Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Վերածնունդի Գիշերը…

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Քաղաքի եւրոպական մասին մէջ, գեղեցիկ ոճով շէնքերու Ֆուատ Ա.ի պողոտան, ճաշակաւոր ապրանքներով լեցուն մեծ վաճառատուները, փայլուն հայելիներով վայելչագեղ տեսքով ճաշարանները եւ մայթերու վրայ ալ ճերմակ սփռոցով շարուած սեղանները, Գահիրէի այն ատենուայ ճաշակաւոր գնումներու եւ շքեղ վայրերուն մաս կը կազմէին:

Պողոտայի վրայի այդ ճաշարաններուն սեղանները եւ աթոռները, յատկապէս կէսօրուայ եւ իրիկուայ ատենները, միշտ յաճախորդներով գրաւուած կ’ըլլային, եւ հակառակ անցնող կառքերէ հնչող շչակներու բարձր ձայներուն, մթնոլորտը սեղաններու շուրջ միշտ տաք եւ մայթերուն վրայ թեւանցուկ քալողներու մօտ ալ, ուրախ եւ հաճելի կ’ըլլար:

Սակայն Ֆուատ Ա. պողոտայի այս երեւոյթը, 1952ի կէսերուն, համապատասխան չէր երկրի քաղաքական կացութեան:

Ժողովուրդը բազմաթիւ պատճառներով դժգոհ էր օրուայ թագաւոր Ֆարուք Ա. էն, եւ քաղաքական ու կրօնական զանազան հոսանքներ ալ օգտուելով առիթէն, անգլիական տիրապետութեան դէմ ցոյցեր կը կազմակերպէին եւ փայտէ երկար ձողերու ծայրը դրօշներ կապած, լոզունգներ պոռալով կ’անցնէին փողոցներէն:

Բայց ցոյցեր կամ «մուզահրա»ներ ընողներէն զատ, դեռ եգիպտական բանակի երիտասարդ սպաներուն մէջ ալ դժգոհութիւն տարածուած էր եւ անոնց ու ժողովուրդին գլխաւոր թիրախը, յատկապէս անգլիացիները, հրեաները եւ ընդհանուր ձեւով ալ երկրին մէջ բնակող եւրոպացի օտարականներն էին:

Բացայայտ էր բոլորին, որ երկիրը այս պայթուցիկ վիճակէն խաղաղ կեանքի վերադառնալու համար, նոր ընտրութիւններ հարկաւոր էին, եւ արդէն քաղաքական երկու գլխաւոր կուսակցութիւններ ալ, նոր կազմուելիք խորհրդարանին մէջ առաւելագոյն թիւով աթոռներ ապահովելու համար, կանուխէն սկսած էին պատրաստութիւններ տեսնել:

Այդ օրերուն կը յիշեմ, «Ուաֆտ» կուսակցութեան կողմէ Մուսթաֆա Նահհաս փաշային եւ Իթթիհատ» կուսակցութեան կողմէն ալ Ալի Մահէրին նկարները, փայտէ շրջանակներու մէջ առնուած, մեր տան փողոցի պատերուն վրայ զատ զատ փակցուած էին:

Երկուքն ալ վարչապետութեան պաշտօնի թեկնածուներ էին:

Ես ամէն անգամ երբ դպրոցէն վերադառնալուս այդ նկարներուն առջեւէն անցնէի, եւ Մուսթաֆային բարձր ֆէսով ու շիլ աչքով ժպտուն, բայց տգեղ դէմքին նկարը տեսնէի, բնազդօրէն դէմը հակակրութիւն կը զգայի:

Մուսթաֆան գեղեցիկ չէր եւ իրականութեանը մէջ իր սեւ ներկով քաշուած նկարին մէջ ալ բնաւ յաջող չէր ելած:

Սակայն անկէ քիչ անդին երբ Ալի Մահէրին առանց ֆէսի, մաքուր ածիլուած եւ համակրելի դէմքով նկարին նայէի, կը խորհէի որ ան իր ներկայանալի արտաքինով, աւելի յարմար էր վարչապետի պաշտօնը գրաւելու…:

Բայց Մուսթաֆան հին եւ փորձառու դիւանագէտ էր եւ եթէ չեմ սխալիր, արդէն ուրիշ անգամներ ալ կառավարութեան մէջ կարեւոր պաշտօններ վարած էր: Ան գիտակցելով որ այն տարուայ ընտրապայքարը նախորդներէն աւելի զօրաւոր պիտի ըլլար, ճառերուն շեշտը անգլիացիները երկրէն վերջնականապէս դուրս վտարելու վրայ դրած էր, ու այդ պատճառաւ ալ, ժողովուրդին մէջ աւելի մեծ թիւով համակիրներ ունենալ կը թուէր:

Սակայն ես ատենին հազիւ տասնմէկ տարեկան տղայ, դեռ Ալի Մահէրի թեկնածութիւնը կը նախընտրէի, եւ ամէն անգամ երբ Ուաֆտի համախոհ խումբեր, բեռնակառքերու ետեւի բաց մասերու մէջ իրարու սեղմուած եւ մահակներով զինուած, «Նահհա՛ս, Նահհա՛ս» պոռալով մեր տան առջեւէն անցնէին, ես պզտիկ ձայնովս, պատշգամէն «Ա՛լի Մահէր» կը պոռայի եւ վազելով անմիջապէս ներս կը փախչէի:

Այդ վայրկեաններուն ես ներքին գոհունակութիւն կը զգայի եւ դեռ պզտիկ տղու պարզամիտ մտայնութեամբ ալ, հեռացող բեռնակառքերուն ետեւէն կ’ուրախանայի, որովհետեւ Նահհասին դէմ դժգոհութիւնս յայտնած ըլլալ կը խորհէի:…:


Այն օրը թուականով 26 Յուլիս էր եւ տարին ալ 1952 :

Չորրորդ դասարանի գիտութեան մեր ուսուցիչը՝ մազոտ ականջներով եւ կանանչ աչքերով պրն Առաքել Տրդատեանը, իր բարձր սեղանին ետեւէն, նայուածքը դիմացի գրասեղաններու ետեւի շարքին մէջ Յարութիւն Տէյրմենճեանին կողմը դարձուց եւ

– Յարութիւն, ըսէ՛ տեսնեմ որո՞նք են մեր մարմինին երեք գլխաւոր մասերը,- հարցուց:

Յուլիս ամսուն մէջ էինք եւ եղանակը ամառ էր:

Դասարանին բակ նայող պատուհանները բաց էին, բայց հով չկար եւ յետմիջօրէի մեծ զբօսանքէն դեռ քրտնած դէմքով Յարութիւնը այդ պահուն յոգնած կ’երեւէր:

Ան մեքենաբար ոտքի ելաւ, եւ կարծես միտքով ուրիշ տեղ ըլլար, չորս կողմը դանդաղ նայուածք մը պտըտցուց, յետոյ բերանը բացաւ եւ

– Գլուխ եւ իրան,- պատասխանեց վարանոտ:

Շուրջի գրասեղաններէն անմիջապէս զսպուած խնդուքի ձայներ լսուեցան…:

Բայց պրն Տրդատեանը բարի եւ համբերող էր ու թերեւս ալ խորհելով, որ Յարութիւնը լաւ չէր հասկցած իր հարցումը,

– Չէ Յարո՛ւթ չեղա՛ւ, – ըսաւ,- ու յետոյ ալ, Յարութին դեռ առիթ մը եւս տալու համար,

– Որո՞նք են մեր մարմինին երե՛ք գլխաւոր մասերը,- կրկնեց եւ կարծես իր հարցումին պատասխանն ալ Յարութիւնին դիւրացնելու համար «երեք» բառը սովորականէն զօրաւոր շեշտով արտասանեց:

Բայց Յարութիւնը չգիտցաւ օգտուիլ առիթէն: Ան չորս կողմը յոգնած նայուածք մը պտըտցուց ու յետոյ առանց պատասխանելու, լուռ, առջեւը նայեցաւ:

Ան մեզմէ մէկ կամ երկու տարի մեծ էր: Յաղթանդամ մարմնով եւ բաւական գանգուր մազերով, նախորդ տարին դասարանը կրկնած հիմա մեզի միացած էր:

Յարութը ոտքի կեցած կը մտածէր…:

– Դուն ձեռք, ոտք չունի՞ս,- լսեցինք պրն Առաքելին դեռ օգնել ուզող ձայնը….:

– Ունիմ,-պատասխանեց դանդաղ, կարծես քունէն նոր արթնցած մեր դասընկերը…

– Ուրեմն ծայրէն սկսէ եւ մեզի ըսէ նայիմ, որո՞նք են մեր մարմինին երեք գլխաւոր մասերը…

– Գլուխ, իրան եւ ոտքեր ու ձեռքեր …

Դասարանին մէջ քիչ առաջուայ զսպուած խնդուքի ձայները դարձեալ լսուեցան:

– Ո՛չ,- բացատրեց պրն Տրդատեանը մեղմ ձայնով,- մենք գլուխ, իրան, ոտքեր ու ձեռքեր չենք ըսեր Յարո՛ւթ…

Յարութը լուռ կեցաւ ու չպատասխանեց:

– Մենք գլուխ, իրան եւ անդամնե՛ր կ’ըսենք,- շարունակեց պրն Առաքելը:

– Գլուխ, իրան եւ անդամներ,- կրկնեց ուսուցիչին ետեւէն մեր դասընկերը, յետոյ ձեռքերուն նայեցաւ եւ սպասողական դիրքի մէջ յաջորդ հարցումին սպասեց:

Սակայն պրն Տրդատեանը ժամանակ չունեցաւ ուրիշ հարցումներ ուղղելու: Դասարանին դուռը յանկարծ կռնակի վրայ բացուեցաւ, դպրոցի տնօրէն պրն Պապիկեանը փոթորիկի արագութեամբ ներս մտաւ, եւ մեր ուսուցիչի ականջին ցած ձայնով արագ- արագ բաներ մը փսփսաց, եւ երբ ետ դարձաւ ու դեռ բաց մնացած դրան առջեւ հասաւ, պրն Առաքելին բարձր « հիմա, անմիջապէ՛ս» պոռաց եւ աճապարանքով հեռացաւ:

Իր երթալէն յետոյ, Պրն Տրդատեանը դասարանի պատուհաններէն մէկուն մօտեցաւ եւ քաղաքին կողմը նայեցաւ: Հեռո՜ւն ծուխի թանձր սիւներ ոլորուելով երկինք կը բարձրանային:

Յայտնի էր թէ կեդրոնին կողմերը մեծ համեմատութիւններով հրդեհ սկսած էր: Պրն Տրդատեանը պատուհանին ապակիէ փեղկերը ամուր գոցեց եւ երբ մտահոգուած դէմքով մեր կողմը դարձաւ, նշմարեցինք որ աչքերուն կանանչը հագած զգեստին նման բաց մոխրագոյնի վերածուած էր:

Բայց պրն Տրդատեանը մեզի բան չըսաւ, սակայն երկու քայլ առնելէ յետոյ, երբ իր ակնոցները ծալեց, ձայնին ու շարժումներուն մէջ հանդարտութիւն կեղծելով

– Տղա՛ք, առէք ձեր պայուսակները եւ անմիջապէս բակ իջէք …. այսօր կանուխ տուն պիտի վերադառնաք,- ըսաւ:


Դպրոցին երկաթէ կանանչ դարպասին առջեւ, բակը լեցուած էր բոլոր դասարաններէ եկող երկսեռ աշակերտներով, ծանօթ եւ անծանօթ դէմքերով, ու մանաւանդ մտահոգ դէմքերով անհանգիստ ուսուցիչներով, որոնք այդ վայրկեանին աշակերտները ապահով տուն հասցնելու մասին կը մտածէին…:

Շրջան ընող անորոշ շշուկներ եւ ձայներ, բակին մէջ արդէն լուր տարածած էին, որ ցուցարարներ քաղաքին կեդրոնի շքեղ մասը հրոյ ճարակ դարձուցած էին եւ կառքով քաղաքի կեդրոնը գացողներու վրայ ալ յարձակումներ կը գործէին:

Կացութիւնը վտանգաւոր էր եւ այդ պատճառաւ ալ, դպրոցին երեք օթոպիւսները, մայթին առջեւ կը սպասէին եւ չէին համարձակեր աշակերտները տուն փոխադրել:

Արդէն անոնցմէ առաջին մեկնողն ալ, ճամբան յարձակում կրելով, հազիւ կրցած էր վերադառնալ եւ աշակերտները ետ դպրոց բերել…:

Կացութիւնը մտահոգիչ էր եւ բոլորս ալ «Ինչպէ՞ս տուն պիտի հասնինք» կը մտածէինք:

Երբեմն-երբեմն դպրոցին երկաթէ գոց դարպասը դուրսէն կը ծեծէին, եւ ծնողներէն դպրոցին մօտ բնակողները, կամ ալ լուր առնողները կու գային, եւ իրենց զաւակներուն հետ ուրիշներ ալ կը տանէին:

Դժուար ժամեր էին, բայց բոլորն ալ պատրաստ էին մէկը միւսին օգնելու:

Սակայն այն օրերու հաղորդակցական միջոցները այսօրուան պէս արագ չէին, բջիջային, համակարգիչ կամ անոնց նման ուրիշ գործիքներ ալ չկային, եւ հեռաւոր թաղերու մէջ բնակող ծնողներու լուր տալը դիւրին չէր: Մենք՝ բակին մէջ մնացողներս մտահոգ,

– Ո՞վ պիտի գայ մեզ տուն տանելու,- կը մտածէինք… կամ ալ

– Ե՞րբ մէկը պիտի գայ ու մեզ ազատէ,- հարց կու տայինք մենք մեզի, եւ աչքերնիս դարպասին յառած՝ մեր ծնողներէն մէկուն կը սպասէինք:

Բայց հարցումները մեր միտքերուն մէջ անդադար շրջան կ’ընէին ու միշտ կը կրկնուէին…

– Ո՞վ պիտի գայ… ե՞րբ պիտի գայ….ո՞վ պիտի գայ…

Երկաթէ դարպասին վերջին բացուելուն շատ ժամանակ չէր անցած, երբ անգամ մըն ալ զարնուեցաւ, եւ կիսաբաց դրան սեմին յանկարծ ինծի ծանօթ դէմք մը երեւցաւ:

– Պրն Մարտիրո՜սը… խորհեցայ եւ միտքս վայրկենաբար դադրեցաւ հարցումէ հարցում ցատկելէ…:

Կարճահասակ, ճերմակ մազերով նիհար պրն Մարտիրոսը, մեր դրացին էր: Ան եկած էր ինձմէ երկու կամ երեք տարեկան փոքր իր զաւակը՝ Նուպարը, տուն տանելու:

Դարպասի առջեւի մայթին վրայ,

– Տեսէ՛ք տղաք,- ըսաւ ան Նուպարին, եղբօրս եւ ինծի,- կառքով կամ թաքսիով կարելի չէ տուն երթալ: Մենք պիտի փորձենք քալելով տուն հասնիլ, բայց չըլլայ որ ձեզմէ մէկը ձեռքս ձգէ կամ քովէս հեռանայ…:

Դպրոցէն մինչեւ մեր տունը , մօտաւորապէս քառասուն վայրկեանի հեռաւորութիւն էր քալելով, բայց ճամբու կէսին մօտերը, ստիպուած պիտի ըլլայինք էինք քաղաքին մէջի հրդեհ եղած մասէն անցնիլ:

Մենք այն օրուայ ամէն կողմ ծաւալած հրդեհներու մասին ճիշտ գաղափար չունէինք, եւ կացութեան ծանրութեան մասին միայն իրազեկ դարձանք, երբ Սոլիման Փաշայի խաչմերուկէն անդին, Rue Fuad ի վրայ գտնուող շքեղ վաճառատուներուն մօտեցանք:

Հոն փողոցին մէջ աննկարագրելի իրարանցում կը տիրէր եւ խելագարած ամբոխ մը, մինչեւ Էզպէքիայյի պարտէզին մօտերը գտնուող օտարականներու պատկանող բոլոր շքեղ եւ մեծ վաճառատուները արդէն կրակի տուած էին:

Բոցերը մեծ հաստատութիւններու բարձր պատերը կը լզէին: Chemla, Sicurel, Orecco մեծ վաճառատուներու շէնքերը կրակներու մէջ կը ճարճատէին եւ կառոյցները տաքութեան չդիմանալով կը փլէին ու շռնդալից աղմուկով փողոցի մայթերուն վրայ կ’իյնային:

Կատղած՝ ամբոխը կարծես կորսնցուցած ըլլար իրականութեան գիտակցութիւնը, երկաթէ ձողերով ու փայտերով անկաշկանդ կը յարձակէր, աննախընթաց թափով ապակիներ կը փշրէր, դռներ կը կոտրէր, ու անարգել կը կողոպտէր օտարականներու պատկանող շքեղ խանութները:

Ուրիշներ, բարկութեան եւ զայրոյթի աղաղակներով, փողոցին մէջ խանութէ խանութ կը վազէին եւ առջեւնին հանդիպած ամէն ինչ, գոռում-գոչումներով անխնայ կը կոտրէին ու կը փշրէին:

Կեանքը ոչինչ կ’արժէր փողոցին մէջ այդ ժամուն, եւ ծննդավայրի սէրն ալ իմաստէ բոլորովին զուրկ դարձած էր խուժանի վայրագութեան եւ վախի զգացումներուն դիմաց:

Սակայն ահռելի էր խանութները քանդելու տեսարանը: Իսկ խելագարած ամբոխին մէջ, վրէժի կամ մոլեռանդութեան չափ ու սահման դնող չկար:

Վաճառատուներու երկրորդ եւ երրորդ յարկերէն, ցուցափեղկերու ջարդուած ապակիներ, զգեստներ ցուցադրելու մանեքիններու մամիններ կամ թեւեր ու գլուխներ, ասֆալթին վրայ շռնդալից կ’իյնային ու կը ջախջախուէին:

Փողոցին մէջ վիրաւորուելու վտանգը մեծ էր, եւ մինչեւ իսկ ճամբան շեղելու եւ Ֆուատ Ա.ի մօտիկ կամ զուգահեռ փողոցներէն անցնիլն ալ ապահով չէր:

Սակայն ուրիշ ճամբաներ շատ չկային: Մենք ստիպուած, երբեմն անցանք փողոցին դժուար մասերէն, քալեցինք բոցերու մօտէն, եւ մեր այտերը յաճախ կարմրեցան ու աչքերն ալ արցունքոտեցան…:

Բայց Պրն Մարտիրոսը միշտ մեր քովն էր, մեր ձեռքէն բռնած կը քալէր ու մենք այնպէս կը զգայինք, որ բոլորիս ապահովութեան պաշտպանը ինքն էր:

Երբ կարելի ըլլար ճամբան կը փոխէր, յարաբերաբար աւելի հանդարտ փողոցներէ կ’անցնէինք, սակայն ինք, դպրոցի մայթին վրայ մեզի տուած իր պատուէրը չէր մոռնար եւ ամէն քայլափոխի

– Տղա՛ք, ուշադրութիւն ըրէք, քովէ՛ս քալեցէք ,- կը կրկնէր շարունակ:

Ես քովէն չէի հեռանար, ձեռքն ալ չէի ձգեր, բայց ամէն անգամ իր ըսածը լսելուս

– Այս պրն Մարտիրոսը ինչո՞ւ համար ըսածը միշտ կը կրկնէ,- կը հարցնէի ինքզինքիս…:

Բոցերու տաքութենէն, փողոցին մէջ տիրող իրարանցումէն եւ խուժանին աղմուկէն ես յոգնած կը զգայի:

Կ’ուզէի ժամ առաջ տուն հասնիլ, ազատիլ այդ բոլորէն եւ հանգստանալ, բայց ճամբան անվերջանալի կը թուէր ու ես

– Այս բոլորը ե՞րբ պիտի վերջանայ,- հարց կու տայի ինքզինքիս յուսահատօրէն…:


Քաղաքին շքեղ մասի սրտին հրկիզումը, կէսօրէ վերջ ժամը երկուքի կամ երեքի մօտերը սկսած էր, բայց մինչեւ արեւին հորիզոնին վրայ անհետանալու մօտիկ ժամերուն, երբ բանակը փողոց իջաւ, կռիւը դեռ չէր դադրած եւ խռովարարները զսպելու գործն ալ յայտնի դարձաւ, որ դեռ երկար պիտի տեւէր…:

Ես այդ ժամուն, երեսս պատշգամի ճաղերուն փակցուցած՝ յոգնած եւ կիսախուփ աչքերով, անկիւնի սրճարանի կէս մարած լոյսերը կը դիտէի եւ հրացաններու հեռուէն եկող թքթքոցին կը հետեւէի:

Հրացանաձգութիւնը երբեմն կը տարածուէր, կը զօրանար, ու կարծես պահ մը յետոյ, աւելի հեռու տեղերէ կը լսուէր:

Ես ուժասպառ էի եւ երգի մը հեռացող եղանակին չափ տկար կը զգայի:

Ո՞րքան տեւեցին հրացանաձգութիւններու ձայները չեմ յիշեր, բայց հանգստանալու համար երբ վայրկեան մը պատշգամի փայտէ յատակին երկնցայ, եւ գիշերուայ հեռացող տաքութեան մէջ կիսախուփ աչքերով երկինք նայեցայ, ինծի այնպէս թուաց այդ պահուն, թէ վերի անծայր երկնքին վրայ գիշերուայ մեծ հանդէս տեղի կ’ունենար, եւ խումբ մը պսպղուն բայց դողդոջուն աստղեր, փչող հովերու դէմ լոյսերու մարմրուքով օրօրուելով կամ պարելով, ուրիշներու հետ ի՛մ ալ վերածնունդի գիշերս կը տօնէին…:

Սակայն ես քուն ունէի: Օրուան դէպքերը եւ հրդեհները զօրաւոր ազդած էին վրաս, ու ես կը զգայի, որ կոպերս սկսած էին ծանրանալ:

Յանկարծ պատշգամի ճաղերէն զով հով փչել սկսաւ, ու ես կէս քուն-կէս արթուն վիճակի մէջ, ուզեցի պահ մը մոռնալ հրդեհները, եւ երթալ ու կորսուիլ վերի ուրախ մթնոլորտին մէջ, խառնուիլ զիլ ու զուարթ փսփսացող ձայներու, ու յետոյ ալ աստղերու կապոյտ լոյսերուն մէջ նաւարկելով, հասնիլ հեռու գտնուող խաղաղ երկիրներ, ուր արշալոյսի զով ժամերուն, օրերը նոր ու գեղեցիկ երգերով կը սկսէին…:

– Կարելի՞ էր արդեօք յուսալ կամ գոնէ երազել , որ այդ տեսակ բաներ օր մը իրականութիւն դառնային …:

Չէի գիտեր:

Գիտէի միայն, որ դեռ պզտիկ էի, եւ կ’ուզէի շուտ մեծնալ որպէսզի աշխարհի խաղաղ կողմերը շուտ հասնէինք:

Սակայն դեռ կանուխ էր: Կեանքը օրերու իր մեծ տետրակին էջերը դանդաղ կը դարձնէր, ու հոն գրուած ու միայն իրեն յայտնի եղած գաղտնիքներն ալ, անակնկալներով կը սիրէր բացայայտել:

Մենք տասը տարիներ սպասեցինք այդ անակնկալին, եւ միայն 1962 ին, գացինք հեռաւոր երկիր մը, հոն անոր երկնքին տակ խաղաղ օրեր ապրելու եւ օրուան մէջ ալ փայլուն արեւով տարին ամբողջ տաքնալու…:

Սակայն օրուայ վերջաւորութեան, երբ կլոր արեւը մայրամուտերու ժամանակ իր փայլը կը կորսնցնէր, ու յետոյ ալ լոյսը հետը տանելով յանկարծ կ’անհետանար, ես յաճախ դեռ երկինքի պսպղուն աստղերուն մէջ հին օրերս կը փնտռէի եւ պրն Առաքել Տրդատեանը, Յարութիւն Տէյիրմենճեանը ու Գահիրէի հովերուն դէմ մարմրուքով օրօրուող աստղերուն վերածնունդիս գիշերուայ պարերը կը յիշէի…:

Քամփինաս, Պրազիլ
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին