Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան ու «Արեւ»ի շրջանակի անունով անհուն կսկիծ կը յայտնենք Գահիրէի Թեմական Ժողովի երկարամեայ անդամ, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի եւ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Օննիկ Պըլըքտանեանի մահուան տխուր առիթով։ 

Տիար Օննիկ Պըլըքտանեանի անխնայ եւ բոլորանուէր երկարամեայ գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը անմոռանալի են Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի շրջանակին եւ եգիպտահայ գաղութի պատմութեան էջերուն մէջ, որոնք հպարտութեամբ պիտի կրեն ու յաջորդողներուն պիտի փոխանցեն օրինակելի այս տիպարին` Տիար Պըլըքտանեանին լիիրաւ վաստակը։

Սրտագին մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի շրջանակին, հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

Յաւերժական հանգիստ, լոյս եւ խաղաղութիւն տիար Օննիկ Պըլըքտանեանի հոգւոյն։

ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութիւն
եւ «Արեւ»ի շրջանակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին