Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

«Ով, Որ Քաջ Է Ի՞Նչ Կը Սպասէ»

Տեսանկիւն

Վերջերս քաղաքական սուր օրակարգի նիւթ հանդիսացաւ Արցախի Հանրապետութեան Բերձորի շրջանը, ըստ պայմանաւորուածութեան,  թշնամիին յանձնելու լուրը, որ լրատուական թեմայէն անդին ալ անցնելով, հաստատուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ:

Ցաւալի իրականութիւն է Հայրենիքէն կտոր մը եւս կորսնցնելը: Սակայն չկայ որոշում կամ կարգադրութիւն, որ կարելի չէ շրջանցել ժողովրդային պնդումով ու կամքով:

Բերձորը այսօր կարիքը ունի իւրաքանչիւր հայորդիի: Բերձորը պէտք է պահել այսօր, որպէսզի ապագային ստիպուած չըլլանք իր կորուստին նուիրուած բանաստեղծութիւններ գրելու…:

Հեռակայ հայրենասիրութիւնը, այստեղ ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Հայրենիքը կարիքը ունի գործնական հայրենասէրներու:

Իւրաքանչիւր հայորդիի պարտքն է այսօր զօրակցիլ, ըստ ամօթալի պայմանաւորուածութեան մը թշնամիին յանձնուելու ծրագրի զոհ՝ Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի, Աղաւնօ ու Սուս գիւղերուն քաջարի բնակիչներուն:

Նկարին մէջի Հայ փոքրիկը՝ Յարութիւն Յարութիւնեանն է: Ծանօթացէ՛ք այս մանչուկին: Ան բնակիչն է Աղաւնօ գիւղին: Ան իր ընտանիքով ու հարեւաններով կը պայքարի մնալ իր գիւղին մէջ եւ այնտեղ ապրիլ ու ստեղծագործել:

Մեզմէ ոեւէ մէկուն կեանքը աւելի թանկ չէ քան Յարութիւնինը: Ամառուայ եղանակին դէպի Թուրքիոյ «տեսարժան» վայրերը զբօսաշրջութիւն ծրագրող կամ Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի քաֆէներուն մէջ հայրենասիրութիւն ընող հայերուն, այս սիւնակով այսօր, կոչ կ՛ուղղեմ փոխարէնը այցելել Արցախ ու ծանօթանալ Բերձորի բնակիչ Յարութիւնին, իր հասակակիցներուն ու իրենց ծնողներուն:  Ամէն միջոցներով խրախուսել անոնց կառչած մնալու հայրենի հողին:

«Ով, որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ»:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին