Լիբանանի դիմագրաւած ծանօթ տագնապներուն հետեւանքով, երկամեայ ընդմիջումէ ետք, ՀԵԸ-ի ընտանիքին մէջ սկաուտական կեանքը ամբողջութեամբ վերաշխուժացաւ, սկաուտական զոյգ մասնաճիւղերուն տարեկան բանակումներով:

Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր մարմինի ճիգերով, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետական կազմը, երէցները եւ քառավելները, հին խմբապետական կազմի անդամներու ընկերակցութեամբ, շուրջ 80 անձ, բանակումին նախապատրաստութիւնները կատարելու նպատակով մեկնեցան բանակավայր՝ Պեթխնայ:
Երկօրեայ հաւաքական աշխատանքէ ետք, արդէն աւարտած էր բանակավայրին մաքրութիւնը, լարուած էին վրանները, դասաւորուած էր լուսաւորութիւնը, ջուրի սպասարկութիւնը, խոհանոցը, բարձրացած էր ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած բանակումի խորհրդանիշ՝ կայմը: Բանակավայրը արդէն պատրաստ էր ընդունելու սկաուտական բոլոր խումբերը:
Կիրակի երեկոյեան, աշխատանքը աւարտած ըլլալով, ներկաներուն մեծամասնութիւնը վերադարձաւ Պէյրութ:
Երկուշաբթի, 1 Օգոստոսի առաւօտէն սկսեալ ՀԵԸ Անդրանիկի արենուշներ, արծուիկներ, սկաուտներ բարձրացան բանակավայր:

Կիրակի, 7 Օգոստոս 2022, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, աւելի քան 250 միութենականներու ներկայութեան, որոնց մէջ՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Սաշեմի ընտանիքը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինը եւ ՀԵԸ-ի վեթերաններու խորհուրդը ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի հոգեւոր հովիւ, Ռըմէյլի շրջանի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայ, Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Գերյարգելի Տէր հայրը, որ միշտ սիրայօժար կը մասնակցի ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումներու խարուկահանդէսի արարողութիւններուն, օրուան պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց արժանապատիւ տէր հօր եւ անոր ընկերակցող անհատներուն:

Ի գիտութիւն բոլոր ՀԵԸ-ականներուն, աւանդական խարուկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022,երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Պեթխնայ: Ծնողները, միութենականները ժամը 5-էն հրաւիրուած են բանակավայր, ներկայ գտնուելու աւանդական խարուկահանդէսին:
Բանակումի վայրը ճշգրիտ իմանալու համար, փափաքողները կրնան դիմել ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակ: