Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք անակնկալ մահը ընկ.հի Սոնիա Ազնաւուրեանին:
Ընկ.հի Սոնիան իր անկեղծ, կենսուրախ եւ անմիջական նկարագրով սիրուած էր բոլորէն անխտիր:
Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ընտանիքը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ընկ.հի Ազնաւուրեանին զաւակներուն՝ մեր մեծ ընտանիքին հոգեհարազատ անդամներուն՝ Մակիին, Անիին, Գարոլինին եւ Արային:
Թող, որ Աստուած հանգուցեալին հոգին լոյսերու մէջ պահէ:
Յիշատակը մնայ անթառամ: