Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

59 Փոքրիկներ Մեսրոպեան Վարժարանի Ներկիզեան Մանկամսուրէն Անցան Մանկապարտէզ

Լիբանանահայ Դպրոց

Չորս տարուան մէջ կրկնապատկուած թիւ մը.

24 Յունիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը, որ մօտ մէկ ժամ ներկաները փոխադրեց մանկական անմիջականութեան գեղեցիկ աշխարհը՝ պարերով, երաժշտութեամբ, թատերական պատկերներով եւ վառ գոյներով առլեցուն:

2021-2022 տարեշրջանի աւարտին, Ներկիզեան մանկամսուրին հրաժեշտ տուին 59 փոքրիկներ. այս թիւը կրկնապատիկն է 2018-ին մանկամսուրը աւարտած փոքրիկներուն: Անոնք յառաջիկայ տարեշրջանին իրենց առաջին քայլերը պիտի կատարեն կրթութեան մէջ, որպէս բողբոջ դասարանի աշակերտներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ մանուկները կը նմանին փոքրիկ հունտերու, որոնք աճելով կոչուած են դառնալու ծառեր: Ներկիզեան մանկամսուրին մէջ աշխատանք կը տարուի, որ այդ հունտերէն բարձրանան հաստատուն ծառեր,այսինքն, հիմքերը դրուին ապագայ մարդուն, որ պիտի ըլլայ ազատ, անկախ, ինքնաբաւ, ինքնավստահ եւ նախաձեռնող: Տիկին Թամար գոհունակութիւն արտայայտեց, որ մանկամսուրի անձնակազմը այս տարի եւս ջանադրաբար կատարեց իր պարտականութիւնը, որպէսզի մանուկները դաստիարակուին հայ տիպար քրիստոնեայի արժէքներով, միաժամանակ զարգացնելով անոնց միտքն ու գիտելիքները:

Մանկամսուրի տարբեր տարիքի մանուկները ներկայացուցին 4 առանձին պարեր` բծախնդրութեամբ պատրաստուած: Ներկաներուն մեծագոյն հաճոյք պատճառեց “Պապիկն ու Շողգամը” պարային թատրոնը, որուն միջոցով փոքրիկները պատմեցին միասնութեան գաղափարին նուիրուած ծանօթ պատմութիւնը:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկամսուրի պատասխանատուին եւ անձնակազմի անդամներուն աշխատանքը, որ ներկայ պայմաններուն համեմատ արդիւնաւորուեցաւ հրաշքի մը կարեւորութեամբ: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ մանկամսուրի մանուկները հանրութեան առջեւ կը ներկայանան աւելի ինքնավստահ եւ ուրախ քան երբեք, ինչ որ ինքնին կը բնորոշէ այն կրթական միջավայրը, ուր անոնք կազմաւորուեցան անցնող տարիներուն: Պարոն Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեղցւոյ ժողովրդապետութեան հոգեւորականներուն, ծնողներուն եւ Մեսրոպեանի բարեկամներուն, որոնք զօրակցեցան վարժարանին, բոլորելու համար տարի մը եւս՝ գոհացուցիչ արդիւնքներով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին