ԶԷՔ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
2021-2022 կրթական տարին, ինչպէս բոլոր դպրոցներուն, այնպէս ալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանին համար հարցականներով սկսաւ: Քորոնա ժահրին ստեղծած անպատեհութիւններն ու առցանց ուսուցումը, ստիպած էին որպէսզի վարժարանս, մանաւանդ 2020-2021 կրթաշրջանին, բաւարարուեր միայն զուտ հայերէն լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասաւանդմամբ, զանց առնելով գաղութիս մէջ մեծ ոգեւորութիւն առաջացնող հանդէսներն ու ներկայացումները:
Վերջին անգամ, 2019 Նոյեմբերին էր որ դպրոցիս Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սեպուհ Աւետիքեանի ղեկավարութեամբ եւ երկրորդականի աշակերտներուն մասնակցութեամբ բեմականացուեր էր Յովհաննէս Թումանեանի երեք հանրայայտ ՝ «Կաթիլ մը մեղր», «Շունն ու կատուն» եւ «Կիկոս» հէքեաթները: Իսկ Հոկտեմբեր 2019-ին մեծ շուքով վարժարանս նշեր էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակը: Վարժարանիս Հայերէն լեզուի ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ երաժշտագէտ Տիկ. Արշալոյս Ղարիպեանի նուագակցութեամբ ու խմբավարութեամբ, Կոմիտասի մշակած երգերը աշակերտները սիրով սորվեցան ու զանոնք ներկայացուցին իրենց ծնողներուն Հոկտեմբեր 31, 2019-ին տեղի ունեցած շքեղ հանդիսութեան ընթացքին:
Եւ ահա 2022 թուականին, հանդիսութիւններու շարքը սկսաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 24-ի Վարդանանց տօնակատարութեամբ։ Արդարեւ երգերով, արտասանութիւններով ու թատերական ներկայացմամբ, փառաւորուեցան Վարդանանց նահատակները։ Քորոնայի սկսելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, ծնողները խուռներամ փութացեր էին դպրոցի հանդիսասրահ, ուր հայ՝ նաեւ դպրոցիս ոչ հայ աշակերտները հայերէնով կ’ոգեկոչէին Աւարայրի ճակատամարտը:
Յաջորդ հանգրուանը Մեծ Եղեռնի յիշատակման ու Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տօնակատարութիւններն էին, որ տեղի ունեցան յաջորդաբար Ուրբաթ, Ապրիլ 22 եւ Ուրբաթ Մայիս 27-ին։
Իսկ Յունիսը վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններու ամիսն էր, ուր պիտի ամփոփուէր վարժարանիս ձեռք ձգած յաջողութիւնները: Արդարեւ Երեքշաբթի Յունիս 7-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին սկսաւ Մանուկեան վարժարանի աւարտական դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը։ 31 աշակերտ աշակերտուհիներ ստացան իրենց վկայականները։ Երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը արդար հպարտութեամբ ներկայացուց նախորդ տարիներու յաջողութիւնները գերազանցող արդիւնքները։ Արդարեւ բոլոր աւարտականները անխտիր ընդունուած էին համալսարաններ ստանալով ընդհանուր 12 միլիոն տոլարի կրթանպաստներ տարբեր համալսարաններէ։ Մեր դպրոցի նախորդ աւարատականներուն բարձր համալսարանական ցուցանիշները նպաստեր էին որպէսզի այս տարի Միշիկընի ամենահեղինակաւոր Էնն Արպըրի համալսարանը ընդունի 10 Մանուկեանցիներու՝ բոլորն ալ կրթանպաստներով։ Առաւել՝ Ամերիկայի հեղինակաւոր Princeton, Brown, Cornell, UPenn, Notre Dame, Tufts, Berkeley, Boston College համալսարաններ դիմող մեր աշակերտները ընդունուեր էին, իսկապէս բարձրացնելով Մանուկեան վարժարանի վարկը Միշիկընի մէջ։ Դոկտ. Թորոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որովհետեւ այս յաջողութիւնները կը վկայէին բոլորին արդիւնաւէտ գործակցութեան մասին։ Տնօրէնը ներկայացուց նաեւ 14 աշակերտներու, որոնք իրենց կրթական ու արտադասարանային ձեռքբերումներուն համար արժանացեր էին Միշիկընի հայ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններէն յատկացուող նիւթական պարգեւներու։
Օրուան խօսքը փոխանցեց վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամ Սթիւ Գրիգորեան։ Ան դրուատեց այն նուիրեալ աշխատանքը որ կ՚իրականացուի հայկական այս կրթական հաստատութենէն ներս։ Տնօրէն Թորոսեան իր փակման խօսքին մէջ հպարտութեամբ նշեց որ վարժարանիս գիտաարհեստական STEAM կեդրոնի շինարարութիւնը աշնան պիտի աւարտի եւ կեդրոնի պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի Հոկտեմբերին։ Մանուկեանի աշակերտները հնարաւորութիւն պիտի ունենային այս կեդրոնէն ներս ուսումնասիրելու գիտական ու արհեստագիտական առարկաներ։
Յաջորդ՝ մանկապարտէզի վկայականաց հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Յունիս 8-ին։ 33 աշակերտ աշակերտուհիներ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին ուրախացնելով իրենց ծնողներն ու մեծ հայրիկ-մայրիկները: Նախակրթարանի տնօրէնուհի տիկ. Սօնա Գալֆայեան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիներ Սիրան Չոլաքեանին, Սօսի Փալանճեանին եւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Արշալոյս Ղարիպեանին, որոնք ամէն ջանք թափած էին ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու համար:
Վկայականաց հանդիսութիւնները եզրափակուեցան Երեքշաբթի Յունիս 14-ին, 5-րդ եւ 8-րդ դասարանի աշակերտներու վկայագիրներու տուուչութեամբ։
Վարձքը կատար բոլոր կրթական մշակներուն եւ նորանոր յաջողութիւններ Միշիկընի միակ հայկական ամէնօրեայ վարժարանին։