Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Էրտողանին Բախտը Բացուեցաւ

Տեսակէտ

Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երկար ժամանակէ ի վեր մղձաւանջներու մէջ է, կը տառապի շատ մը ներքին ու արտաքին ճգնաժամերու պատճառներով:

Թուրքիոյ պարտքերը միջազգային դրամատուներուն, երկրի տնտեսական սուր տագնապը, թրքական լիրայի արժէքի շարունակական անկումը, երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան մասի քիւրտերու պայքարը, Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը եւ այլ ուրիշ ներքին պատճառներով, Էրտողան մեծ տագնապի մէջ է։

Ներկայիս ան շատ դժուար պահեր կապրի՝ ցոյցերու, ժողովրդական զայրոյթի և երկրի աճող ընկերային ու քաղաքական լարուածութեան եւ տնտեսական փլուզումի զուգահեռ. ներքին հարցերը ցոյց կու տան, թէ թուրքերու 64%-ը համոզուած են, որ Էրտողանը կարող չէ վերահսկել և զսպել երկրի տնտեսական խնդիրները։ Ան բանտարկած է հազարաւոր մարդիկ, որոնք չեն աջակցած իր քաղաքականութեան, որոնցմէ վերջինը Օսման Քաւալան է։

Ներքին ընդդիմադիր ուժերը՝ գլխաւորութեամբ՝ ամենամեծ ընդդիմադիր կուսակցութեան, Ժողովրդա-հանրապետական ​​կուսակցութիւնը եւ իր ղեկավար Քէմալ Քըլըչդարը, նաեւ Էրտողանի հին ընկերները Ահմէտ Տաւուտօղլու, Ալի Պապաճան եւ ուրիշներ կը պատրաստուին զինք հեռացնել 2023 թ. կայանալիք ընտրութիւններու յաղթանակէն։ Էրտողան արդէն խմեց դառնութեան առաջին բաժակը, երբ իր Արդարութիւն և Զարգացում կուսակցութեան թեկնածու Բին Ալի Եըլտըրըմի պարտուեցաւ Յունիս 2019 թ.-ին Իսթանպուլի քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն՝ Ժողովրդա-հանրապետական ​​կուսակցութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլու դէմ։

Էրտողանի արտաքին գլխաւոր հարցերը իր անդամակցած կազմակերպութեան ՆԱԹՕ-ի (NATO) հետն է. Ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը, որուն հետեւանքով ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ կիրառեց Թուրքիոյ պաշտպանական հատուածի նկատմամբ եւ անոր դուրս հանեց ռազմավարական F-35 կործանիչներու ծրագիրէն.

Անոր յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ շատ վատ եղան երբ ան երկար ժամանակ սպառնաց Կիպրոսին և Յունաստանին, փախստականներ բաց թողեց դէպի Եւրոպա, բախումներ ունեցաւ Ֆրանսայի հետ Լիպիոյ հարցով եւ ընդհանրապէս անոր յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի և Եւրոպայի հետ անկումի մէջ էին արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ իր՝ կրօնքի վրայ հիմնուած կոպիտ մօտեցումին համար:

Իսկ Մերձաւոր Արևելքի մէջ Իսրայէլի հետ անոր վատ յարաբերութիւնները, Իխուաններու եւ այլ պատճառներով Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու, եւ Եգիպտոսի հետ թշնամական յարաբերութիւնները, բոլորը տկարացուցին Էրտողանի դիրքը շրջանին մէջ։

Էրտողան նախապէս փորձեց Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնեցնել՝ արաբները շահագործելով, սակայն Սիւննի Թուրքիան եւ Ուահապի Սէուտական Արաբիան, թէեւ երկուքն ալ մահմետական են սակայն անոնք տարբեր յարանուանութիւններու կը պատկանին. Սէուտական Արաբիան՝ իր քարիւղի հսկայ հարստութեամբ եւ իսլամական ամենակարեւոր սրբավայրերով՝ Մեքքայով, Մետինէյով, եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները՝ իր հսկայ հարստութեամբ, Եգիպտոսը իր ծանրակշիռ դիրքով դէմ են Էրտողանի ծրագիրներուն։

Ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ էր որ Թուրքիան միջազգայնօրէն մեկուսացուած էր։

Եւ վերջապէս Էրտողանի բախտը բացուեցաւ,

Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ հնարաւորութիւն տուաւ Թուրքիոյ, որ ան խաղաղութեան միջնորդի դեր կատարէ երկու կողմերէն ընդունուած ըլլալու, եւ յաջողեցաւ անոնք միասին մէկ սեղանի բերել Իսթանպուլի մէջ. այդպէսով ան ուզեց շրջանի մէջ ազդեցիկ դեր ունենայ իբր ազատ մեծ պետութիւն եւ ոչ թէ սառը պատերազմի ժամանակի նման, ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամներու պատնէշը Ռուսաստանի դէմ:

Գիտակցելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը դէպի Եւրոպա ուղղուած քարիւղի եւ կազի կարևոր ուղիները, եւրոպացիները» մէկ կողմ ձգած են իրենց հակակրանքը Էրտողանի նկատմամբ, նմանապէս ԱՄՆ-ը բաւականին մեղմ քաղաքականութիւն կը վարէ անոր հանդէպ մէկդի դնելով իր անհամաձայնութիւնները Էրտողանի հետ:

Ներկայիս Թուրքիոյ դերը Ռուսաստանի և Ուքրանիոյ միջև խաղաղութիւն հաստատելու համար, որ հիմնուած է Թուրքիոյ եզակի դիրքի վրայ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ, ուր լաւ կապեր ունի երկու երկիրներուն հետ, բարձրացուց թրքական դիւանագիտութեան հեղինակութիւնը, նոյնպէս Էրտողանինը, եւ այս բոլոր զարգացումները մղեցին զինք, որ իր հաշիւները դարձեալ ստուգէ:

ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւնները մեղմացնելէ ետք ան անդրադարձաւ տարածաշրջանի խոշոր երկրներուն. Թուրքիոյ աճող մեկուսացումը և տնտեսական լուրջ դժուարութիւնները ստիպեցին Էրտողանին որ բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ՝ եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն հետ։

Փետրուարին՝ Էրտողան Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու պաշտօնական երկօրեայ իր այցի ընթացքին ստորագրեց 13 համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին ներդրումներու, արդիւնաբերութեան, արուեստագիտութեան, պաշտպանութեան, եւայլն։

Մարտին՝ Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոգ Թուրքիա այցելեց եւ ան Էրտողանի հետ այդ այցը «շրջադարձային կէտ» համարեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ։

Այսպէս դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահը Թուրքիոյ մէջ.

Իսրայէլի նախագահ Հերցոգը յոյս յայտնեց, որ տարաձայնութիւնները կը լուծուին «փոխադարձ յարգանքով»՝ ըսելով «Մենք բոլորս Աբրահամի զաւակներն ենք»։

Իսրայէլի հետ ամենակարեւոր քննարկուած կէտը Արևելեան Միջերկրական ծովի թղթածրարը և Իսրայէլէն Եւրոպա կազատարը Թուրքիոյ տարածքով երկարացնելու նախագիծն էր, ինչպէս նաև երկկողմ յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ։

Ապրիլին՝ երկար նախապատրաստութիւններէ ետք Էրտողան այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպեցաւ Սալման իպին Ապտուլ Ազիզի թագաւորին և գահաժառանգ Մուհամէտ Իպին Սալմանի հետ, որուն Էրտողան 2018 թ. ի վեր կը հալածէր Սէուտցի լրագրող Ջամալ Խաշուքջիի սպանութեան յանցանքով Իսթանպուլի Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ։

Այսպէս խոնհարեցաւ Էրտողանը իր հալածած Սէուտիոյ գահաժառանգին դէմ.

Էրտողան աւելի քան մէկ տարի առաջ յայտարարած էր Սէուտական Արաբիոյ հետ տարակարծութիւններու էջը շրջելու իր երկրի մտադրութեան մասին և նոյնիսկ զանգահարած էր թագաւորին անցեալ տարուայ Մայիսին Ռիատ՝ հանդիպելու համար։

Մնաց Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները։

Թրքական կողմը կը շարունակէ հանդէս գալ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները  վերականգնելու նպատակով, սակայն քանի մը գլխաւոր անհամաձայնութիւններ կան երկու երկիրներու միջեւ։ Միջերկրական ծովի կազի կազմակերպութեան առնչուող բանակցութիւնները, Թուրքիոյ մէջ ապաստանած եգիպտացի «Մուսուլման եղբայրներ»ը, որոնք իբր ահաբեկչական խմբաւորում ճանչցուած են Եգիպտոսի կողմէ եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ վարձկաններու շարունակուող վէճը, առաւել Եգիպտոսը պատճառ չի տեսներ, որ Թուրքիան ռազմական ներկայութիւն ունենայ Լիպիոյ, Սուրիոյ և Իրաքի մէջ, մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդլայնողական քաղաքականութեան մասին։

Էրտողան տակաւին կը շարունակէ զէրօ թշնամի ունենալու քաղաքականութիւնը երկրի տնտեսական վիճակը բարելաւելու եւ 2023-ի կայանալիք ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելու համար, ինչպէս ան Մարտ 21-ին՝ ելոյթի մը առիթով յայտնած է որ պիտի կատարէ իր խոստումը` երկիրը դարձնելու աշխարհի լաւագոյն 10 տնտեսութիւններէն մէկը:

Թուրքերը միշտ բախտաւոր եղած են, սակայն ներկայ ժամանակները Օսմանցիներուն ժամանակները չեն:

Լոս Անճելըս
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին