Շաբաթ, 25. 03. 2023

Յակոբ Յակոբեան (գեղանկարիչ)

Յակոբ Տիգրան Յակոբեան (24 Մայիս 1923, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս – 9 Մարտ 2013, Երեւան, Հայաստան), գեղանկարիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ, պետական մրցանակի դափնեկիր, ՀԽՍՀ ԳԽ պատգամաւոր (1967-1971)։

Յակոբեան ժամանակակից հայ նկարչութեան հանրաճանաչ, լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն է: Մաս կը կազմէ Գառզուի եւ Ժանսէմ-ի սերունդին: Սերունդ մը, որ կը յաջորդէ Մեծ եղեռնին եւ կը կրէ որբութեան կնիքը իր սրտին մէջ:

Յակոբ Տիգրան Յակոբեան ծնած էր Եգիպտոս. աւարտելէ ետք Աղեքսանդրիոյ վարժարանը, յաճախած էր Մելգոնեան վարժարանը: Իր մասնագիտական ուսումը ստացած էր նախ Գահիրէի Գեղարուեստի ակադեմիոյ, ապա Փարիզի Աքատեմի տը լա կրանտ Շոմիէրի ակադեմիոյ մէջ:

{{քաղուածք|Ես Աղեքսանդրիա ծնած եմ, 11 տարեկան էի երբ հայրս մահացաւ, ու մեր ընտանիքը ինկաւ նիւթական դժուարութեան մէջ… շա՜տ դժուար: Մայրս մեզ պէտք էր հոգար, քոյր մը եւ եղբայր մը ունէի ինձմէ մեծ: Այդ թուականներուն, երեսունականներուն, կիները չէին աշխատեր, բայց մայրս սկսաւ աշխատիլ: Համոզեցի զինք որ զիս Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն գիշերօթիկ դպրոց ղրկեն, այն մտայնութեամբ, որ թէ կրթութիւն կը ստանայի, եւ թէ ալ բեռ մը պակաս կ՛ըլլար իրենց համար ։

{{քաղուածք| Այդ ձեւով Մելգոնեան հասայ, եօթը տարի Մելգոնեան մնացի, մէկ ընդմիջումով միայն: Մելգոնեանը չաւարտեցի, կիսատ մնաց, չկրցայ տակէն դուրս գալ, չէի դիմանար առանձնութեան, ընտանիքէս հեռու, յետոյ դպրոցը… աւելի մեղմ ասած, գեթօ մըն էր, թէ ինչ ուզէին այդ պէտք էր ըլլար: Այդ ժամանակ դպրոցը բաւական մեծ տարածութիւն ունէր, փշալարելով… ոչ թէ ուսանողներուն համար, այլ որպէսզի դուրսէն օտարներ չմտնեն ներս, թէեւ Կիպրոսը այնքա՜ն խաղաղ է եւ բարի ժողովուրդ ունի, իսկ դպրոցը քաղաքէն հեռու էր եւ երբ դուրս ելլէինք, երթալու տեղ չկար: Ամայի տարածութիւններ էին: Հիմա այդ Մելգոնեանը քաղաքի կեդրոնն է:

40 տարեկանին ներգաղթած էր Հայաստան ու մինչեւ իր մահը ստեղծագործած էր հայրենիքին մէջ` դառնալով անոր երախտաւոր զաւակներէն մին:

{{քաղուածք|Հինգ տարեկան էի, օր մը հայրս զիս իր գիրկը առաւ եւ թուղթի մը վրայ նապաստակ մը նկարեց: Ես զարմացայ, որովհետեւ առաջին անգամ կը տեսնէի, թէ ինչպէս մարդ բան մը կրնայ նկարել: Առաջին նկարչութիւնն էր որ կը տեսնէի թուղթի վրայ։ Դառնալով ինծի ըսաւ. “Դուն ալ կրնա՞ս նկարել“: Ես ալ առի թուղթը, նկարեցի, զգացուեցաւ: Եւ ես ալ զարմացայ, թէ ինչպէս որ ինքը նկարած էր, ես ալ կրցայ նոյնը ընել: Փաստօրէն առաջին նկարս նկարեցի, եւ հայրս նշմարեց, որ ես որոշ հակում ունիմ նկարչութեան հանդէպ… եւ այդ առնչութեամբ սկսաւ գուրգուրանք ցուցաբերել: Հոնտեղէն սկսաւ նկարելու սէրս:

Յակոբեանին նկարչութիւնը էապէս գծային է եւ ունի բարձր մակարդակ: Տեւապէս` կատարելութեան ձգտող: Լաւագոյնս կը գործածէ դասական նկարչութեան կանոնները, որոնք հիմնուած են բնութեան յաւիտենական օրէնքներուն վրայ. հեռաւորութիւն, ծաւալներու գործածութիւն, առանց ծանր զանգուածներու մէջ իյնալու` ամուր գծագրութիւն, նուրբ եւ զուսպ, մոխրաւուն գոյներ:

Բնութենէն առնուած տեսարանները կամ երեւոյթները Յակոբեան կը զտէ, կը վերակազմակերպէ, կը յղկէ եւ կու տայ անձնական իր կնիքը իւրաքանչիւր առարկայի` հասցնելով զանոնք բիւրեղացման: Յակոբեան կը սիրէ գոյնի հարթ քսուածքը, սակայն, ի պահանջել հարկին, կը գործածէ նաեւ ստուերը, միշտ պահելով մակերեսի մաքրութիւնն ու թեթեւութիւնը:

Կ՛ուզէ, որ ամէնէն յետին մանրամասնութիւնն անգամ հնազանդի իր օրէնքներուն, պահէ իր տեղն ու կշռոյթը պաստառին վրայ։ Ո՛չ մէկ պատահականութիւն, ո՛չ մէկ զիջում: Կ՛ուզէ, որ իր պաստառները ողողուած ըլլան մեղմ ու ծփացող երանգներով եւ ունենան ապակիի մը թափանցիկութիւնը: Որքան ալ իր էութիւնը կրէ տագնապներ ու յուսախաբութիւններ, ան կ՛ուզէ ըլլալ զուսպ, անխռով եւ ներդաշնակ:

Յակոբեանի արուեստը կ՛իյնայ, յետ Բ. Համաշխարհային պատերազմի Ֆրանսիս Կռիւպերով եւ Պեռնար Պիւֆէյով շարունակուած թշուառապաշտութեան եւ կը յատկանշուի պատերազմի արհաւիրքներէն հալածական, մահուան մղձաւանջով ապրող մարդոց ապրումներով։

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին