Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Ազգային Արժանապատուութեան Մեր Հերթական Նուաստացումը

Տեսանկիւն

Հայաստանի Մշակութային Ժառանգութեան Պաշտպանութեան Հանրային Խորհուրդը կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճան արդէն մշակած է Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծ, որուն մասին յայտնած է Ազրպէյճանի «Յուշարձաններու Պաշտպանութեան Հասարակական Միաւորում» կազմակերպութիւնը՝ հրապարակելով համապատասխան լուսանկար։

Նախագիծին համաձայն, պիտի անջատուի գմբէթի վեղարն ու զանգակատունը, պիտի կառուցուին երկու մինարէներ։ Պարզ է նաեւ, որ եկեղեցւոյ պատերուն բոլոր արձանագրութիւնները պիտի ջնջուին։

Արդէն իսկ հաստատուած իրողութիւն, թէ թշնամական երեւակայութեան արդիւնք, փաստը կը մնայ փաստ, որ մեր թշնամին կը մնայ հարազատ ժառանգորդը իր արիւնարբու եւ սրբապիղծ նախնիներուն: Նաեւ այլ փաստ մը կը մնայ փաստ, որ մինչ մենք հայրենիքի գերիշխանութեան ու ապահովութեան վերաբերող չունինք, ո՛չ մէկ յստակ ռազմավարութիւն կամ տեսիլք. մինչ Արցախի մասին Հայաստանի իշխանութիւնը կը վարէ կրաւորական եւ ուրացումի քաղաքականութիւն, թշնամին իր տակաւին չգրաւած վայրերուն մասին ունի ծրագիրներ…:

Ազգային արժանապատուութեան հերթական նուաստացումի նոր դրուագ մը ահա, որ դժուարութիւն ունիմ հասկնալու, թէ ինչպէ՞ս ազգովին կրնանք հանդուրժել:

Ցաւով, սակայն նաեւ պատուով այստեղ կը նշեմ, որ նշեալ գողտրիկ եկեղեցին վերջին անգամ գտնուեցայ ընդամէնը 40 օրեր առաջ, ուր Ազատագրական Շարժումին անդամ խումբ մը զինակից ընկերներով գացած էինք ուխտի՝ միեւնոյն ժամանակ զօրավիգ կանգնելու ու քաջալերելու տեղւոյն բնակիչները, որոնք կառչած էին իրենց պապենական հողին: Անձնական օրինակով եւ այնտեղէն խումբով կոչեր արձակեցինք հայաշխարհին, մեր ժողովուրդին պատմութեան ծանրակշիռ այս օրերուն մեծ թիւերով ուղղուելու Բերձոր եւ Աղաւնօ գիւղ, կարեւոր պատգամ մը ուղղելու միջազգային ընտանիքին, ինչպէս նաեւ փորձել խոչընդոտելու շրջանը յանձնելու կամ գրաւելու դժոխային ծրագիրը:

Մինչ մենք հաստատ գիտենք, որ աշխարհի վրայ չկայ ուժ, որ կրնայ յաղթել ժողովրդային կամքին, ի՞նչ ալ ըլլան պարտադրանքները: Մինչ չկայ որոշում կամ կարգադրութիւն, որ կարելի չէ շրջանցել ժողովրդային պնդումով ու կամքով, ափսոս սակայն ազգովին նմանօրինակ ճնշման միջոցներով քայլեր առնելու մեր կոչերն  ու յորդորները մնացին գրեթէ անարձագանգ եւ ահա այսօր կանգնած ենք դառն իրականութեան մը առջեւ: Շուտով կը յանձնուին ու կը թրքանան նշեալ տարածքները ԲՈԼՈՐԻՍ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ:

Կը հաւատամ, որ մենք եթէ օրին յաջողած ըլլայինք Արցախը վերաբնակեցնել՝ 150 հազար բնակչութեան տեղ ունենալով օրինակ մէկ միլիոնի հասնող բնակչութեան թիւ, անոր ճակատագրին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած պիտի ըլլայինք, նոյնիսկ կանխելով 44օրեայ ցաւոտ պատերազմը:

Հեռակայ հայրենասիրութիւնը, ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Հայրենիքը այսօր եւ միշտ կարիքը ունի գործնական հայրենասէրներու: Մեր իսկ հայրենիքին մէջ ազգային փոքրամասնութեան վերածուած խումբ մը հայորդիներուն ճակատագիրը չէ միայնակ պաշտպանել ու պայքարիլ պահելու հայրենի հողը, որուն սեփականատէրը կը յաւակնին ըլլալ հեռաւոր ու ապահով ափեր նստած «հայրենասէրներ»:

Ինչ կը վերաբերի պատմական թիւրիմացութեան մը արդիւնքով Հայաստանի իշխանութիւնը զաւթած խմբակին, ապա անգամի մը համար եւս պէտք է յիշեցնել, որ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել ազգային արժանապատուութեան նուաստացման հաշուոյն… Բերձորի Սուրբ Համբարձում Եկեղեցիին ճակատագիրը վկայ:  

Բերձորի եւ անոր ճակատակագրակից մեր այլ կոթողներու սրբապղծումին փաստը, յաւիտեանս խառան պիտի մնայ մեր ժողովուրդը այս դառն իրավիճակին հասցուցած անձանց ճակատին, ըլլան անոնք անմիջական պատասխանատուներ, թէ անփոյթ հանդիսատեսներ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին