ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մինի ֆութպոլի կազմը հասաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտական փուլը:
Առաջին փուլի մրցումներուն, չորս խմբակներու բաժնուած ախոյեանութեան մասնակից 16 խումբերը (իւրաքանչիւրը՝ չորս խումբ) երթուդարձի դրութեամբ մրցեցան իրարու դէմ: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս արձանագրեց հինգ յաղթանակ եւ կրեց մէկ պարտութիւն, ապահովելով քառորդ աւարտականի իր ուղեգիրը: Սակայն, կոլերու տարբերութեամբ գրաւեց իր խմբակին երկրորդ դիրքը: Չորս խմբակներէն գլխաւոր երկու դիրքերը գրաւող կազմերը անցան քառորդ աւարտական:
Քառորդ աւարտականին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆրենտզը: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 Սեպտեմբերին, ՀԵԸ Անդրանիկի սեփական մարզադաշտին մէջ: Կ’արժէ նշել, որ մրցումը ուղիղ հաղորդումով պիտի սփռուի հեռատեսիլի LBC-ի կայանէն:
Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Գօգօ Ալոզեանը, վարչական պատասխանատուն՝ Ալեքս Առաքելեանը, ֆետերասիոնին մէջ ներկայացուցիչը՝ Թոնի Ճունթոյեանը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկի մարզչական կազմին, վարչական պատասխանատուներուն եւ բոլոր մարզիկներուն: