Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Ժան-Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ

Ժան Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ (ֆրանսերէն՝ Jean-Baptiste-Camille Corot, կրճատ՝ Քամիլ Քորոյ, 16 Յուլիս, 1796, Փարիզ – 22 Փետրուար 1875, Փարիզ)՝ ֆրանսացի դիմանկարի եւ բնանկարի վարպետ մը եղած է:

Քամիլ Քորոն ծնած է Փարիզ, 16 Յուլիս, 1796 թուականի, ապահով ընտանիքի մը մէջ՝ անոր հայրը եղած է ստեղծագործ եւ մայրը՝ նորաձեւուհի մը եւ ի տարբերութիւն իր որոշ փորձառու գործընկերներու իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան երբեւէ փողի կարիք չէ ունեցած, քանի որ իր ծնողքը խելացիօրէն կը վարէին իրենց գործունէութիւնը: Ամուսնանալէն ետք անոր ծնողքը գնած էին նորաձեւութեան տաղաւար մը, ուր իր մայրը կ’աշխատեր եւ իր հայրը կը վարպետանար որպէս ձեւարար: Տաղաւարը լայն ճանաչում ունէր նորաձեւասէր փարիզցիներու շրջանին եւ լաւ եկամուտներ կ’ապահովեր ընտանիքին:

Նկարչի ստեղծագործութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է 1825-28 թուականներուն Իտալիա կատարած ճամբորդութիւնները: Աւելի ուշ ան հոն վերադարձած է եւս երկու անգամ՝ 1834-ին եւ 1843-ին: Քորոն նաեւ եղած է Պելճիքա եւ Նետերլանտներ, կանոնաւոր այցելութիւններ ըրած է դէպի Զուիցերիա: Նաեւ շատ ճամբորդած է Ֆրանսային մէջ՝ Նորմանտիա, Պուրկունտիա, Փրովանս, Իլ տէ Ֆրանս:
Ազդեցութիւն ունեցած է զգայականներուն վրայ, անձամբ ծանօթ եղած է անոնցմէ որոշներուն հետ: Ստեղծած է երեք հազարէն աւելի նկարներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին