Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ռուսիոյ Ենթադրեալ Քաղաքական եւ Տնտեսական Կղզիացումը

Նամակ Ամերիկայէն – 24 –

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Հետքերով

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ռուսական Դաշնակցութեան վեթերան Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Սերկեյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեամբ շաբաթ Յուլիս 23ին Եգիպտոս ժամանեց: Ափրիկեան ցամաքամասին կատարելիք շարք մը այցելութիւններուն առաջ հանգրուանն էր այս:

Կիրակի, Յուլիս 24ի առաւօտեան՝ Լաւրով ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ, նախագահական շքեղ պալատին մէջ, որուն հետ ունեցաւ խորհրդակցութիւններուն: Աւելի ուշ ռուս նախարարը խօսակցութիւններ ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակից՝ Սամէհ Շուքրիին հետ, որուն յաջորդեց հանդիպում մը Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ղեյթի հետ:

Լաւրով – Շուքրի խօսակցութեանց աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկու կողմերը հաստատեցին Ուքրանական հրատապ տագնապին քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման յոյժ անհրաժեշտութիւնը: Միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը ռուս-ոուքրանական բանակցութիւններուն փլուզումը վերագրեց Քիեւի իշխանութեան: Ռուս նախարարը հետեւեալ յատկանշական յայտարարութիւնը կատարեց. «Մենք որեւէ նախապաշարում չունինք Ուքրանիոյ հետ լայն ծիրէ ներս բանակցութիւններ ձեռնարկելու: Սակայն բանակցութեանց վերսկսումը միայն մեզմէ կախեալ չէ»: Ռուս դիւանագիտութեան պետը եզրակացուց իր յայտարարութիւնը հետեւեալ խօսքերով. «Ուքրանական իշ խանութինները, նախագահէն սկսեալ մինչեւ իր անհամար խորհրդականները, շարունակաբար կը կրկնեն միեւնոյն յանկերգը  թէ բանակցութիւններ տեղի պիտի չունենան մինչեւ, որ Ուքրանիան պարտութեան մատնէ Ռուսիան»:

Նախարար Լաւրով նաեւ հրաւիրուած էր ելոյթ մը ունենալու Արաբական Լիկայի հերթական նստաշրջանին, Գահիրէի իր կեդրոնատեղիին մէջ: Իր ելոյթին մէջ ան անգամ մը եւ վերահաստատեց Քրեմլինի այն հաստատ համոզումը, որ Արեւմուտքը ինք հարկադրեց Ռուսիոյ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու Ուքրանիոյ դէմ, որովհետեւ միեւնոյն արեւմուտքը արհամարհեց Մոսկուայի անվտանգութեան մտահոգութիւնները՝ շարունակաբար ընդլայնելով ՆԱԹՕ-ն, ներգրաւելով Ռուսիոյ սահմանակից նոր երկիրներ:

Լաւրով յայտարարեց, թէ 2023ին Ռուս-Ափրիկեան գագաթի երկրորդ ժողով մը ծրագրուած է արդէն: Առաջինը տեղի ունեցած էր Սոչիի մէջ, 2019 թուականին:

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը Լաւրովի Ափրիկէ այցելութեան վաղորդայնին մանրամասն վերլուծականով  մը աշխարհի ուտելիքի տագնապը Ռուսիոյ վերագրումը Արեւմուտքի կողմէ, կը բացատրէ այս պլոքին ձախորդ քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ անունին կապելը:

Ափրիկեան չորս տարածուն եւ ազդեցիկ օրաթերթեր այս յօդուածը իր ամբողջութեան մէջ արտատպած են:

Եգիպտոս,  նախագահ Սիսիի առաջնորդութեամբ հմուտ եւ խելացի, հաւասարակշռեալ եւ մեղմ քաղաքականութիւն մը կը վարէ: Գահիրէ սերտ յարաբերութիւններ ունի Արեւմուտքի հետ եւ նոյնքան մօտիկ կապեր ունի նաեւ Քրեմլինի հետ, յատկապէս տնտեսական եւ զինուորական բնագաւառներէն ներս: Իշխանութեան տիրանալու իր առաջին օրէն Նախագահ Սիսիի առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ կը մնայ զօրացնել երկրին տնտեսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կերակրել 100 միլիոնի հասնող իր երկրին բնակչութիւնը: Եգիպտոս ցորենի իր ներածումներուն մեծ մասը Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն կը կատարէ: Նախագահ Սիսի ձեռնպահ մնացած է շրջանային արկածախնդրութիւններէ եւ զօրացուցած է իր կապերը Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ: Արդարեւ Սէուտական Արաբիան եւ յատկապէս Արաբական Միացեալ էմիրութիւնը բազմամիլիոն տոլարի ներդրումներ կատարած են Եգիպտոսի մէջ: Թէեւ Գահիրէն կը շարունակէ համակերպիլ Ուաշինկթընի թելադրութեանց, ինչպէս վերջերս դէմ քուէարկեց Սուրիան Արաբական Լիկայէն ներս առնելու բանաձեւին:

Եգիպտոսի կատարած իր այցելութենէն անմիջապէս ետք, նախարար Լաւրովր պիտի անցնի Եթովպիա, Ուկանտա եւ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն:

Կ՛արժէ հոս ընդգծել թէ Եգիպտոսի նման, Ափրիկեան ոչ մէկ երկիր, հակառակ Արեւմուտքի իղձերուն եւ պնդումներուն, դատապարտած է Մոսկուան Ուքրանիոյ դէմ ձեռնարկած զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններուն առնչութեամբ: Հետաքրքրական է եւ մեծապէս ուսանելի մատնանշել, թէ քանի մը օրեր առաջ Հարաւային Ափրիկէի գլխաւորութեամբ գումարուած բարձրաստիճան ժողովի մը ընթացքին, Ուքրանիոյ նախագահ Զելինսքի բազմաթիւ դիմումներ կատարած էր հեռահաս ելոյթ ունենալու, սակայն մերժուած է:

Ինչպէս ընդհանրապէս արեւմտեան մամուլը եւ յատկապէս ամերիկեան լրատուական գործակալութիւնները կը հաստատեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա, իբրեւ նախագահ անփառունակ արդիւնք մը ունեցաւ:

Համաձայն Սպիտակ Տան պաշտօնական մէկ բանբերին, Ամերիկայի նախագահը արդիւնաւէտ խօսակցութիւններ ունեցած էր գահաժառանգ իշխան Մուհամմէտ Պըն Սալմանի հետ, որ փաստօրէն միահեծան առաջնորդն է Սէուտական Արաբիոյ: Երբ պահ մը ի մտի ունենանք, թէ նախագահ Պայտընի այցելութեան գլխաւոր դրդապատճառն էր համոզել, հարկադրել կամ ճնշում բանեցնել գահաժառանգ իշխանին վրայ երկրին քարիւղի արտադրութիւնը բարձրացնել, ապա բոլոր այդ փորձերը ապարդիւն մնացին: Պըն Սալման քաղաքավարութեամբ մերժեց՝ պատրուակելով թէ իբրեւ առաջատար անդամներէն մէկ ՕՓԵՔ-ի, ինք՝ ինքնագլուխ նման քայլ մը պիտի չուզէ առնել:

Նախագահ Պայտընի Ռիատ այցելութենէն հազիւ շաբաթ մը ետք, Ռուսիոյ Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային երկար խօսակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին հետ: Քաղաքական այս երկու ականաւոր գործիչները անհատական գետնի վրայ ունին սիրալիր յարաբերութիւններ:

Նոյնպէս անցեալ շաբաթ, Ռուս նախագահը երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Թեհրան մեկնեցաւ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ  թուրք եւ պարսիկ  իր պաշտօնակիցներուն մէջ: Անոնց խորհրդակցական ժողովի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ, շեշտուած է թէ Ուքրանական տագնապին լուծման միակ միջոցը՝ քաղաքական ուղին է. բանակցութիւններ՝ երկու հակամարտ կողմերուն միջեւ:

Տնտեսական գետնի վրայ, արեւմուտքի մռայլ նախատեսութիւնները ռուսիոյ տնտեսութեան տկարացման եւ հաւանական անկումին մասին, կը թուին թէ ներկայ իրականութեան հետ չեն համապատասխաներ: Վեց հանգրուաններէ բաղկացած տնտեսական պատժամիջոցները թէեւ դանդաղեցուցած են Ռուսիոյ տնտեսական աճը, այսուհանդերձ, ու ուժանիւթի արտածման թափը մնացած է նոյնը, փոխանակ արեւմուտքի՝ դէպի արեւելք ուղղութեամբ: Չինաստան եւ Հնդկաստան մեծ քանակութեամբ քարի աղ, բնական գազ եւ ածուխ զեղչեալ գինով կը ներածեն Ռուսիայէն: Այս արտածումները Ռուսիոյ գանձարկղին օրական մէկ ու կէս միլիառ տոլար կ՛ապահովեն: Մինչ Եւրոպան, անձնագին կը սպասէ Քրեմլին յաջորդ հակադարձութեան, թէ Ռուսիա պիտի դադարեցնէ՞ յատկապէս բնական գազի իր արտածումը դէպի Եւրոպա: Գերմանիա իր բնական գազի սպառման 40 առ հարիւրը կ՛ապահովէ Ռուսիայէն: Տնտեսագէտներ կը նախատեսեն Գերմանիոյ տնտեսութեան համար դժուար օրեր, եթէ Ռուսիան գոցէ բնական գազի դէպի Գերմանիա հոսող ծորակը: Բազմաթիւ մեծ տարողութեամբ ծանր ու թեթեւ ճարտարարուեստական գործարաններ հարկադրուած պիտի ըլլան մեծ տարողութեամբ կրճատել իրենց արտադրութիւնները մինչ շատ աւելի մեծ թիւով գործարաններ պարտադրուած պիտի ըլլան ժամանակաւորապէս փակելու իրենց դռները:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին