Տեսանկիւն
Արդէն շաբաթ մը անցած է 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն, որուն արդիւնքներն ու անոնց մանրամասնութիւնները պաշտօնապէս հրապարակուած են:
Յաջողութիւն ընտրուած հայորդիներուն նոր խորհրդարանին շեմէն ներս, իսկ անոնք այս անգամ չյաջողեցան խորհրդարան մուտք գործել, յաջորդ ընտրութիւններուն համար անոնց կը մաղթենք լաւագոյնը:
Իւրաքանչիւր միջոցառում բացի յաղթանակի կամ ձախողութեան զգացումներէն իր ետին պէտք է ձգէ քաղուելիք դասեր: Սորվելու ատակ անձեր կամ կողմեր լաւագոյնս կ՛օգտուին այդ դասերէն իսկ անոնք, որոնք իրենց ժամանակը պիտի վատնեն ինքնարդարացումներով եւ քուէարկող կամ չքուէարկող ժողովուրդը մեղադրելով, ապա այդ անձերուն կամ կողմերուն քաղաքական ապագան հարցական կրնայ դառնալ շուտով:
Նկարի տախտակին մէջ տեղադրած ենք վերջին ընտրութիւններուն յաջողած հայորդիներուն անուններն ու ընտրութիւններուն հետ կապուած տուեալներ, համեմատական մը ստեղծելով 2018-ի եւ 2022-ի ընտրութիւններու արդիւնքներուն միջեւ:
Նշեալ չոր տուեալները շատ բան կ՛ըսեն, այս անգամուայ համար առանց յաւելեալ մեկնաբանութեան:
Մինչ տուեալները կ՛ըմբոշխնուին, մեր յաջորդ թիւի սոյն սիւնակը պիտի տրամադրենք վերի տուեալներու քննարկումին ու վերլուծումին եւ ոչ միայն:
Ցտեսութիւն: