Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022, կէսօրէ ետք ժամը 4֊ին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի կազմակերպութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Լիբանան ժամանած, Գերշ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաբայեանի՝
Լուսարարապետ, Վանական խորհուրդի ատենապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ Գերշ. Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանի, Առաջնորդ Արցախի թեմի, Ռմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահը լեցուն էր հաւատացեալներով։ Ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Տանձիկեան, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի անունով բարի գալուստ մաղթեց հայրենիքէն ժամանած հոգեւորականներուն, ինչպէս նաև բոլոր ներկաներուն։ Ան ձեռներէցօրէն վարեց շուրջ մէկ ժամ տեւող յայտագիրը։
Սրբազան հայրերը ներկաներուն ծանօթացուցին իրենց գործունէութեան և կատարած աշխատանքներուն։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մաս կազմեցին
Անի Եփրեմեան և Գէորգ Քէշիշեան՝ արցախեան ասմունքներով և տուտուկի նուագով։
Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Սրբազան հայրերուն։ հանդիպումը փակուեցաւ Պահպանիչով։
Շնորհակալութեան խօսք բոլորին, ի մասնաւորի՝ բարերարներուն, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանին, Տիկնանց միութեան վարչականներուն, թաղական խորհուրդի անդամներուն, որոնք սիրայօժար աջակցեցան ձեռնարկին յաջողութեան։