Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Հունձքին Ամավերջի Հանդէս

«Այսպէս եւ ե՛ս, ով Մեծ Սուրբ, հաւատարծարծ կանթեղիդ 

Ըզգացի թէ հոգւոյս մէջ կը ծագեր շո՛ղը վըճիտ, 

Եւ կը մեծնար, կը մեծնա՜ր, մինչեւ կ’ըլլա՜ր Այգ մը նոր»  

Վահան Թէքէեան

Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը, այս տաքուկ ու մեղուաջան բոյնը, կրթական պատմութեամբ հարուստ միտքի եօթանասունամեայ սոյն համեստ տաճարը, սիւներու վրայ կանգնած քարաշէն կառոյց մը չէր, ու չէ՛… այլ եղա՛ւ ու է՛ ուսման վառ օրրան ու հայեցի դաստիարակութեան անմար օճախ մը, որ միաժամանակ հանդիսացաւ անսասան բերդ մը յոյսի եւ հաւատքի, ուր հայ մանուկը թրծուեցաւ ու տակաւին կը թրծուի ազգային վեհ սկզբունքներով, ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ, անհուն մարդասիրութեամբ եւ խոր աստուածսիրութեամբ:  

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի եւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան, ներկայութեամբ ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներու, շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներու եւ հիւրերու, Կիրակի 3 Յուլիս 2022, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար եւ գործարար՝ հպարտ Թէքէեանցի Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան 2021-2022 տարեշրջանի հունձքի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանիս քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Տիպան, ուր անդրադարձաւ մեր վարժարանի հպարտ շրջանաւարտ, անզուգական բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն կատարած լռելեան գործին, որոնք անշահախնդրօրէն սատար հանդիսացան մեր վարժարանին նիւթաբարոյական բոլոր կարիքներուն: Տիար Սէմ Սիմոնեան՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի հպարտ շրջանաւարտներէն. մեծահոգի բարերար որ կը հանդիսանայ Սիմոնեան Կրթական Հիմնադրամի հիմնադիր նախագահը, Հայաստանի մէջ հաստատուած ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստավարժական կեդրոնի հիմնադիր. որ ունի մասնաճիւղեր աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական ժողովի անդամ: Ան եղաւ եւ է այն խոնարհներէն, որ իր հաւատքով, նուիրումով, ուղղամտութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ նեցուկը եղաւ իր սիրելի մայր վարժարանին: Ան՝ այնպիսի ոգեւորութիւն մը կ’ապրէր Վահան Թէքէեան վարժարանին իրագործուած յաջողութիւններով:

Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Մանկապարտէզի փոքրիկները ելոյթ ունեցան «Հայաստան» պարով եւ «Հայեր Միացէք» երգին երաժշտական գործիքներու վրայ կատարմամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցիչ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեանի: Ապա ընթացաւարտ Նախ. Զ. դասարանի սաներ խրոխտաբար պարեցին «Եարխուշտա»-ն, պարուսոյց՝ վարժարանիս պարի ուսուցչուհի Օրդ. Փաթիլ Պալապանեանի: Որուն յաջորդեց «Տուն իմ Հայրենի» երգը, որ իր զուլալ ձայնով կատարեց աւարտական Միջն. Գ. դասարանի աշակերտուհի՝ Ալին Գէորգեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Պրն. Ղազար Քէօշկէրեանի:

Կրթական խօսքը փոխանցեց մեր վարժարանի նորանշանակ ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան: Ան՝ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ արտայայտուելով բարերար Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան ամոլի մասին ըսաւ. – «Ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, որ նախկին լիբանանահայ, բարերար ու նուիրատու պատուական այս հայ ամոլը, պատի՛ւ իրենց, երկար  տարիներ նիւթապէս ու բարոյապէս  սատար հանդիսացան ու տակաւին ալ կը հանդիսանան այս հայաշունչ կրթօճախին, անոր կրթական ծրագիրներուն յաջող գոյատեւման եւ  յարաճուն վերելքին համար, պարզ այն գիտակցութեամբ ու բարի յուշով, որ Պարոն Սէմ Սիմոնեան շրջանաւարտ եղած է այս հայաբոյր վարժարանէն ու չէ մոռցած զայն երբեք…։» Ապա ուրախութեամբ անդրադարձաւ ընթացաւարտ ուսումնական տարեշրջանի մեր վարժարանին կատարած գործունէութիւններուն եւ յաջողութիւններուն մասին հակառակ երկրին տնտեսական ճգնաժամին: Հետեւաբար, ան իր խօսքին ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան ու կը շարունակեն կանգնիլ վարժարանիս բարգաւաճման ու վերելքին:

Ազնուափայլ տնօրէնուհին ուրախութեամբ արտայատուեցաւ 2022-2023 տարեշրջանի իրագործուելիք նոր ծրագիրներու մասին ըսելով. « Կ’ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել, թէ անցնող 2 տարիներու ընթացքին, վարժարանիս հոգաբարձութեան որոշումով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի, ինչպէս նաեւ մեր բարեսիրտ ու առատաձերն բարերարներու անվերպահ աջակցութեամբ, կարողացանք ապահովել մեր աշակերտներուն անվճար ուսումը. զերծ պահելով զանոնք տարեկան կրթաթոշակէն: Ուստի եւ կը հաւաստիացնենք, որ ամէն ջանք ի գին կը դնենք որ յաջորդ տարին եւս նոյն պայմանները ստեղծել մեր սիրելի աշակերտներուն: Հետեւաբար այս հարցի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի տրամադրենք հանրութեան մօտակայ օրերուն ընթացքին:»

Վարժարանիս տնօրէնուհին իր շնորհակալական խօսքերը ուղղելով ըսաւ.- « Շնորհակալական յատուկ խօսք կ՝ուզեմ ուղղել Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին՝ ի մասնաւորի անոր Ատենապետին՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանին եւ անդամներուն իրենց նուիրուածութեան, մեծահոգութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, որ տարիներէ ի վեր մեզի տուաւ ամէն հնարաւորութիւն՝ դաստիարակելու հայ սերունդը, եւ կերտելու ապագայի հայ մարտունակ մարդը։  Երախտագիտութեան յատուկ խօսք ունինք նաեւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան, որոնք իրենց ամէնօրեայ հոգածութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը հետեւին վարժարանիս գործունէութեան, բարօրութեան ու վերելքին։ Խորին շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել նաեւ վարժարանիս պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնք, ոչ միայն ուսումնական գործընթացի փայլող   յաջողութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը բարձրացուցին, այլ մեր աշակերտներուն առօրեան դարձուցին բովանդակալից ու բարձրորակ: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ մեր սիրելի եւ գործունեայ  Ծնողաց Յանձնախումբի անխոնջ տիկիններուն, որոնք անձնաւորաբար օժանդակեցին մեր բոլոր կարիքներուն, մեծ համբերութեամբ։» Ապա եզրափակելով այս բաժինը ան ըսաւ.-« Վստահ ենք, որ մեր ու ձեր սիրելի կառոյցը՝ 70 ամեայ Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը, որպէս ժամանակակից հայ կրթական հաստատութիւն, առաւելագոյնս պիտի բարգաւաճի ու ծաղկի գալիք ամեակներուն, փառք ու պատիւ բերելով իր հայաբոյր անունին։ Վարձքը կատար բոլորին:»

Կրթական խօսքին յաջորդեց Վահան Թէքէեան վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Հունձքին հպարտ քայլարշաւը ոգեւորիչ երաժշտութեան ներքոյ, ուր ընթացաւարտ ու շրջանաւարտ աշակերտներ վարդ բռնած զայն յանձնեցին իրենց ծնողներուն, առ ի գնահատանք անոնց անսակարկ եւ անձնուէր զոհողութեանց համար:

Մանկապարտէզ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներ արտասանեցին իրենց հրաժեշտի խօսքերը անհատաբար երեք լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, որմէ ետք ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեանի, ինչպէս նաեւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեանի եւ Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Սունկուլեան Հաննայի:

Ընթացաւարտ Նախ. Զ. դասարանի Անգլերէն լեզուով ուղերձը արտասանեց ընթացաւարտ աշակերտուհի՝ Կալիա Նորշահեան: Ան իր խօսքին ընդմէջէն վեր հանեց վարժարանիս կրթադաստիարակչական ոգին, ընկերասիրական հանգիստ մթնոլորտն ու մէկ ընտանիք հասկացողութիւնը: Իսկ Միջն. Գ. դասարանի շրջանաւարտից խօսքը Հայերէն լեզուով, արտասանեց շրջանաւարտ՝ Վալէնթինա Սրապիոնեան, ուր ըսաւ. «Այսօր, այս շատ ոգեւորիչ, առաւել յուզիչ ու խորհրդաւոր պահուն, մենք՝ վարժարանիս աւարտական ուրախ սաներս, մեծ հպարտութեամբ, հաստատ քայլերով ու բարձրաճակատ կը բարձրանանք լուսաշող տաճար դարձած 70-ամեայ Վահան Թէքէեան վարժարանի հանդիսասրահի բեմը՝ տաք զգացումներով ձեզի փոխանցելու համար մեր յարգանքի, սիրոյ եւ երախտիքի մաքուր զգացումները՝ զորս ստացանք այս յարկէն ներս:» Նաեւ շնորհակալական խօսքերով մեծարեց վարժարանիս բոլոր բարերարները ըսելով.- « Այս վայրկեանին, գիտակցելով այս բոլորին, մեծապէս կը փափաքիմ իմ եւ դասընկերներուս անունով երախտագիտական խօսքեր փոխանցել մեր վարժարանի բոլոր ազնիւ ու մեծահոգի նուիրատուներուն, նամանաւանդ նշելով՝ Թէքէեանցի յաջողա՛կ գործարար, անզուգական բարերար Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեանին, որ անշահախնդրօրէն սատարած են մեր վարժարանի նիւթաբարոյական ծովածաւալ կարիքներուն:»

Սրտի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը, ուր ընթացաւարտ նախ. Զ դասարանի վկայականները յանձնեց՝ Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Պերճ Արապեան, իսկ շրջանաւարտ Միջն. Գ. դասարանին՝ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան, մասնակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին եւ զոյգ դասարաններու դաստիարակներուն՝ Պրն. Աւետիս Տիպանի եւ Օրդ. Սիւզան Թազեանի: Իսկ մրցանակաբաշխութեան արարողութեան համար բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենադպիր՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան:

Բարերար՝ Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն սրտի խօսքը ուղղուած շրջանաւարտ աշակերտութեան փոխանցեց Տիար Աւետիս Տիպան, մէջ ընդ մէջ ընթերցելով անոր ուղղուած աշակերտական շնորհակալական խօսքերը: (բարերարին խօսքը կը ներկայացնենք առանձին բաժնով)

«Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն» Հունձքի Ամավերջի Հանդէսն իր աւարտին հասաւ բեմավարի շնորհաւորանքի եւ աչքալուսանքի շէն խօսքերով, որմէ ետք ուրախութեան մթնոլորտը շարունակուեցաւ թեւածել վարժարանիս հանդիսասրահէն ներս, գովասանքի ու անկեղծ շնորհաւորական խօսքեր փոխանցելով վարժարանիս տնօրէնուհիին եւ ուսուցչակազմին:

Լուսաշող ապագայ կը մաղթենք մեր շրջանաւարտներուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի
                                                                                       Լրատուական Գրասենեակ
Տիար Սէմ Սիմոնեանի Սրտի Խօսքը  
Սիրելի աւարտականներ,  
Կը ներէք որ չյաջողուեցաւ անձնապէս ներկայ գտնուիլ ձեզ հետ այս հպարտ ու անմոռանալի պահուն:
Յիշողութիւնս կ’երթայ երկար տարիներ առաջ, երբ ես ալ իմ կարգիս կը գրաւէի աթոռ մը՝ նման ձերինին, այս նոյն սրահէն ներս, անհամբեր ստանալու վկայականս: Առաջին յիշատակելի ձեռքբերումս:
Ամենանշանակելի յիշողութիւններէս մին կը մնայ՝ պարզ ու հակիրճ դասախօսութիւնները, որոնք տպաւորեցին միտքս:
Սիլվան ու ես մեծ հրճուանքով կարդացինք ձեր բոլորին ընդառաջ բարեմաղթանքներն ու սէրը մեր հանդէպ, ջերմացնելով մեր հոգին:
Մեր կարգին, կը փոխանցենք բոլորիդ անխտիր, մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները այս նշանակալի ու անմոռաց յաղթանակին: Վստահ ենք դուք եւս վեր կը դասէք ուսումը այն հաւատքով որ արդարացումն է ապագայի յաջողութեան:
Մեր մաղթանքն է որ դուք եւս ձեր կարգին օր մը վերադառնաք ու համեստութեամբ վերապրիք շնորհաւորելով Թէքէեան վարժարանի նորանոր ապագայ հունձքերը: Խօսքս կ’աւարտեմ մեծն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերով՝
«… Եթէ կրնաս՝ բարձրացիր,
Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր…»
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին