ԱԶԱՏ ԱԲՂ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Քրիստոնէութիւնը սիրոյ կրօնք է: Քրիստոնեան իր կեանքը պարտաւոր է ապրիլ Քրիստոսի պատուէրներուն համաձայն, եւ մեծագոյն պատուէրը, ինչպէս Քրիստոս Ինք կ՚ըսէ՝ սէրն է (Յհ 13.34): Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ, թէ ի՛նչ է ճշմարիտ սէրը: Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի սիրով պէտք է լեցուած ըլլայ ճշմարիտ քրիստոնեային հոգին. «Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա. Կր 13.4-7):
Այսօրուան մեր հիմնական նիւթն է Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինին ունեցած խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը: Վերը ընդհանուր ակնարկով մը նշեցինք, թէ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ո՛վ է ճշմարիտ քրիստոնեան: Պօղոս առաքեալին խօսքը մեկնակէտ ունենալով, եկէ՛ք միասնաբար սերտենք Ս. Կոյս Աստուածածինին կեանքը եւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած դէպքերուն ընդմէջէն, փորձենք ճանչնալ զԱյն Իր խոնարհութեան եւ Իր մեծութեան մէջ:
Մատթէոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները մեզի կը պատմեն, թէ ինչպէս հրեշտակը Մարիամին կը յայտնուի եւ Քրիստոսի ծնունդը կ՚աւետէ Անոր: Հրեշտակը Մարիամին հետ խօսելու ատեն կը գործածէ այնպիսի մեծ տիտղոսներ եւ բառեր, որոնք կրնային Իր մէջ հպարտութիւն արթել: Հրեշտակը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ շնորհքին արժանացար», «Զաւակդ մեծ պիտի ըլլայ», «Բարձեալին Որդին պիտի կոչուի», «Աստուած Անոր պիտի տայ Դաւիթի գահը», «Անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ», «Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ», «Բարձեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի», «Ծնելիք զաւակդ սուրբ է» եւ «Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»: Մարիամ այս բոլոր խօսքերը լսելով կրնար հպարտանալ: Մարիամ եւս մարդ էր, սակայն Իր ունեցած խոնարհութիւնն ու հեզութիւնը, Իր ունեցած պարզութիւնն ու համեստութիւնը թոյլ չտուին, որ Իր մէջ արթննար հպարտութիւնը: Մարիամ հրեշտակին արտասանած այս երանելի խօսքերը լսելէ ետք, կատարեալ խոնարհութիւն, հաւատք ու վստահութիւն ունենալով Աստուծոյ հանդէպ ըսաւ. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ»: Մարիամ Ինքզինք Աստուծոյ աղախինը կոչեց: Հակառակ այն իրողութեան, որ Աստուծոյ կողմէ արժանացած էր ամէնէն մեծ պարգեւին, սակայն Ան պահեց Իր խոնարհութիւնը ամէն տեսակ փառքի ու պատիւի առջեւ: Մարիամ Իր այս խօսքով կու գայ մեզի սորվեցնելու, թէ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը պարգեւէ զանազան շնորհքներ, սակայն մենք այդ բոլորին դիմաց հպարտանալու փոխարէն, պէտք է շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ եւ խոնարհութեամբ ընդունինք Անոր ընծան, որովհետեւ մենք արժանի չենք որեւէ պարգեւի, սակայն Աստուած է, որ մեզ անոր կ՚արժանացնէ:
Մարիամ լսեց Աստուծոյ Ձայնը եւ խոնարհութեամբ ընդունեց զԱյն: Այսօր մենք եւս ամէն օր առիթ ունինք լսելու Աստուծոյ Ձայնը, լսելու Աստուծոյ Խօսքը: Սակայն մեր առօրեայ մտահոգութիւններէն մղուած, ընդհանրապէս չենք կրնար լսել Անոր պատգամն ու թելադրանքը: Միջոցները շատ են: Աստուած զանազան միջոցներ կ՚օգտագործէ Իր արարածին հետ ըլլալու, անոր հետ խօսելու եւ Իր կամքը յայտնելու անոր: Սակայն մենք ամէն բանէ առաջ պատրաստակամութիւնը պէտք է ունենանք լսելու Աստուծոյ Ձայնը: Մարիամ երեք տարեկան հասակէն տաճար ընծայուած էր: Այս կը նշանակէ, թէ Ան լեցուած էր Աստուծմով եւ ծանօթ էր Աստուծոյ Ձայնին, Գործին ու Կամքին: Մարիամ կը հաւատար Աստուծոյ ներկայութեան եւ այդ հաւատքէն մղուած լսեց Աստուծոյ Ձայնը: Բայց երբ լսեց առանց վախնալու եւ կամ առանց երկմտելու հաւատաց եւ խոնարհութեամբ հնազանդեցաւ Աստուծոյ Կամքին: Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ, թէ ան որ պատրաստ է լսելու Աստուծոյ Ձայնը, Աստուած կը խօսի անոր հետ եւ ինք կը լսէ Տիրոջ Ձայնը:
Մարիամ երեք տարեկան էր, երբ տաճար ընծայուեցաւ: Ինչ հաճելի է երբ մանուկներ իրենց փոքր տարիքէն եկեղեցւոյ զաւակ կը դառնան: Երանելի է ան, որ իր փոքր տարիքէն ամէն Կիրակի մասնակից կը դառնայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներուն, կը լսէ Աստուծոյ խօսքը, Աւետարանը, օրուան քարոզը, շարականները եւ աղօթքները: Երանելի է այն երեխան, որ Սաղմոս կը կարդայ եւ Աստուծոյ խօսքը կը սորվի: Մէկ խօսքով, պէտք է դաստիարակել մանուկը իր փոքր տարիքէն, զինք Աստուծոյ ճամբուն մէջ պահելու համար եւ մանաւանդ Աստուծոյ խօսքին հնազանդ դարձնելու համար, ինչպէս Մարիամ Ինք հնազանդեցաւ, երբ հրեշտակին պատասխանեց ըսելով. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):
Հրեշտակը, իր խօսքին աւարտին, Մարիամին կը յայտնէ, թէ Եղիսաբէթն ալ յղի է: Մարիամին անկեղծութիւնն ու խոնարհութիւնը զԻնք մղեցին, որ երթայ եւ այցելէ Եղիսաբէթին, նկատի ունենալով, որ Եղիսաբէթ տարիքով մեծ էր եւ միաժամանակ՝ յղի: Մարիամ գիտէր, որ Ինք Աստուծոյ մայրը պիտի ըլլար, սակայն չհպարտացաւ եւ չըսաւ, թէ Եղիսաբէթ ինք թող գայ եւ ինծի այցելէ: Մարիամ գիտէր Իր զաւակին մեծութիւնը, սակայն ուրիշին ուրախութիւնն ու հանգստութիւնը եւ Իրմէ տարիքով մեծը յարգելու փափաքը, թոյլ չտուին, որ Ինք հպարտօրէն Եղիսաբէթը Իր քով կանչէր, այլ ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ. «Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը» (Ղկ 1.39):
Աւետարանը կ՚ըսէ. «Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ» (Ղկ 1.41): Մարիամն ու Եղիսաբէթը հոգեկան երջանկութիւն կ՚ապրէին, որովհետեւ մէկը իր մէջ զԱստուած կը կրէր, իսկ միւսը՝ Աստուծոյ մայրը իր յարկին տակ կ՚ընդունէր: Այսօր, մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւս պէտք է փնտռենք մեր ուրախութիւնը: Պէտք է գիտնանք, թէ ի՛նչն է, որ մեզ կը հասցնէ կատարեալ ուրախութեան: Ինչպիսի՛ մարդոց հետ կ՚ուզենք մենք մեր ժամանակը անցընել:
Մարիամ Իր մէջ զԱստուած կը կրէր, եւ երբ Եղիսաբէթին այցելեց Իրեն հետ տարաւ Քրիստոսի սէրը, ջերմութիւնը եւ ուրախութիւնը: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ մեր վարուելակերպէն, խօսակցութենէն եւ շարժուձեւերէն ի յայտ կու գայ, թէ որքանով զՔրիստոս կը կրենք մեր մէջ: Մարիամէն պէտք է սորվինք, թէ այդ անձը, որ իր մէջ Քրիստոսը կը կրէ, խոնարհ կ՚ըլլայ, համբերատար կ՚ըլլայ եւ անկեղծ:
Իր մէջ զՔրիստոս ունեցող անձը իր գործերով կը փաստէ այդ մէկը: Մարիամ Իր յղի վիճակով, ամէն բան ձգեց եւ գնաց Եղիսաբէթին քով: Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ Ան Եղիսաբէթին մօտ մնաց երեք ամիս (Ղկ 1.56): Վստահաբար, Մարիամ Եղիսաբէթին մօտ չգնաց, որպէսզի Եղիսաբէթ Իրեն սպասարկէր, իբրեւ Աստուծոյ մայրը, այլ գնաց սպասարկելու Իրմէ տարիքով մեծ կնոջ մը, որ օգնութեան կարիքը ունէր: Ահաւասիկ Մարիամին մեծութիւնն ու միաժամանակ՝ խոնարհութիւնը: Ան առանց երկմտելու գնաց, ծառայեց եւ մանաւանդ ուրախութեամբ ծառայեց եւ Քրիստոսի սիրով լեցուած երկուքն ալ յարմար ժամանակին իրենց զաւակները ունեցան, իրենց պարգեւներն ու օրհնութիւնները ստացան Աստուծմէ: Հետեւաբար, ան, որ կատարեալ անկեղծութեամբ եւ մանաւանդ առանց նիւթական եւ կամ այլ վարձատրութիւններ ակնկալելու կը ծառայէ, իր հոգին կատարելութեան կ՚առաջնորդէ: Կ՚ապրի այնպիսի հոգեկան խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն, որ տարբեր է նիւթական ուրախութենէն՝ ժամանակաւորէն: Երբ անձ մը մեզ նիւթապէս ուրախացնէ, կ՚ուրախանանք որոշ ժամանակուան մը համար, բայց երբ մենք մեր կատարած ծառայութեամբ առանց փոխադարձ ակնկալութեան ծառայենք կարիքաւորին եւ հիւանդին, մեր մէջ կատարեալ երջանկութիւն կը ծնի:
Հետեւաբար, իբրեւ եզրակացութիւն եկէք մենք մեզի հարց տանք, իբրեւ Քրիստոնեայ մայրեր եւ մանաւանդ հա՛յ մայրեր, եթէ կը կատարենք այն ինչ որ Մարիամ Ինք կատարեց: Կը պահե՞նք մեր պատիւն ու մեր մեծութիւնը մեր ծառայութեան ճամբով: Հայ մօր կոչումն է ըլլալ տիպար, օրինակելի եւ դաստիարակ՝ իր զաւակներուն, միշտ ի՛ր տիպարը ունենալով Մարիամ Աստուածածինը: Պէտք է գիտնանք եւ ճշդենք, թէ ի՞նչն է մեր կեանքին նպատակը: Պէտք է ապրիլ քրիստոսավայել կեանք մը: Որքա՜ն գեղեցիկ է կեանքի նպատակ ունենալ ծառայասիրութիւնը, որովհետեւ ծառայութեամբ է, որ մարդը կը մեծնայ: Եւ մանաւանդ փորձենք մեր ծառայութեան ճամբով Քրիստոսը փոխանցել ուրիշին: Այնպէս ինչպէս Մարիամ փոխանցեց Եղիսաբէթին եւ վերջինս տեսաւ Աստուծոյ մայրը, նոյնպէս նաեւ մեր շրջապատը մեր մէջ պէտք է տեսնէ Քրիստոսը, որպէսզի Քրիստոսը ապրի մեր մէջ:
Այսօրուան խորհուրդն է, խոնարհիլ Տիրոջ կամքին դիմաց ու հնազանդիլ Անոր պատուիրաններուն, որովհետեւ Մարիամ այդպէս արդարացաւ ու Աստուածամայր կոչուեցաւ եւ դարձաւ երկնային մեծագոյն բարեխօսը:
Դարձեալ Գալով Պօղոս առաքեալին սիրոյ հատուածին, կրնանք ըսել, թէ Մարիամ եղաւ այնպիսի անձ մը, որ նախանձ եւ գոռոզութիւն չունէր: Աստուծոյ մայր ըլլալով հանդերձ չհպարտացաւ, միայն Ինքն Իր մասին չմտածեց, անպատշաճ վարմունք չունեցաւ, չբարկացաւ եւ չարութիւն չմտածեց, այլ՝ ուրախակից եղաւ ճշմարտութեան: Ան Իր սէրէն մղուած միշտ զիջեցաւ, միշտ հաւատաց, միշտ յուսաց եւ միշտ համբերեց:
Ահաւասիկ նկարագիրը Մարիամ Աստուածածինին, որ կարծես Պօղոս առաքեալ արձանագրած էր մեզի փոխանցելու համար: Օրինակելի մայր մը ունինք երկինքի մէջ, ամէն օր Անոր բարեխօսութիւնը խնդրենք, որպէսզի ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացի կ՚ըսէ. «Իր պատիւը մեզմով բարձրանայ եւ մեր փրկութիւնը Իրմով երեւի» (ԲԱՆ 80):