քառորդին:

Այդ սխրանքին ետին կանգնած էր Jean-François Champollion-ը, որ իր  կարգին կը կանգնէր Ռոզեթեան կոչուած քարին վրայ, իսկ սա իր ետին ունէր… Napoléon Bonaparte-ը:

Այսպէս, ամէն բան սկսաւ…  Նապոլէոնով:


 Որ 19  մայիս 1798-ին  Ֆրանսայի Թուլոն նաւահանգիստէն ճամբայ կ’ելլէր հսկայական նաւախումբով մը, որ կը փոխադրէր 40.000 ցամաքային զինուոր,− ճիշդ Աղեքսանդր մեծի ունեցածին չափ,− եւ 10.000  նաւազներ: Այս աննախընթաց արշաւին  կը միանային նորանոր  նաւեր ֆրանսական այլ նաւահանգիստներէ՝ կազմելու համար 400 միաւորէ աւելի հաշուող ահռելի նաւատորմիղ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար գրաւել Եգիպտոսը՝ փակելու համար Հնդկաստանի ճամբան անգլիացիներուն առջեւ:

Այդ բանակին կ’ընկերանային շուրջ 300 պատմաբաններ, ճարտարապետներ, նկարիչներ, բժիշկներ, լեզուաբաններ, ինչպէս նաեւ գիտութեան ու  արուեստի այլ ներկայացուցիչներ:

Մայիսի 19-ին անոնք  կը գրաւեն Մալտա կղզին եւ այնտեղ կը հաստատեն  նոր   վարչակազմ մը, իսկ յուլիսի 1-ին ոտք կը դնեն Աղեքսանդրիոյ  նաւահանգիստը:

Այդ կեցութիւնը պիտի տեւէր մինչեւ 1801:  

Հազիւ ոտք դրած եգիպտական հողի վրայ՝ ֆրանսացիներու առաջին գործը եղաւ  Աղեքսանդրիոյ ափին կառուցել արդիական նաւահանգիստ մը, եւ առ այս բանուորները սկսան քար կրել դէպի ծովափը: Ձեռք բերուած քարերէն մէկը ունէր արտասովոր կառոյց մը. անոր մէկ կողմը բոլորովին ողորկ էր եւ կը կրէր անծանօթ արձանագրութիւններ, ուր յստակօրէն կը զանազանուէին երեք տարբեր ոճեր: Դժուար չեղաւ հաստատել, որ ստորին շերտը հին  յունարէն էր, իսկ այնտեղ ներկայ լեզուաբանները միւս երկու շերտերուն մէջ իսկոյն ճանչցան եգիպտական գիրերու  երկու տարբերակներ՝ բուն մեհենագրերը (hyéroglyphes) եւ աւելի ուշ ժողովրդականացած բոլորգիր տարբերակը, որ օրին  յոյները կոչած էին  demotika, այինքն՝ ժողովրդագիր կամ ռամկագիր (demos = ժողովուրդ, ռամիկ):

Արշաւախումբը եւ առաջինը  Նապոլէոն ինք  խոր յուզումով  կ’անդրադառնային, թէ դէմ-յանդիման կը գտնուէին պատմական աննախադէպ  գտածոյի մը:

Քարին գտնուած վայրը կը կոչուէր Rachid, եւ քարն ալ ֆրանսական բերնի մէջ աղաւաղուելով կոչուեցաւ   Rosetta կամ Pierre Rosetta, այսինքն՝  Ռոզեթեան քար:

Նկարիչները իսկոյն գործի անցան եւ թուղթի վրայ ընդօրինակեցին ու բազմագրեցին քարին արձանագրութիւն(ներ)ը: Եւ… բարեբախտաբար:

Քանի քիչ անց վրայ հասաւ անգլիացի ծովակալ Նելսոնը, մեծ վնաս հասցուց ֆրանսական նաւատորմիղին, իւրացուց ֆրանսացիներու ձեռքբերումները, որոնց կարգին…  Ռոզեթեան քարը, որ այնուհետեւ սեփականութիւնը դարձաւ  Բրիտանական  թանգարանին, Լոնտոն,  ուր եւ կը մնայ ան մինչեւ  այսօր:

Այս արշաւանքին մնացեալ հանգամանքները չեն մտներ մեր սերտողութեան մէջ. փափաքողները կրնան դիմել համացանցին, ուր ան պատմուած է մանրամասնօրէն:


Արձանագրութեան բովանդակութիւնը մասնաւոր հետաքրքրութիւն  չի ներկայացներ. ան հրամանագիր մըն է, որ հրապարակուած է 196-ին (Քա.) օրուան յոյն փարաւոնին՝ Պտղոմէոս (Ptolémé-Ptolmis) Ե.-ի կողմէ: Քարին չափերն են 112,3 x 75,7 սմ մակերեսով,  պազալթանման զանգուած մը, որ կը կշռէ մօտաւորապէս 760 քկ:

Այս կոթողը (տեսնել ստորեւ), ինչպէս նկատելի է,   շատ վիրաւոր է. անկէ անջատուած են  բազմաթիւ կտորներ՝ իրենց ետին ձգելով ընդամէնը 14 տող մեհենագիր, 32 տող ռամկագիր (ամենաամբողջականը տողերու երկարութեան տեսակէտէ) եւ 54 տող յունագիր ոչ-ամբողջական  հատուածներ:

Հակառակ այս բոլորին՝ ան կը հանդիսանար թանկագին  գործիք մը, որուն ճիշդ օգտագործումէն կախեալ էր ակնկալուած յաջողութիւնը: Որուն լծուեցան շատեր, եւ որոնց մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի դարձաւ Champollion-ը:

Անոր յունական շերտի թարգմանութիւնը տեղի ունեցաւ 1803-ին, իսկ եգիպտական շերտի գոհացուցիչ թարգմանութիւնը պիտի սպասէր 20 տարի եւս, եւ զայն կատարողը պիտի ըլլար նոյն ինքն Շամպոլիոնը՝ 1822-ին (ստորեւ նկարը):

Մինչ այդ Եգիպտոսի տարածքին գտնուեցան վերոնշեալ հրամանագրի նմանակին կտորտանքները, ինչպէս նաեւ գտնուեցան այլ երկլեզուեան  բնագրեր, որոնց բոլորին գիտական համբերատար օգտագործումով ծնունդ առաւ եգիպտագիտութիւնը:


Շամպոլիոն, գերօժտուած մանուկ  մըն էր, որ ծնած էր 1790-ին,  Figeac, Lot` հարաւային Ֆրանսա: Եղբօրը քաջալերանքով  եւ օժանդակութեամբ ան նուիրուեցաւ լեզուներու ուսումնասիրութեան: Անչափահաս պատանի՝ արդէն կը խօսէր ու կը գրէր լատիներէն, հին յունարէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ… ղպտերէն. այս վերջինը սորված էր ՝ դիւրացնելու համար  վերծանումը հին եգիպտերէնի, որ իր բոլոր ճիգերուն կիզակէտն էր եւ որուն մէկ բարբառն էր ղպտերէնը:

Անոր գիտելիքները կատարելագործելու համար՝ եղբայրը զինք կը տանի Փարիզ, ուր երկու տարի Collège de France-ի մէջ կը հետեւի լաւագոյն լեզուաբաններու դասերուն:

Եւ այնուհետեւ ան կը նուիրուի իր  մեծ երազին՝  մեհենագրերու վերծանումին:

                                                                                                                                                       

Բուրգերուն դիմաց

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին