Հինգշաբթի, 02. 05. 2024

spot_img

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Պէյրութ, 28 Յուլիս   2022

Յարգարժան վշտակից  անդամներ ՀԲԸՄ-ի  Գահիրէի Շրջանակային վարչութեան եւ  համայն սգակիրներ,

Խոր ցաւով  իմացանք  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան  Գահիրէի ատենապետ,  հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, մտաւորական տոքթ. Վիգէն  Ճիզմեճեանի անժամանակ, յանկարծակի եւ անողոք  մահը:

Դառնօրէն կը սգանք, որովհետեւ այնքա՜ն շուտ հեռացաւ, այնքա՜ն շատ բան տակաւին կրնար կատարել, որովհետեւ  տակաւին  շատ  երազանքներ եւ տեսիլքներ մնացին անաւարտ:

Մեր բոլորին համար  անմոռանալի պիտի  մնայ  անոր անսպառ  եռանդը,  միշտ կենսախինդ կերպարը, խանդավառ ջերմութիւնը,   շրջապատին  հանդէպ անոր սիրալիր  վերաբերմունքը:

Հիմա այս   խորհրդաւոր պահուն  կրնանք անվարան  հաստատում մը կատարել՝  անգնահատելի պիտի  մնայ  տոքթ. Վիգէն  Ճիզմեճեանի ներդրումը   ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին եւ  յատկապէ’ս ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի պատմութեան մէջ:

Յանուն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  Կեդրոնական Վարչութեան կը ցաւակցինք  Եգիպտոսի շրջանի   մեր բոլոր  միութենականներուն,  հանգուցեալին   տիկնոջ՝ Ալինին,  անոր երկու դուստրերուն եւ  համայն ՀՄԸՄ-Նուպարականներուն: 

Ի խորոց սրտէ  կ’աղօթենք սիրելի  տոքթ. Վիգէն  Ճիզմեճեանի  հոգու խաղաղութեան ու փրկութեան համար:

Խորին ափսոսանքով  մեր գլուխները  կը խոնարհենք անոր  արդար եւ երախտաշատ  վաստակին առջեւ:

Տոքթ. Վիգէն Ճիզմեճեանի  յիշատակը վառ  պիտի  մնայ   բոլոր ՀԲԸՄ-ականներու եւ  ՀՄԸՄ- Նուպարականներու  սրտին  մէջ:

Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ անոր հոգւոյն: 

                  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին