Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Յաւելեալ Կոչեր Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմութեան

Կոչերը կը շարունակուին Լիբանանի կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան օրակարգով:

Վերջինը կը հանդիսանայ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլայինը, որ դարձեալ շեշտը դրաւ կառավարութեան կազմութեան առաջնահերթութեան վրայ:

Նշենք, որ Հըզպալլան ալ յստակ կեցուածքով մը Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիին վստահած էր կառավարութեան կազմութիւնը:

Այս պահուս նմանօրինակ կոչերու միատեղ հնչեցումը պարզ կը դարձնէ, որ կողմերը համաձայն են լիիրաւ կառավարութիւն մը ունենալ շուտով հակակշռելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու յառաջիկայ 31 Հոկտեմբերէն ետք նախագահական աթոռին թափուր մնալու հաւանականութեան պարագային:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին